Լիբանանի մէջ գրանցուած քորոնաժահրով վարակակիրներու թիւը անցաւ 300,00-ի սահմանները:
Ըստ առողջապահութեան նախարարութեան վերջին 24 ժամերուն, Լիբանանի մէջ գրանցուեցան 2139 վարակակիրներ: 51 անձեր մահացան:
Նոյն ծիրէն ներս երէկ Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքեց Լիբանանի խորհրդարանի ամենատարեց անդամը՝ ծանօթ քաղաքական յայտնի գործիչ՝ Միշէլ Մըրը։
Երկար տարիներէ ի վեր Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Միշէլ Մըր զբաղեցուցած է բարձրագոյն պաշտօններ, տարբեր առիթներով ալ դառնալով ազդեցիկ նախարար։
Մըր, որ անդամ է Լիբանանի յոյն ուղղափառ համայնքին, կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած է մասնաւորապէս 1990 թուականէն ետք, երբ կարեւոր կապ հանդիսացած է մէկ կողմէ Լիբանանի մէջ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող սուրիացի պատասխանատուներուն եւ միւս կողմէ ալ՝ քրիստոնէական կողմերու միջեւ։
Մըր ունի երեք զաւակներ՝ Միրնա, Լէա եւ Էլիաս։
Միշէլ Մըր մահացաւ 89 տարեկան հասակին։