Հռոմի Ս․ Աթոռին «Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու Մատակարարութեան» վերահսկող Ժողովը, 25 Յունուար 2021 թուակիր կոնդակով, յանուն Ն․Ս․ Փրանկիսկոս Քահանայապետի, Ս․ Պետրոսի Տաճարին մէջ, Կիրակի 12 Ապրիլ 2015-ի մատուցած Ս․ Պատարագի ընթացքին, Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ հռչակած Ս․ Գրգոր Նարեկացիի ծիսական յիշտատակին տօնակատարութիւնը հաստատած է բոլոր լատինածէս Եկեղեցիներուն համար, ամէն տարուան 27 Փետրուարին։
Տօնին առթիւ սահմանուած է հետեւալ աղօթքը՝
«Ամենակարող, յաւիտենական Աստուած, որ բարեհաճեցար՝ Հայ Ժողովուրդի վարդապետ ու պարծանք Ս․ Գրիգորը քու խորհուրդիդ խոր ծանօթութեամբ եւ ապրումով ողողել, շնորհէ մեզի որ՝ իր ուսուցման շնորհիւ՝ կարենանք քեզի հետ խօսելու արուեստն ուսանիլ ու մեր կեանքը Եկեղեցւոյդ խորհուրդներուն զօրութեամբ յարաժամ հաստատել։ Տերամբ մերով Յիսուսիւ Քրիստոսիւ, ընդ որում քեզ Հօր Ամենակալի եւ Հոգւոյդ Սրբոյ վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից․ Ամէն»։
ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ