Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Նախարարաց Խորհուրդի մէկ երրորդը ունենալու պահանջը՝ կառավարութեան կազմութեան ուշացումին պատճառ կը հանդիսանայ: Ըստ հաղորդուածին, այս պահանջը դնող կողմերը նախագահն ու իր փեսան՝ Ժըպրան Պասիլն են:
Այս խնդրով իր լռութիւնը խախտելով վեց ամիսէ ի վեր ուշացող կառավարութեան կազմութեան ուշացումը այս բանի վերագրեց Պըրրի, շեշտելով, որ արհեստավարժ անդամներով կազմուելիք կառավարութեան մը մէջ, քաղաքական ո՛չ մէկ կողմ վեթոյի կամ աշխատանքները խանգարելու իրաւասութիւն պէտք է ունենայ: