Արգելափակումներու մասնակի չեղարկումը պիտի ըլլայ կառավարութեան յաջորդ քայլը, երեք շաբաթներու խիստ արգելափակումներէն ետք: Այսպէս յայտարարեց Կառավարութեան առողջապահական շտաբի նախագահը:
Նախարարական քորոնաժահրի շտաբը կը միտի այս ուղղութեամբ յանձնարարական մը ներկայացնել կառավարութեան երկիրը կամաց-կամաց բանալու միտումով, որ կրնայ ընթացք առնել ընթացիկ Փետրուարի 8-էն սկսեալ: Այսպէս ըսաւ նշեալ յանձնախումբին նախագահ՝ երեսփոխան Ապտիւլ Ռահման Պզրին:
Մինչ այս քննարկումները յառաջ կ՛երթան, երկրին վարակակիրներուն տոկոսային յարաբերութիւնը քննութիւնը անցնողներու հիման վրայ կը մնայ 22 տոկոս, որ տակաւին շատ բարձր է եւ, որ պիտի շարունակէ մահուան պարագաներուն թիւը բարձր պահել:
Նշենք, որ երէկ 24 ժամուայ ընթացքին արձանագրուած վարակակիրներու թիւը 2770 էր: Մինչ մահացան 81 հիւանդներ: