Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Աննա Հետուիկ Պուլ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Աննա Հետուիկ Պուլ (4 Փետրուար 1887,  Էսթոնիա — 3 Հոկտեմբեր 1981,  Գերմանիայի ԴաշնակցայինՀանրապետութիւն), էսթոնացի միսիոնարուհի, որ կարեւոր առաքելութիւն իրականացուցած է Կիլիկիոյ մէջ ու իր ողջ կեանքը նուիրած է հայութեան։

Աննա ծնած է Լիւթերական ընտանիքի յարկէն ներս։ Ան եղած է՝ 8 երեխաներէ բաղկացած, ընտանիքի 6-րդ զաւակը: Մինչեւ 15 տարեկան կը յաճախէ տեղական պետական դպրոցը, ապա՝ կարճ ժամանակ ետք, Գերմանիոյ մէջ կը ստանայ միսիոնարական կրթութիւն:

Աննա կը տիրապետէր՝ էսթոներէնին, ռուսերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին եւ գերմաներէնին: Աւելի ուշ, Կիլիկիոյ միսիոնարական առաքելութեան ընթացքին սորված է նաեւ թրքերէն եւ հայերէն:

1909 թուականին, եւրոպական մամուլէն տեղեկանալով Ատանայի հայկական կոտորածներուն մասին, Աննա Պուլ կ’որոշէ մեկնիլ Կիլիկիա կոտորածի պատճառաւ որբացած քրիստոնեայ երեխաներու փրկութեան գործին մասնակցելու համար:

1911-ին կը ժամանէ Կիլիկիա եւ Մարաշի մէջ հիմնուած որբանոցին մէջ կ’աշխատի որպէս ուսուցչուհի: 1915-էն ան ականատես կ’ըլլայ հայկական կոտորածներուն: 1916-1919 թուականներուն Հետovիկ Պուլ կը ծառայէ Մարաշի հարաւը գտնուող գերմանական որբանոցին մէջ։ 1918 թուականին երիտասարդ միսիոնարուհին իր գործադրած գերմարդկային ջանքերուն շնորհիւ ստոյգ վտանգէ կը փրկէ որբանոցի սաները: 1919 թուականին հաշուի առնելով Կիլիկիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը՝ Պուլ հարկադրաբար կը մենի Էսթոնիա։

1922-ին Պուլ կը մեկնի Հալէպ՝ «Քրիստոնէական առաքելութիւն արեւելքի մէջ» աւետարանական մարդասիրական կազմակերպութեան հետ. այդ ժամանակ Սուրիոյ մէջ կային աւելի քան 160 հազար գաղթականներ, որոնք ապաստանած էին Սուլէյմանիէի եւ Ռամատանիէ արուարձաններուն մէջ կառուցուած գաղթակայաններու մէջ, ուր տարածուած էին վարակիչ հիւանդութիւններ, որոնք օրական հարիւրաւոր կեանքեր կը խլէին:

Աննա Պուլի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի մէջ կը բացուի հիւանդանոց, ուր կ’աշխատին Սուրիոյ նշանաւոր հայ բժիշկներ: Հայ գաղթականներուն վիճակը թեթեւցնելու համար Պուլ Մարաշի իր ծանօթներուն օգնութեամբ կը հիմնէ ջուլհականոց եւ ձեռագործի արհեստանոց: Աշխատանքի կը լծուին շուրջ 500 հայ կիներ եւ աղջիկներ, որոնց գործած կարպետներն ու ձեռագործները կը վաճառուէին եւրոպական երկիրներու մէջ, իսկ ստացուած հասոյթը կը տրուէր հայ կիներուն՝ իբրեւ աշխատավարձ:

Պուլի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի տարբեր դպրոցներ յաճախող աւելի քան 250 հայ երեխաներուն համար կը սահմանուին կրթաթոշակներ: Իր կատարած բազմաթիւ հայանպաստ աշխատանքներուն համար Պուլ այնքան սիրուած էր Հալէպի հայ համայնքին կողմէ, որ արժանացած էր «Պուլ Մայրիկ» կոչման:

1947 թուականին աշխարհասփիւռ հայութեան համար Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի։ Բազմաթիւ սուրիահայեր, անոնց կարգին Պուլին հարազատ դարձած մարդիկ, կը հաստատուին Հայաստան։ Հայասէր էսթոնուհիի նուիրական երազանքն էր իր սուրիահայ բարեկամներուն հետ բնակութիւն հաստատել Հայաստան, սակայն ներգաղթի կոմիտէն կը մերժէ անոր խնդրագիրը։

40 տարի կեանքն անմնացորդ նուիրելով հայ ժողովուրդին՝ Պուլը 1951 թուականին 64 տարեկան հասակին կը հեռանայ Հալէպէն՝ այդպէս ալ չունենալով սեփական ընտանիք։ Սակայն ան չի կրնար վերադառնալ Էսթոնիա, քանի որ այն Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ էր, հետեւաբար մուտքի թոյլատուութիւն ստանալը՝ անհնար։ Պուլը Եւրոպա կը հաստատուի։ Այստեղ ան կը շարունակէ նամակագրական կապը իր նախկին սաներուն հետ, որոնք ցրուելով աշխարհով մէկ՝ չէին մոռնար սիրելի Պուլ Մայրիկին։ Անոնցմէ մէկուն ուղղուած նամակին մէջ Հետուիկ Պուլը գրած էր. «…իմ սիրտը հայ է…»։

1965 թուականին Պուլ կը ժամանէ Սուրիա, ապա Լիբանան՝ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Կեանքին վերջին տարիները Պուլը կ’անցընէ գերմանական ծերանոցի մը մէջ։ 90-ը անց միսիոնարուհին մահուան մահիճին մէջ պառկած՝ մոռցած էր այն 6 լեզուները, որոնց կը տիրապետէր եւ ծերանոցի աշխատակիցներուն հետ կը հաղորդակցէր միայն իրեն հարազատ դարձած հայերէնով։

Աննա Հետուիկ Պուլի անուան յուշատախտակը Հաապսալուի անոր տան պատին

1989-ի Ապրիլ 29-ին, Պուլի ապրած փողոցին վրայ հաստատուած է ցուցատախտակ, որուն վրայ արձանագրուած է՝

Էսթոնացի միսիոնար, որ իր կեանքը նուիրաբերեց Մերձաւոր Արեւեքի երկիրներուն մէջ թրքական եղեռնէն հայերը փրկելու գործին:

2003 թուականին Աննա Հետուիկ Պուլի գերեզմանէն բերուած հողը ամփոփուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի յուշապատին մէջ:

2014 թուականի Սեպտեմբեր 22-էն Էսթոնիոյ Հաապսալու քաղաքին մէջ հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս էսթոնացի միսիոնարուհի Աննա Պուլի յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւն կատարուեցաւ:

Մարիա Ճէյքըպսընի ու եւս չորս եւրոպացի մարդասիրական կանանց կեանքի ու գործունէութեան մասին կը պատմէ 2015 թուականին նկարահանուած «Փրկութեան քարտէս» ֆիլմը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img