ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Երնէկ, թէ այս Նոր Տարին,
Վերջ տայ հայի ցաւերին,
Չարը կորչեր ու բարին,
Բոյն դնէ մեր սրտերին»։
Ռաֆայէլ Պատկանեան
Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանի 42-րդ Ամանորեան հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունուար 9, 2021 առաւօտեան ժամը 11։00-ին։
Այս հանդէսը նախատեսուած էր տեղի ունենայ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020-ին բայց Մայր Հայաստանի մէջ Դեկտ. 19-22 սգոյ օրեր հռչակուած ըլլալուն համար, վարժարանի վարչութիւնը եւ տնօրէնութիւնը առ ի յարգանք եւ ցաւակցութիւն ողջ աշխարհատարած հայութեան, այս հանդէսը յետաձգեցին եւ յայտագրէն հանեցին երգի, պարի եւ ուրախ ելոյթներու բաժինները։
Պսակաձեւ ժահրի պատճառաւ, անցեալ տարուայ Մարտ 2020-էն սկսեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, գեղեցիկ գաղափարը ունեցան առ ցանց դասեր կազմակերպել։ Նոյնիսկ ամառուայ շրջանին մեր կամաւոր թանկագին ուսուցչուհիները լման երեք ամիս շարունակեցին դասերը մեր աշակերտներուն արդիւնաւոր օրեր պարգեւելով։
Շաբաթ, Յունուար 9-ին առաւօտեան ժամը 11։00-ին վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատրեանի խիստ տպաւորիչ եւ բովանդակալից բացման խօսքով ողջունեց հանդէսին առ ցանց հետեւող մօտ 300 դիտորդները։
Շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին իր բարի եւ գեղեցիկ մաղթանքները յղելով, ապա ընթացք տուաւ հանդէսին։ Ինչպէս յիշեցինք, Ամանորեայ այս հանդէսի յայտագիրէն դուրս դրուած էին ուրախ երգերը, պարերը եւ ելոյթները։ Այսուհանդերձ մեր աշակերտները այդ օր 30-է աւելի կտորներէ բաղկացած հոյակապ ելոյթներ ունեցան։
Արդարեւ, խօսք եւ բառ չունինք ներկայացնելու մեր ուսուցչուհիներուն սքանչելի աշխատանքի արդիւնքը եղող այդ հանդէսը դիտելով։
Մեր փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն հսկողութեամբ եւ ելոյթներով ներկայացուցին Յիսուսի Հրաշափառ ծնունդը, Բեթղեհէմի Մսուրին մէջ, Մոգերուն այցելութիւն Նորածին Յիսուսին, որոնք նուէրներ բերած էին, եւ ինչպէս երկինքը դողդղաց՝ երբ հրեշտակները գեղաձայն կ՚երգէին «Փառք ի բարձրեալ Աստուծոյ եւ երկիր խաղաղութիւնը ի մարդիկ հաճութիւնը»։ Աշակերտները խորապէս յուզեցին առ ցանց հետեւող դպրոցի ծնողները բարեկամները։
Նմանապէս աշակերտներ իրենց մանկական բարի եւ սրտագին մաղթանքներով եւ արտասանութիւններով շնորհաւորեցին իրենց ծնողքը եւ ողջ հայութեան Նոր Տարին։
Ձեռնարկին ներկայ էին Իրաքահայերու Միութեան ատենապետուհի Տոքթ. Մարալ Անճարկօլեան եւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան, որոնք սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան եւ շնորհաւորեցին ծնողներուն, աշակերտներուն եւ ուսուցչուհիներուն Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդը։
Պարոն Ճանոյեան իր խօսքերով գնահատեց դպրոցի կամաւոր ուսուցչուհիները, որոնք իրենց տուները, հանգիստը եւ առօրեայ գործերը ձգած՝ այս սուրբ եւ պատուական գործին լծուած են։
Դպրոցի ուսուցչուհիներն են.
Տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատրեան
Ուսուցչուհիներ՝
Մարիէթա Անասեան երգի ուսուցչուհի
Մարօ Թութէլեան
Մարիամ Պապայեան
Տաթեւ Կարապետեան
Տաթեւ Օհաննէսեան
Ամէն մէկ ուսուցչուհի դասարանէն ներս ունի մէկ երկու օգնական, որոնց նաեւ շնորհաւորական խօսք ունէինք։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Իրաքահայերու Միութեան ղեկավարները, որ 42 տարիէ իվեր կը պահեն այս անվճառ վարժարանը։
Գնահատանքի ամենաջերմ խօսք ունինք մեր թանկագին կամաւոր ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ համակ նուիրում, օրինակելի տնօրէնուհիով։
Բոլորին կը մաղթենք բարեբեր եւ օրհնաբեր տարի մը։