Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հիմնադրութիւնը
Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի (1943-1952) նախաձեռնութիւնը եղաւ հաստատելու ամուսնացեալ քահանայից յատուկ պատրաստութեան դասընթացք Դպրեվանքէն ներս։
Հայրապետական յատուկ հրահանգով միայն կարելի կ՛ըլլար նման դասընթացք մը հաստատել, որքան ատեն որ Նուիրապետական միւս Աթոռներու ուսումնական հաստա-տութիւնները չունէին եւ չունեցան նման առաւելութիւն վանական դրութեան ներքեւ։ Բարդ էր խնդիրը, ծախսալից եւ անորոշ որքան ատեն որ թեկնածուները ընտանիքի տէր անձինք էին եւ հեռուներէն գալով պիտի բնակէին Դպրեվանքին մէջ։ Կար միանգամայն նաեւ անոնց ընտանիքներուն ապրուստը հոգալու կարիքը։ Հայրապետական կոչին ընդառաջ բարերար-ներ հասան, յատուկ Հիմնադրամ հաստատեցին եւ Հայրապետին կարեւոր այդ ծրագիրը իրագործուեցաւ 1949 թուականէն սկսեալ, ծաղկեցաւ ու կրթական ու Ս. Աթոռին մնայուն կառոյցը հանդիսացաւ։
Գարեգին Հայրապետ ուսման կազմակերպչական գործը յանձնեց դպրեվանքի տեսչութեան՝ վերատեսուչ Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանին եւ ուսումնապետ Պրն. Բիւզանդ Եղիայեանին։ Ուսման ծրագիրը երկու տարուան վրայ պիտի տարածուէր եւ Դպրեվանքի ուսանողութեան հետ առընթեր պիտի պատրաստուէին աւելի ամփոփ ժամերով եւ նիւթերով, ուսանելով Սուրբ Գիրքի ներածութիւն, տեսական եւ հովուական աստուածաբանական կենսական գիտելիքներ, ծիսագիտութիւն, շարականագիտութիւն, քարոզախօսութիւն, գրաբար լեզու եւ մատենագիտութիւն, ընդամէնը շաբաթական 16 ժամ։
Առաջին Բարի Ազդանշանը
Մեծ էր Գարեգին Հայրապետի հմայքը։ Ինքս նոր ժամանած էի Անթիլիաս 1949-ի սեպտեմբերին որպէս ժառանգաւոր ուսանող երբ նոյն դեկտեմբերի առաջին շաբթուն, Սրբոցն Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի տօնին, հայրապետական արտօնութեամբ, տակաւին ոչ մէկ դասաւանդութեան սկսած նոյնիսկ, բացումը կատարուեցաւ Քահանայից Լսարանին երկու թեկնածուներու ձեռնադրութեամբ։ Յիշեալ շաբաթավերջին քահանայական կարգ ստացան առաջին երկուքը Տէր Բաբգէն քահանայ Մագսուտեանն ու Տէր Աշոտ քահանայ Տէր Յարութիւնեանը՝ ձեռամբ Կաթողիկոսարանի Խորէն Դրան Եպիսկոպոս Բարոյեանի։ Իսկոյն երկուքը գլխաւորեցին դասաւանդութեանց սկիզբը։ Հայրապետի իմաստութիւնը ակներեւ կ՛ըլլար այն իրողութեամբ որ երկու նորընծաները որոնք տակաւին չէին սկսած դասաւանդութեանց, որպէս մտաւորական անձինք իրողապէս հաստատած կ՛ըլլային Քահանայից Դասընթացքը։ Երկու տարի ետք անոնք շրջանաւարտ ըլլալով կը մեկնէին իրենց ծխական առաքելութեան, առաջինը փայլեցաւ Պոսթոնի մէջ եւ երկրորդը Մանչեսթըրի մէջ երկար տարիներ։
Թեկնածուներ
Առաջին պատեհութեամբ դիմողներ շատ պիտի ըլլային եւ սակայն ընտրութիւնն ալ պիտի ըլլար տուեալ պայմաններու ենթակայ։ Առաջին տարեշրջանին համար ներկայացան 26 թեկնածուներ որոնցմէ միայն տասը ընդունուած էին՝ Հալէպէն, Դամասկոսէն, Պարսկաստանէն եւ Ամերիկայէն։ Ամերիկայէն ընդունուեցան հինգ ամուրի երիտասարդներ։ Այս 15 թեկնածուները իրենց վանք բնակութենէն զատ կը ստանային յատկացում իրենց ընտանիքներու ապրուստին համար։ Կարեւորութեամբ նշելու ենք Ամերիկայէն եկողները պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, որոնց համար մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէր Վեհափառ Հայրապետը երբ Ամերիկահայ Թեմին առաջնորդն էր իր Կաթողիկոս ընտրութենէն առաջ եւ գիտէր տեղւոյն կարիքն ու կարելիութիւնները։ Անոնք առաջին հերթին հայերէն լեզուն պիտի սորվէին, պարագայ մը որ մեր ուսանողութեան օրերուն այնքան որոշ կը տեսնէինք։ Դժուարաւ եւ սակայն ընդունելի չափով տիրացան հայերէնին կարճ ժամանակի ընթացքին, աւարտեցին երկամեայ շրջանը ու վերադարձան իրենց թեմը, հոն եւս կրօնական բարձրագոյն հաստատութիւններ յաճախելէ ետք հետզհետէ ձեռնադրուեցան։
Առաջին զոյգը որուն ակնարկեցի եղած էին ուսեալ անձինք, Մագսուտեանը աշակեր-տած էր Կիլիկիոյ մեծանուն Բաբգէն Ա Աթոռակից Կաթողիկոսին, որուն անունն ալ ժառանգեց, իսկ Տէր Աշոտը տարիներու փորձառու ուսուցիչ ըլլալով կարիքը ունէր եկեղեցագիտութեան զոր շուտով զարգացուց։ Ինչպէս ըսուեցաւ Քահանայից Դասընթացքը տակաւին չսկսած Հայրապետական որոշմամբ նախ ձեռնադրութիւն ստացան եւ ապա երկամեայ ընթացքը աւարտեցին։
Յաջորդ քահանայից խումբը հինգ թեկնածուներէ կը բաղկանար, որոնք իրենց ընթացքը աւարտելով 1951 թուին ձեռնադրուեցան Դպրեվանքի վերատեսուչ Դերենիկ Եպիսկոպոսէն, ու Վարդանանց Հերոսամարտի 1500 ամեակին առիթով ստացան համա-պատասխան անուններ՝ Տէր Թաթուլ քահանայ, Տէր Վարդան քահանայ, Տէր Արշէն քահանայ, Տէր Ատոմ քահանայ, եւ Տէր Վահան քահանայ։ Այս ձեւով շնորհիւ Գարեգին Հայրապետի իմաստուն կարգադրութեան առաջին եօթը քահանաները բարի ազդանշանը վերա-հաստատեցին։ Անոնց հետեւեցան շարք մը այլ արժանաւորներ մեր ուսանողութեան տարիներուն եւ ազդանշանը վերածուեցաւ Քահանայից ուսման հիմնաքարի, ահա 70 տարիներէ ի վեր։ Չեմ սխալիր եթէ ըսեմ թէ ցայսօր նոյնքան թիւով ալ արժանաշնորհ քահանաներ Կիլիկեան Աթոռէն ձեռնադրուեցան ու ծառայեցին Հայ Եկեղեցւոյ այլազան թեմերէն ներս։
Սրբոց Վարդանանց Հիմնադրամ
Գարեգին Հայրապետ տեսաւ նաեւ «Վարդանանց Հիմնադրամ»ի հաստատումը Քահանայից Դասընթացքներուն յատուկ, որուն նախաձեռնողը եղաւ Կիպրոսէն Վահրամ Իւթիւճեան։ Եւրոպայէն ազգային մը եւս որ նախընտրած էր անունը չյայտնել Հիմնադրամին մեծագումար յատկացում մը կատարած է ՀԲԸՄիութեան միջոցաւ։ Անկասկած Գարեգին Հայրապետի սերմանած հունձքը ուռճացաւ իր յաջորդ Կիլիկեան Հայրապետներու մնայուն հոգածութեամբ։ Պատիւով կարելի է հաստատել որ Կիլիկեան Դպրեվանքը իր իննիսունամեայ (1930-2020) տարիքին կրցաւ իր հովանիին տակ ուռճացնել եօթանասուն- ամեայ կրթական սոյն ծրագիրը (1950-2020) յաջողութեամբ։
Սոյն ընծայագիրը պիտի լրանայ եթէ կարելի ըլլայ գրեթէ եօթ տասնեակ քահանայից դասուն լրիւ անուանացանկը պատրաստուի ձեռնադրութեանց թուականներով ի յուշ Գարեգին Ա Յովսէփեան Հայրապետին իր վախճանման եօթանասունամեակին՝ 2022 թուականին։ Վստահ եմ իմ այս խնդրանքը կը կատարուի քահանաներէն մէկուն կողմէ։