Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Այվազեան Միքայէլ, «Ովքե՞ր են սպանել Ջեմալ փաշային», Գ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2020: Լոյս տեսած է Վիգէն եւ Նորա Յովսէփեաններու մեկենասութեամբ:
– Անթառամեան Ռիչըրտ, «Հաւատքի միջնորդները, կայսրութեան միջնորդները – Հայերը եւ բարեկարգութեան քաղաքականութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ», Սթանֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Սթանֆորտ – Ա. Մ. Ն., 2020, 211 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (անգլերէն):
– Բայրամեան Աւետիս, «Հայկական մարզադարան», Լոս Անճելոս, 2020, 860 մեծադիր էջ (աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ հայազգի ականաւոր մարզիկ-մարզիկուհիներու մասին հանրագիտարանային աշխատութիւն):
– Թորոսեան Գեղամ, «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարը», Բ.՝ վերանայուած եւ լրամշակուած հրատարակութիւն, խմբագրում՝ Հայ Առաք. Եկեղեցւոյ Մշակութային ընկերակցութեան, տպարան «Ռոք» (Roques), Փարիզ, 2020, 236 էջ (21 x 29 սմ.) (եկեղեցւոյ պատմութիւնը) (ֆրանսերէն):
– «Ղեւոնդ Ալիշան – Նամականի», Ա. հատոր, աշխատասիրեց Վահան ծ. վրդ. Օհանեան, Երեւան, 2020: Հատորը իրագործուած է Հ. Հ.ի Կրթութեան, գիտութեան, մշակույթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան դրամաշնորհային ծրագիրով եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուային գրադարան» հիմնադրամի ջանքերով:
– Մանճիկեան Ասպետ, «Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայկական գաղութներ», հրատարակութիւն Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամի թիւ 21, Համազգայինի հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2020, 384 էջ (17 x 23,9 սմ.) (հեղինակին՝ նշուած նիւթին վերաբերեալ տարիներու ընթացքին Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայած հրապարակումներու համահաւաքը, լուսանկարներ):
– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Հայ եւ Հռոմէական եկեղեցիներու միութեան վերջին փորձը Փլորենտիոյ մէջ եւ «Decretum pro Armenis» կամ «Հրահանգ առ Հայս» կոնդակը», Երեւան, 2020, 96 էջ:
– Մուշեղ Իշխան, «Արդի հայ գրականութիւն», Ա., Բ. Գ. հատորներ, վերահրատարակութիւն, վերստուգող եւ սրբագրիչ՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2020 (կ’ընդգրկէ 1850-1915 ժամանակաշրջանը):
– Շեմմեսեան Վահրամ, «Մուսալեռան հայերը – Անյայտութենէ դիմադրութիւն ցեղասպանութեան, եւ հռչակ. 1840-1915», Բ. հատոր, Գալիֆոռնիոյ պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 2020 (5 քարտէս, 14 աղիւսակ, մեծ մասը նախապէս անտիպ 162 լուսանկար) (անգլերէն):
– Պատալեան-Ռիկ Սթեֆըն, «Ռուսիոյ թակարդող գիրկը – Ցարական Ռուսիան եւ հայերը 1801-1914», Քոռնըլի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 2020, 330 էջ (15,5 x 23,1 սմ.) (անգլերէն):
– Պատուական-Թուֆանեան Սաթենիկ, «Ժամադրութիւն Մատրասի մէջ», «Թատտէ» (Thaddée) հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, նոյեմբեր 2020, 141 էջ (14,8 x 21 սմ.) (Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի հայկական գաղութի պատմութիւնը) (ֆրանսերէն):
– Պետրոսեան Աշոտ, «Բաշքենդ-Արծուաշէն», Ա. գիրք, «ՎՄՎ պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 440 էջ (14,5 x 20,3 սմ.) (1992-ին թշնամիին «նուիրուած» Արծուաշէն գիւղին պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ Բ. աշխարհամարտի սկիզբը. քարտէսներ, բազմաթիւ լուսանկարներ): Գիրքi տպագրութեան օժանդակած են քանի մը համագիւղացիներ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր ծնողներուն՝ Անդրանիկ եւ Անթառամ Պետրոսեաններու յիշատակին:
– Չոլաքեան Յակոբ, «Քեսապի նիւթական մշակոյթը», խմբագիր՝ Սուրէն Հոբոսեան, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 264 էջ (16,4 x 23,5 սմ.) (գիրքի ծաւալին շուրջ 40 տոկոսը սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներն են): Մեկենասը՝ տիկին Մաքրուհի Աքխաչերեան-Քորթեան գիրքը ձօնած է բնիկ քեսապցի իր ամուսնոյն՝ Յակոբ Քորթեանի յիշատակին:
– «Վաւերագրեր Հայ եկեղեցու պատմութեան, գիրք ԻԲ., Մկրտիչ Ա. Խրիմեան կաթողիկոս ամենայն հայոց (1892-1907), Բ. մաս», կազմող՝ Գոհար Աւագեան, խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչութիւն, Ս. Էջմիածնի տպարան, 2020, 792 +1 ներդիր էջ (փաստաթուղթերու ժողովածու, յաւելուածներ, ցանկեր): Լոյս տեսած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Հրատարակչական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի Գիտական խորհուրդի որոշումով, Սանքթ Փեթերպուրկէն Հրաչեայ Միսաքի Պօղոսեանի մեկենասութեամբ:
– Քլարք Ալիս Քիփ, «Նամակներ Կիլիկիայէն (Օրագրութիւն)», թարգմանութիւնը, ներածութիւնը եւ ծանօթագրութիւնները՝ Անդրանիկ Տագէսեանի, հրատարակիչ՝ Հաճնոյ հայրենակցական միութիւն, Պէյրութ, 2020 (Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի աշխատակից կնոջ վկայութիւնները Հաճընի 1918-ի վերջէն մինչեւ 1920-ի աշունը անկման վերաբերեալ): Լոյս տեսած է Ռաֆֆի եւ Հենրի Սիսլեաններու մեկենասութեամբ: