Նկատի ունենալով, որ՝ Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր Ս. Աթոռի վախճանեալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար, Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ Ընծայարանի Դ. եւ Գ. դասարանի սարկաւագները ներկայացուցին դասախօսական շարք մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին Անթիլիաս հաստատուելէն ետք գահակալած երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն մասին։
Դպրեվանքի սարկաւագները հերթաբար ներկայացուցին երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան, Աթոռակից Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան, Պետրոս Ա. Սարաճեան, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց, Զարեհ Ա. Փայասլեան, Խորէն Ա. Բարոյեան եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսները։ Սարկաւագները վեր առին վեհափառ հայրապետներուն կեանքը, ծառայական վաստակը եւ անոնց նուիրական ոգին՝ ի սպաս հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդին անսասանութեան։ Անոնք նաեւ շեշտեցին, թէ մեր հայրապետներուն ոգեշնչող ներկայութիւնը կը լեցնէ Դպրեվանքը՝ իր հոգեմտաւոր առաքելութեամբ եւ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր ազգային ծառայութեամբ։
Դասախօսութեան աւարտին, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, գնահատելով սարկաւագներուն ներկայացումները՝ դպրեվանեցիներուն ըսաւ. «Մեր կաթողիկոսները տեսիլք ունէին, որ օր մը իրենց ցանած հունտերը պիտի դառնան այսօրուան պտղատու եւ ծաղկազարդուած Կաթողիկոսութիւնը։ Անոնք տեսիլք ունէին, որ օր մը պիտի ունենան այնպիսի սերունդներ, Դպրեվանքի հոգեմտաւոր հնոցին մէջ թրծուած, որոնք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան ջահը վեր պահելով պիտի տանին ժողովուրդին։ Այսօր իրենց երազը իրականացած է, երբ հետեւինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկութեան համազգային առաքելութեան։ Մենք կոչուած ենք անոնց յիշատակը անմար պահելու՝ հաւատարիմ մնալով անոնց նուիրական կտակին եւ մանաւանդ աղօթելու մեր Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին համար, որ կը շարունակէ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով դարաւոր այս Ս. Աթոռին ազգանուէր ծառայութիւնը»։
Աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ մեծ ընտանիքին անունով, նորեկ աշակերտներուն նուիրեց Ժամագիրք եւ Աւագ Շաբաթ: