Լիբանանցի քաղաքական աքթիւիսթ, բանասէր, գրող եւ իրաւապաշտպան Լոքման Սլիմ երէկ սպաննուած գտնուեցաւ ինքնաշարժի մէջ։ Ան գլխէն ստացած էր 3 փամփուշտ եւ 1 փամփուշտ իր կռնակէն:
Երկար ժամեր Սլիմի գտնուած վայրը յայտնի չէր, եւ անոր քոյրը ապահովական մարմիններուն տեղեակ պահած էր եղբօրը անհետանալուն մասին։
Սլիմ յայտնի էր իր համարձակ կեցուածքներով եւ ան տարբեր առիթներով կը քննադատէր Հըզպալլայի քաղաքական եւ զինեալ մօտեցումները ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութիւնները։
Սլիմ հիմնած էր երկու հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց գրասենեակները կը գտնուին Պէյրութի Հարէթ Հըրայք շրջանի իր պապնական տան մէջ։
Զոհը նաեւ որդին էր Լիբանանի Խորհրդարանի նախկին անդամներէն՝ Մոհսէն Սլիմի։