ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Գրութիւններովս՝ յաճախ անդրադարձած եմ կենդանիներու մասին, որոնց առիւծի բաժինը խլած են շուները։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ շունը եղած է մարդուն լաւագոյն հաւատարիմ բարեկամը եւ մարդիկ միշտ շունը նկատի ունեցած են որպէս իրենց ընտանիքի հարազատ մէկ անդամը։
Այսօր սակայն՝ պիտի շեղիմ իմ սովորութենէս եւ ձեզի ներկայացնեմ ուրիշ կենդանի մը, որ շատ ալ սիրուած չէ մարդոց կողմէ։ Այժմ տեսնենք թէ ո՞վ է այդ «բախտաւոր» կենդանին։
Հերոս Առնէտը . . .
Ընդհանրապէս առնէտները դիտած ենք պժգանքով եւ երբ որ տեսած ենք զանոնք, փորձած ենք սպաննել՝ չէ՞։ Բայց հիմա պիտի տեսնենք թէ անոնք շատ օգտակար հանդիսացած են մարդոց, որուն համար ալ անոնցմէ մին՝ ստացած է «Հերոս»-ի կոչում։
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ հեռաւոր երկրէ մը, Քամպոտիա։ Ուրեմն Մակաուա (Magawa) Ափրիկեան առնէտ մըն է որ Անգլիոյ մէջ մարզուած է ականներ յայտնաբերելու համար, PDSA (plan, do, study, act) բարեգործական ընկերակցութեան կողմէ։
1917-ին հաստատուած այդ ընկերակցութեան առաքելութիւնն է հոգատարութիւնը՝ հիւանդ եւ վիրաւոր կենդանիներուն, ականներ յայտնաբերելու համար առնէտները մարզելու կարեւոր գործի կողքին։ Անոնք ունին 2,000 լման եւ մասնակի ժամով աշխատող պաշտօնեաներ եւ 3,500 կամաւորներ . . .
Վերադառնալով մեր հերոս առնէտին, յիշենք որ ան եօթը տարուան մէջ յայտնաբերած է 39 ականներ՝ մաքրագործելով 141,000 քառակուսի մեթր հաշուող հողատարածք մը։
Իսկ PDSA ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը՝ Ճէն Մըքլաքլըն, վկայած է թէ Մակաուան երեսուն վայրկեանի մէջ ականազերծ դարձուցած է թենիսի դաշտ մը, որուն համար ան (տես նկարը) ստացած է այդ ընկերակցութեան «Ոսկէ Մետալը։»
Ի՞նչ է մեր քաղելիք դասը՝ այս պատմութենէն։ Պէտք չէ դերգնահատենք մեզի զզուելի թուացող կենդանիներն անգամ, որոնք կրնան մարդկութեան օգտակար հանդիսանալ՝ ինչպէս վերոյիշեալ դէպքը ցայտուն կերպով կը վկայէ! Հասկցողին՝ շատ բարեւներ ու վերջ։
Որպէսզի Չգողնան . . .
Փասատինա քաղաքը ունի հանրային մի քանի զբօսավայրեր, քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ։ Մեր տան մօտը գտնուող զբօսավայրը կը կոչուի (Hamilton park), ուր ես իրիկունները կ՛երթամ՝ քալելու։
Իրիկուն մը՝ երբ քալելու ելած էի, տեսայ աղբի թիթեղը (տես նկարը) որ լոյսի ձողին կապուած էր . . . Նախ զարմացայ, սակայն շուտով անդրադարձայ որ եղածը պարզապէս ապահովութեան համար էր, որպէսզի մարդիկ չգողնան զայն։
Է՜հ, ու՞ր հասած է մարդկութիւնը՝ որ աղբի թիթեղն անգամ չվստահուիր իրեն։ Աղբի թիթեղի մը արժէքը ի՞նչ է որ, մարդիկ պիտի ստորնանան զայն գողնալու աստիճան։
Վերոյիշեալ տարօրինակ դէպքը զիս տարաւ դէպի մեր տան մօտակայ դրամատունը, ուր գրիչներն անգամ ապահով կերպով կապուած են՝ պաշտօնեաներու գրակալներուն առջեւ։ Գրիչը կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ կապուած է, որովհետեւ մարդիկ սխալմամբ կը տանին զայն՝ գործածելէ ետք։
Ուրեմն՝ եզրակացուցի ես, կ՛ապրինք դարու մը մէջ ուր որեւէ մէկ բան ապահով չէ եւ ամէն բան ենթակայ է գողութեան, որքան որ ալ անարժէք թուի ըլլալ այդ իրը՝ մեզի համար։
Գողնալու փոխարէն՝ երբեմն ալ մարդիկ չարաչար կը գործածեն ճաշարաններու մէջ իրենց տրամադրուած իրեղէնները։ Օրինակ՝ McDonald’s ճաշարաններուն մէջ, թուղթէ թաշկինակները (napkins) սեղանի մը վրայ դրուած կ՛ըլլային եւ մարդիկ կ՛առնէին իրենց գործածութեան համար։
Սակայն կ՛երեւի մարդիկ սկսած են չարաշահել իրենց տրուած ազատութիւնը որ հիմա՝ սանտուիչին հետ, սպասարկող պաշտօնեաները կու տան, մի քանի հատ միայն . . .
Մարդիկ ե՞րբ պիտի սորվին քիչով գոհանալ եւ ուրիշին առարկային աչք չտնկել։ Համբերանքը՝ կեանք է կ՛ըսէ հայկական ասացուածքը։ Բայց մինչեւ ե՞րբ պիտի համբերենք, այդ ալ ուրիշ հարց!