Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, 2020 թ. դեկտեմբերի սկզբնաւորութեան կազմուեցաւ Արցախի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբը: Յանձնախումբի առաքելութիւն է՝ հետապնդել բոլոր այն կրօնական, մշակութային ու պատմական արժէք ունեցող յուշարձաններու պահպանումը, որոնք Արցախի յետ-պատերազմեան կարգավիճակով ու Նոյեմբեր 9-10 2020 հրադադարի յայտարարութեամբ՝ անցան Ազրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հօր յանձնարարութեամբ՝ կազմուեցաւ յատուկ գրասենեակ ու աշխատակազմ, գլխաւորութեամբ Հայր Գարեգին Համբարձումեանի, որու ջանքերը պիտի ըլլան ի մի հաւաքել եւ ցանկագրել, դասաւորել բոլոր յուշարձաններու օրինական, իրաւագիտական ու պատմական փաստաթղթերը, հրամցնել միջազգային կառոյցներուն՝ հետամուտ ըլլալով անոնց պաշտպանութեանը։ Այս սրբազան առաքելութիւնը յաջողցնելու համար, կարիք կար ընդհանուր ցանկը ունենալ բոլոր այն յուշարձաններուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, մատուռներուն, խաչքարերուն, որոնք այժմ դիտաւորեալ կործանման ու չէզոքացման վտանգին մէջ են: Հայր Գարեգինի ջանքերով այդ մանրամասնեալ ցանկը պատրաստուեցաւ, որմէ կարելի է հետեւցնել, որ առ այսօր Արցախի մեր կրօնա-պատմական յուշարձաններէն մօտ 4403ը այժմ վտանգուած են, նկատի ունենալով Ազերի հակահայ անընդունելի վարքագիծը նախորդ տասնամեակներուն: 4403-էն 128-ը կարեւոր վանքեր, եկեղեցիներ են:
Արեւմտեան Թեմի Արցախի յուշարձաններու պահպանման այս յանձնախումբը, իր անդրանիկ ժողովը գումարեց Դեկտեմբեր 7 2020ին, ու մինչեւ օրս կը գումարուի կանոնաւորապէս, մասնակցութեամբ ԱՄՆ-էն ու Եւրոպայէն մասնագէտ, իրաւագէտ ու կարող հայ եւ օտար անհատներու:
Ներկայիս, յանձնախումբի ժողովները կ’ընթանան չորս բեւեռներու վրայ:
Ա.- Աշխատիլ Միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութեանց հետ, յուշարձաններու պահպանման գործը հսկողութեան կիզակէտին վրայ պահելու համար: Դիմել Միջազգային կառոյցներու, ինչպիսիք են.- WMF, Blueshield, UNESCO, որոնց գլխաւոր առաքելութիւնը նման յուշարձաններու անխաթար պահպանումն է:
Բ.- Օրինական ու փաստագրական փաստաթղթերու վերադասաւորում եւ հրատարակութիւն:
Մայր Աթոռի կողմէ կազմուած գրասենեակը, գլխաւորութեամբ Հայր Գարեգին Համբարձումեանի, այդ աշխատանքները ներկայիս սկսած են: Միաժամանակ նաեւ կը պատրաստուի յատուկ առցանց կայք, ուր նման հրատարակութիւնները, յօդուածներն ու աղբիւրները պիտի թարգմանուին տարբեր լեզուներու եւ հրապարակուին:
Գ.- Գտնել, բացայայտել ու վերահրատարակել Արցախի վերաբերեալ սկզբնաղբիւրները, թարգմանելով զանոնք տարբեր լեզուներու, ներառեալ թրքերէնի, արաբերէնի եւայլն: Նաեւ, քաջալերել, յանձնարարել նոր յօդուածներու գիտական ուսումնասիրութիւնը միջազգային հարթակներուն հրամցնելու համար: Հայր Գարեգին, ներկայիս կ’աշխատի Մատենադարանի երիտասարդ գիտնական խմբի մը հետ այս գործով:
Դ.- Միջազգային գիտական համագումարներ կազմակերպել, միջազգային, ակադեմիկ ու քաղաքական գործիչներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու եւ Արցախի Յուշարձաններու պահպանման գործը աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար:
Արեւմտեան Թեմի կողմէ կազմուած Յանձնախումբը, վերջին հաշուով ու կրկին Սրբազան Հօր ջանքերով, ընդլայնուեցաւ համագործակցելով Արեւելեան Թեմի ջանքերով կազմուած Յանձնախմբի աշխատանքներուն: Սրբազան Հօր յանձնարարութեամբ, Արեւմտեան Թեմը ներկայացնող ու երկու թեմերու աշխատանքները համադրող նշանակուեցան Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ.Վրդ.ն ու Դոկտ. Րէյչըլ Կոշկարեանը: Յանձնախումբի անդամներու թիւը եւս քանակապէս մեծցաւ իր մէջ ներառնելով նաեւ Աւստրիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ առաջնորդներու մասնակցութիւնն ու ներդնումը յիշեալ սրբազան առաքելութեան:
Յանձնախումբի անդամներու նուիրուած աշխատանքը պէտք է խոստովանիլ, որ բացառիկ ընթացքի մէջ է, ու արդէն կազմուած են ենթա-յանձնախմբեր կազմակերպելու շարք մը համագումարներ, առայժմ առցանց կարգավիճակով, ուր պիտի շօշափուին իրաւագիտական, պատմական ու մշակութային կարեւորութիւնները Արցախի մեր պատմա-մշակութային ու կրօնական յուշարձաններուն: Միւս կողմէ, Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ, նաեւ կապեր հաստատուած են Ճափոնի Դեսպանին հետ, Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներուն հետ յիշեալ հարցով մօտենալու համար:
Յանձնախումբի բազմաճիւղ աշխատանքները համադրելու եւ աւելի արդիւնաբեր գործունէութիւն ծաւալելու համար, 1 Փետրուար 2021-ի ժողովին իբրեւ արդիւնք կազմուեցաւ նաեւ կազմուած բոլոր յանձնախումբերու կողմէ երկու ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի համադրեն Յանձնախումբերու Արեւմտեան, Արեւելեան, Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ Մայր Աթոռի աշխատանքները: Սոյն յանձնախումբը իր անդրանիկ ժողովը պիտի գումարէ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին: