«Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Շարժում»-ի (Action Chrétienne en Orient –ACO) 100-ամեակին առիթով, Հինգշաբթի, 28 եւ ուրբաթ, 29 Յունուար 2021-ին, Հայկազեան համալսարանին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց խորհրդաժողով մը՝ «Եւրոպական Միսիոնարական շարժումները եւ Բողոքական եկեղեցիները Միջին Արեւելքի մէջ. 20-րդ դարու համատեղ պատմութիւն» խորագիրով, որուն ընթացքին 6 երկիրներէն 11 զեկուցաբերներ հանդէս եկան զեկուցումներով: Երկու օրերու վրայ երկարած խորհրդաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 90 հետեւողներ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն: Առցանց խորհրդաժողովին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանն ու «Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Շարժում» կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Մաթիւ Պուշը:
Առցանց խորհրդաժողովի առաջին զեկուցումը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ Միջին Արեւելքի մէջ Եւրոպական Միսիոնարական շարժումներու աշխատանքը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ առաջ, ընդգծելով յատկապէս բրիտանական BibleLand-ի եւ գերմանական Hilfsbund-ի աշխատանքները:
Վերապատուելի Թոմաս Ուիլտ (Ֆրանսա) ներկայացուց «Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Շարժում»-ի համահիմնադիրներէն Փոլ Պերոնի (1887-1970) կեանքն ու ծառայութիւնները՝ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու նկատմամբ անոր ունեցած գործը:
Պատմութեան դասախօս դոկտ. Ֆիլիփ Պուրմօ (Լիոն 3 համալսարան – Ֆրանսա) ներկայացուց Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական հոգատարութեան տարիներուն միսիոնարական շարժումներու եւ շրջանի ֆրանսական իշխանութիւններուն միջեւ բարդ յարաբերութիւնները:
Դոկտ. Ռիմա Նասրալլա (Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի դասախօս) ներկայացուց Համաշխարհային Բ. պատերազէն ետք ժամանակահատուածին «Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Շարժում» կազմակերպութեան քոյր միսիոնարականներու եւ Միջին Արեւելքի կիներու կապ-յարաբերութիւնը:
Առցանց խորհրդաժողովին 2-րդ օրը, 29 Յունուար 2021-ին, վերապատուելի դոկտ. Ժան-Քլոտ Պասեթ (Զուիցերիա) ներկայացուց Իրանի Բողոքական եկեղեցին եւ անոր եկեղեցական-ընդհանրական կապերը:
Իսկ վերապատուելի դոկտ. Սարուաթ Ուահպա (Եգիպտոս) զեկուցեց Եւրոպական Միսիոնարականութեան ջանքերուն եւ Եգիպտական Բողոքական եկեղեցիներու մասին:
Վերապատուելի դոկտ. Վիլիպերթ Վան Սաանը (Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցի եւ Հայկազեան համալսարանին մէջ դասախօս) ներկայացուց «Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Շարժում»-ի տարիներու ընթացքին զարգացումը՝ աւանդական առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութենէ վերածուելով եկեղեցիներու միջեւ հաւասարութեան հաւատացող համայնքի: Զեկուցումին յաջորդեց «Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Շարժում»-ի ներկայ աշխատանքներու արժեւորում, որ ներկայացուց վերապատուելի Անտրէ Ժոլի (Զուիցերիա):
Աւարտին դոկտ. Հելեն Մուր-Վան Տը Պըրկը (Նետրլանտներ) իր ներկայացումով լուսարձակի տակ առաւ Եւրոպական եւ Միջին Արեւելեան քրիստոնէութեան կապը:
Խորհրդաժողովի փակումը կատարուեցաւ դոկտ. Մարինա Պեհերայի (Օքսֆորտ – Առաքելութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոն) կողմէ, առիթ տալով խորհրդաժողովի մասնակից-հետեւողներուն կատարելու իրենց մատնանշումներն ու նկատողութիւնները: