Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ վերջերս տեղեկացուցին, որ Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շրջաբերական մը յղած է իր գլխաւորած ուժերուն սպաներուն եւ զինուորներուն՝ նշելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէնի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին։
Այս լուրին լոյսին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ, իր խօսքը ուղղելով Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու ընդհանուր տնօրէն՝ զօր. Իմատ Օսմանին:
Իր խօսքին մէջ ընկ. Յակոբեան յատկապէս նշած է. «Մինչ Լիբանանի մէջ թրքական ներկայութիւնը օրըստօրէ կը փորձէ աւելիով արմատաւորուիլ, Ձեր շրջաբերականը մեզի համար լուրջ մտահոգութիւն է: Գնահատելով հանդերձ Ձեր ջանքերը Լիբանանի զինեալ ուժերու՝ Ձեր գլխաւորած բաժանմունքին աւելի եւս զարգացումին եւ վերապատրաստութեան, մեզի համար հարցական է, թէ ինչո՞ւ յատկապէս թրքերէն լեզուի իմացականութեան կարեւորութիւնը կը տեսնուի այսօր: Մեզի համար աւելի հասկնալի կ՛ըլլար այս պարագան եթէ թրքերէնը միջազգային կամ համացանցային հիմնական լեզուն ըլլար, կամ բացառապէս թրքախօս համայնք մը գոյութիւն ունենար Լիբանանի մէջ, որոնց հետ պետական կառոյցներու շփումը հեշտացնելու միտէր այս կարգադրութիւնը:
Շրջաբերականին մէջ կար մեզի համար մտահոգիչ այլ երեւոյթ մը եւս, որ վստահ ենք, թէ Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու տնօրէնութիւնը գործնական ըլլալու համար եւ նաեւ բարեմտութեամբ նշած էր, մինչ թուրքին մեր լաւ ճանաչողութեամբ՝ այդ մէկը մեզի եւ համայն լիբանանցիներուն համար աւելի քան մտահոգիչ կրնայ ըլլալ: Շրջաբերականը կը թելադրէ սոյն դասընթացքով հետաքրքրուած զինուորականներուն, նշեալ ժամկէտի մը մէջ իրենց անձնական տուեալները՝ անուն, զինուորական աստիճան, հեռախօսի թիւ, ելեկտրոնային նամակի հասցէ, եւայլն փոխանցել՝ ուղղակիօրէն թրքական դեսպանատան հետ կապուած ելեկտրոնային հասցէի մը:..: Այլ խօսքով՝ նշեալ հասցէին, Եաւուզ Թաստեմիր կոչեցեալ թուրք պետական պաշտօնեան՝ Լիբանանի զինեալ ուժերու որոշ թիւով անդամներուն ուղղակի կապերը պիտի ունենայ իր տրամադրութեան տակ, որ կարելի է անշուշտ թրքական պատկան մարմիններու կողմէ ի պահանջեալ հարկին գործածուի, ոչ միայն տուեալ զինուորականներուն լեզուական զարգացումին համար…»:
«Մինչ թրքական զինուորական միջամտութիւններն ու ծաւալապաշտական նկրտումները այսօր, Մերձաւոր Արեւելքն ալ շրջանցելով հասած են Լիպիա եւ Հարաւային Կովկաս, մենք կը հաւատանք, որ թրքական կողմէն նման դասընթացքներու առաջարկ եւ մատակարարում կարելի չէ անմեղ համարել: Մենք մտահոգ ենք, որ Թուրքիա կրնայ մօտիկ ապագային Լիբանանի ազգային ապահովութեան վտանգ սպառնալ, որուն հանդէպ վստահ ենք, որ Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու տնօրէնութիւնը, բնականաբար եւ ի պաշտօնէ, մեզմէ աւելի աչալուրջ է եւ հետեւողական». իր խօսքը եզրափակած է ընկ. Յակոբեան: