«Արեւելք» կը գրէ.
Լիբանանի երկրորդ մեծ քաղաքը համարուող Թրիփոլիի մէջ կատարուող վերջին անցուդարձերուն կապակցութեամբ, բարձրաստիճան աղբիւրներ հաստատած են թէ կառավարական շէնքերուն վրայ «մոլոթով» ռումբերով յարձակում իրականացնող խումբը, նոյն այն խումբն է, որ նախապէս դրամատուներուն վրան ալ յարձակած էր ու հրդեհի տուած Թրիփոլիի «Արաբական դրամատան» մասնաճիւղը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ օրեր առաջ Թրիփոլիի քաղաքապետարանին վրայ յարձակողները բանտարկուած էին, բայց ազատ արձակուած վերաքննութեան դիմումով: Անոնցմէ մէկը խոստովանած էր (Լիբանանի քաղաքացի), որ անմիջական կապի մէջ է թրքական իշանութիւններու հետ, որ բաւականին մեծ գումար վճարած էր իրենց: Բանտարկեալը նաեւ խոստովանած էր, որ թրիփոլցի յայտնի անձնաւորութեան մը օգնականը իրենց մատակարարած էր «մոլոթով» ռումբերը, զանոնք յատուկ թիրախներու դէմ գործածելու նպատակով:
Հիմնուելով այս տուեալներուն վրայ, անցնող օրերու յարձակումներու հարցով աղբիւրը ուշադրութիւն դարձուցած է երկու կարեւոր զարգացումներու:
Առաջինը այն է, որ օգտագործուած 17 ռումբերը, ցոյց կու տան, որ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի հրկիզման արարքը նախապատրաստուած ծրագրի մը հետեւանք էր, նշելով նաեւ, որ ռումբերը գործածած զինեալները կը վայելեն տարածաշրջանային «կարեւոր կողմի» մը անմիջական նեցուկը։
Երկրորդը՝ կ’անդրադառնայ այս խումբերուն կարողութեան, եւ կազմակերպուած ըլլալուն, ինչ որ կը թելադրէ «զինուորական» մտքի մը ներկայութիւնը, որ բացակայ էր նախկին յարձակումներու ընթացքին:
Թերթին համաձայն, բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը եւս հաստատած է թրքական դերին առկայութիւնը ու անոր ակնյայտ ազդեցութիւնը ՝ Լիբանանի «հիւսիսի հարս» համարուող Թրիփոլի քաղաքին մէջ, որ շրջանին մէջ. ան չէ բացառած, որ այդ շրջանի «տիկնիկները» «խաղցնելով» կը փորձէ, որոշ պատգամներ տալ լիբանանեան թատերաբեմին վրայ ազդեցութիւն ունեցող այլ կողմերու։