Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մենք Մտահոգ Ենք, որ Թուրքիա Կրնայ Մօտիկ Ապագային Լիբանանի Ազգային Ապահովութեան Վտանգ Սպառնալ. Սեւակ Յակոբեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ վերջերս տեղեկացուցին, որ Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը  շրջաբերական մը յղած է իր գլխաւորած ուժերուն  սպաներուն եւ զինուորներուն՝ նշելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէնի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին։

Այս լուրին լոյսին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան  յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ,  իր խօսքը ուղղելով Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու ընդհանուր տնօրէն՝ զօր. Իմատ Օսմանին:

Իր խօսքին մէջ ընկ. Յակոբեան յատկապէս նշած է. «Մինչ Լիբանանի մէջ թրքական ներկայութիւնը օրըստօրէ կը փորձէ աւելիով արմատաւորուիլ, Ձեր շրջաբերականը մեզի համար լուրջ մտահոգութիւն է: Գնահատելով հանդերձ Ձեր ջանքերը Լիբանանի զինեալ ուժերու՝ Ձեր գլխաւորած բաժանմունքին աւելի եւս զարգացումին եւ վերապատրաստութեան, մեզի համար հարցական է, թէ ինչո՞ւ յատկապէս թրքերէն լեզուի իմացականութեան կարեւորութիւնը կը տեսնուի այսօր: Մեզի համար աւելի հասկնալի կ՛ըլլար այս պարագան եթէ թրքերէնը միջազգային կամ համացանցային հիմնական լեզուն ըլլար, կամ բացառապէս թրքախօս համայնք մը գոյութիւն ունենար Լիբանանի մէջ, որոնց հետ պետական կառոյցներու շփումը հեշտացնելու միտէր այս կարգադրութիւնը:

Շրջաբերականին մէջ կար մեզի համար մտահոգիչ այլ երեւոյթ մը եւս, որ վստահ ենք,  թէ Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու տնօրէնութիւնը գործնական ըլլալու համար եւ նաեւ բարեմտութեամբ նշած էր, մինչ թուրքին մեր լաւ ճանաչողութեամբ՝ այդ մէկը մեզի եւ համայն լիբանանցիներուն համար աւելի քան մտահոգիչ կրնայ ըլլալ: Շրջաբերականը կը թելադրէ սոյն դասընթացքով հետաքրքրուած զինուորականներուն, նշեալ ժամկէտի մը մէջ իրենց անձնական տուեալները՝ անուն, զինուորական աստիճան, հեռախօսի թիւ, ելեկտրոնային նամակի հասցէ, եւայլն փոխանցել՝ ուղղակիօրէն թրքական դեսպանատան հետ կապուած ելեկտրոնային հասցէի մը:..: Այլ խօսքով՝  նշեալ հասցէին, Եաւուզ Թաստեմիր կոչեցեալ թուրք պետական պաշտօնեան՝ Լիբանանի զինեալ ուժերու որոշ թիւով անդամներուն ուղղակի կապերը պիտի ունենայ իր տրամադրութեան տակ, որ կարելի է անշուշտ թրքական պատկան մարմիններու կողմէ ի պահանջեալ հարկին գործածուի, ոչ միայն տուեալ զինուորականներուն լեզուական զարգացումին համար…»:

«Մինչ թրքական զինուորական միջամտութիւններն ու ծաւալապաշտական նկրտումները այսօր, Մերձաւոր Արեւելքն ալ շրջանցելով հասած են Լիպիա եւ Հարաւային Կովկաս, մենք կը հաւատանք, որ թրքական կողմէն նման դասընթացքներու առաջարկ եւ մատակարարում կարելի չէ անմեղ համարել: Մենք մտահոգ ենք, որ Թուրքիա կրնայ մօտիկ ապագային Լիբանանի ազգային ապահովութեան վտանգ սպառնալ, որուն հանդէպ վստահ ենք, որ Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու տնօրէնութիւնը, բնականաբար եւ ի պաշտօնէ, մեզմէ աւելի  աչալուրջ է եւ հետեւողական». իր  խօսքը եզրափակած է ընկ. Յակոբեան:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img