Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Լար

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայկական բա­ռերու ստու­գա­բանա­կան նոր մէկ յօ­դուա­ծով կը ներ­կա­յանամ ձե­զի այս մո­լար օրե­րուն, երբ ան­հաստատ զի­նադա­դար հաս­տա­տուած է Ար­ցա­խի մէջ, Հա­յաս­տա­նի սահ­մաննե­րը խո­ցելի ըլ­լալ կ՚երե­ւին, վար առեր ենք մեր «աղեղն ու լա­րը» (ղե­կավար­նե­րը հա­կառա­կոր­դի հետ նստած են բա­նակ­ցութիւննե­րու սե­ղան), իսկ ամե­նէն վա­տը, հայ­կա­կան քնա­րի քաղցր լա­րերը դադ­րած են հնչե­լէ ու հայ­րե­նիքի քա­ղաքա­կան վի­ճակն ալ է լա­րուած։ Այսպի­սի կա­ցու­թեան մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, որո­շեցի անդրա­դառ­նալ «լար» բա­ռին։ Ան­շուշտ Լա­րուս մը կը լեց­նէ անոր ոդի­սակա­նը, բայց մեր նպա­տակն է քիչ մը խա­ղալ անոր գրա­կան թե­լերուն վրայ։ Բայց նախ «լար»ին մէկ ծայ­րը կա­պենք Ոս­կե­դարուն, պինդ քա­շենք միւ­սը ու ամ­րացնենք ժա­մանա­կակից շրջա­նին, այ­նուհե­տեւ փոր­ձենք ճար­տա­րօրէն ճե­մել անոր վրայ, ինչպէս կ՛ընէ վար­պետ լա­րախա­ղաց մը։

Բնիկ է «լար» բա­ռը։ Անոր նախ­նա­կան ար­մա­տը կը նշա­նակէ «պտտել, ոլո­րել»։ Զայն կա­րելի է հա­մեմա­տել յու­նա­րէն εύληρα -էվ­լի­րա- «սանձ», լա­տինե­րէն lōrum «առա­սան, թոկ, պա­րան, սանձ» բա­ռերուն հետ։ Հա­յերէ­նի ճամ­բով բա­ռը ան­ցեր է վրա­ցերէն- ლარი -լա­րի-, որ անա­սու­նի աղի­քէ շի­նուած թել է։ Կա­նեփէ շի­նուած ըլ­լար, թէ աղի­քէ, այս միավան­կը եր­կու հա­զարա­մեակ քաղցր հնչիւն տո­ւաւ հա­յոց լե­զուին ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ անոր դա­լար մէկ մա­սը։

Մեր հի­ները «լար»ով սար­քեր եր­կու գոր­ծիք. զէնք եւ նո­ւագա­րան։ Չենք գի­տեր, թէ որ մէկն է աւե­լի հի­նը, բայց առա­ջինը կա­տարե­լագոր­ծեց հա­յոց անո­ւանա­դիր նա­խահայ­րը, Հայկ նա­հապե­տը, երբ շի­նեց լայ­նա­լիճ աղեղ, քա­շեց անոր լա­րը, ար­ձա­կեց եռա­թեւ նե­տը զայն հասցնե­լով իր թի­րախին։ Այդ պինդ լա­րը հայ ազ­գին շնոր­հեց ազա­տու­թիւն։ Այդ օրե­րու աւանդն է «լար աղե­ղան» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Նոյն օրե­րուն «լար» բա­ռը այլ ար­տա­յայ­տութիւննե­րով ալ կը պլպլար։ Գող­թան եր­գիչնե­րու մատ­նե­րով շար­ժե­ցին՝ «լար նո­ւագա­րանի», որմնա­դիր­նե­րը ար­ձա­կեցին՝ «լար շի­նողաց», ճար­տա­րապետ­նե­րը լա­րեցին՝ «լար ճար­տա­րու­թեան», դա­հիճ­նե­րը պրկե­ցին՝ «լար խեղդման», իսկ այն լա­րերը, որոնք ձա­խող էին, կո­չուե­ցան «լար ան­յարդար»։ Այս հա­մեստ եւ ծա­ռայա­սէր բա­ռը գոր­ծա­ծեցինք տա­րածու­թիւններ եւ հե­ռաւո­րու­թիւններ չա­փելու հա­մար։ Ահա միջ­նա­դարեան եր­կու վկա­յու­թիւն. «Լար եդեալ շրջէ զպա­րիսպն շուրջա­նակի», «Ան­ցաք գնա­ցաք լարս եր­կո­տասան»։ Ան նաեւ նշա­նակեց թա­կարդ, ծու­ղակ. «Կտրե­ցի լար խա­բէու­թեան»։ «Լար»ը դար­ձաւ բա­նաս­տեղծա­կան, երբ սկսաւ նշա­նակել խօս­քի եւ ձայ­նի շեշտ, երանգ, ապա ու­նե­ցաւ ալ աւե­լի քաղցր թրթռա­ցում, երբ հայ քեր­թո­ղը անոր պար­գե­ւեց նոր իմաստ՝ «հո­գիի, սրտի նո­ւիրա­կան զգաց­մունքը»։ Այ­նուհե­տեւ հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան էջե­րու մէջ յա­ճախ լսե­ցինք «ամ­րա­լար քնար», «զո­ւարթ լար», «քաղցր լար», «տրտում լար» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։

«Լար» ար­մա­տով շի­նուած բա­ռերու թի­ւը կը հաս­նի 80-ի։ Անոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը շի­նուած է 10-12-րդ դա­րերուն։ Ահա քա­նի մը հեշ­տա­լուր նմոյշ. լա­րաբա­ժին, լա­րաձայն, լա­րագիր, լա­րագ­նաց, լա­րախա­ղաց, լա­րասիւն,- (դժբախ­տա­բար ու­նինք նաեւ լա­րախեղդ եւ լա­րուա­ծու­թիւն բա­ռերը), աղե­տալար, թանձրա­լար, կարմրա­լար, մե­տաղա­լար, նե­տալար, տրտմա­լար։ Բառս սի­րեց թի­ւերու հետ կա­պեր հաս­տա­տել ու դառ­նալ՝ միալար, երկլար, կրկնա­լար, եռա­լար, երեք­լա­րեան, բազ­մա­լար։ Իսկ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, ան­համբեր կը սպա­սէք լսե­լու հա­մար, թէ ո՛րն է հա­յոց լե­զուի ամե­նաեր­կար լա­րը։ «Լա­րախա­ղացու­թիւն» բառն է ան, ըն­դա­մէնը 15 տառ։

Երբ բա­ռը ան­քակտե­լիօրէն ամ­րա­ցուած էր հա­յոց լե­զուին, մնաց խա­ղալ անոր հետ ու նո­ւագ­ներ ստեղ­ծել։ Այդպէս ըրաւ միջ­նա­դարու հայ գրի­չը։ Անա­նուն եր­գի մը մէջ սի­րահա­րը կ՚ըսէ. «Սրտիկս է աղեղ նման, գիր­կը դ լար է ափրշում» (մե­տաքս)։ Ան­տունիի մը մէջ սի­րոյ խօսք կայ աննման գե­ղեց­կուհիին. «Ես կար­մունճ կա­պիմ քո հա­մար, / Մարգրիտ շա­րիմ լա­րէ լար»։ Սա­յաթ-Նո­վայի եարը եր­գող լա՞ր էր. «Սի­րուն չոն­գուր-չանգ իս, լար իս սա­զաւուր»։ 16-րդ դա­րուն Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցին, որ յայտնի է իր աշ­խարհիկ, կեն­սուրախ տա­ղերով, ըսաւ, թէ որ­քան վախ­ցեր է եարի նա­յուած­քէն. «Ու­ներդ աղեղ լար է երակ, / Թար­թիչդ նետ է խիստ սրած»։ Մով­սէս Տա­թեւա­ցին «լար»ը յար­մար գտաւ սգա­լու հա­մար. «Շրթունքդ լար, կլափդ փայ­լուն, զիա՞րդ ի հող մա­ծար»։ Գրի­գոր Տա­թեւա­ցին, Տա­թեւ վան­քի վա­նահայ­րը, քե­րական, ու­սուցիչ, աս­տո­ւածա­բան, «լար» բա­ռը գոր­ծա­ծեց բա­րոյա­կան դաս մը տա­լու հա­մար,- եթէ մարդ լա­րը քա­շէ դէ­պի իր ան­ձը՝ պա­տերազմ է, իսկ դէ­պի դուրս՝ խա­ղաղու­թիւն։ Ահա այդ իմաս­տա­սիրա­կան խօս­քի բնա­գիրը. «Աղե­ղան կոյսն (կող­մը) դէպ ի թշնա­մին լի­նի, եւ լարն դէպ ի յինքն, խռո­վու­թիւն նշա­նակէ. զի կա­մի նետ ձգել։ Եւ թէ լարն դէպ ի դուրս է, եւ աղեղն ի յինքն, հաշ­տութիւն նշա­նակէ. զի չկա­մի նետ ձգել»։ Կի­լիկեան Հա­յաս­տա­նի պատ­մութիւ­նը կը յի­շէ, թէ «լար» բա­ռը լսե­լով կը սար­սա­փէին հա­ւատ­քի մէջ թե­րացող­նե­րը, քան­զի Հե­թում թա­գաւո­րի ժա­մանակ, անոնք որոնք կը հայ­հո­յէին, պա­քը չէին պա­հեր, եկե­ղեց­ւոյ կար­գե­րը չէին կա­տարեր, յի­շոց կու տա­յին՝ կը պատ­ժո­ւէին հե­տեւեալ ձե­ւով. «Բռնեն լե­զուն կտրեն կամ ծա­կեն, լար քա­շեն մի­ջովը, նա­խատինքնե­րով օր մը շրջեց­նեն»։ Կը յի­շէ՞ք, թէ լա­րը նաեւ կը նշա­նակէր թա­կարթ կամ ծու­ղակ։ Ահա Յով­հաննէս Օձ­նե­ցին, ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը, աս­տո­ւածա­բան, իմաս­տա­սէր, Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ «սուրբ» դա­սուած այր, որ յայտնի էր սրբա­կեաց վար­քով եւ բա­զում առա­քինու­թիւննե­րով, 710-720 թո­ւական­նե­րուն գրի առաւ տո­ղիկ մը, որ մին­չեւ այ­սօր մեզ կը զար­մացնէ. «Լար ձգե­ցին որո­գայթ ոտից իմոց, եւ եդին (դրին) ինձ գայ­թակղու­թիւն»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող հայ­կա­կան դա­սական գրա­կանու­թեան հրա­ժեշտ տալ կա­րելի չէ առանց անդրա­դառ­նա­լու ան­ձի մը, որ ու­նէր հայ­կա­կան քնա­րի ամե­նէն զօ­րաւոր լա­րը։ Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանն է ան։ Ալի­շանն է, որ «լար» բա­ռը գոր­ծա­ծեց բո­լորէն աւե­լի, զայն հնչե­ցուց բազ­մա­լար շեշ­տե­րով։ Անոր քնա­րը մերթ կ՚ըլ­լար տրտմա­լար, մերթ քաղցրա­լար, կ՚ըլ­լար մերթ մեղ­մա­լար եւ մերթ լայ­նա­լար։ Եկէք հի­մա ան­հուն լա­րու­մով մը ականջ տանք անոր քնա­րին։ Ծո­վու շա­ռաչին գո­վասանք, «Ձայնն այն պահ ընդ պահ հնչեալ շա­ռաչա­շուփ՝ քաղցր է լար», գո­վասանք մշտաձ­մեռ լե­րան գա­գաթին, «Քնար լա­րեմ ի սարսռուտ սար սա­ռամա­նեացս», նո­րըն­ծայ աբե­ղային հո­գեւոր աս­պա­րէզի նկատ­մամբ խրատ, «Անդ ոչ սա­կաւ լա­րեալ կան / Քեզ եւ ծու­ղակք եւ դա­րան, / Ահա պնդեա զքեզ, որ­դեակ», բա­րոյա­կան մար­տի հրա­ւէր՝ կոյ­սե­րու հա­մար, «Առեալ զհաղբ ձեր եւ լար / Ի բաց ելէք վայ­րա­պար», մա­նուկ երա­ժիշ­տի գո­վասանք. «Խա­ղաս ի լար գե­ղաշուք… Թե­թեւա­շարժ լա­րեալ զկիրթ աղեղ­նիկ / Յան­հուն գնաս աս­պա­րէզ», հո­վիւ­նե­րու պա­րը լսե­լով մա­նուկ Յի­սու­սի ծնունդը, «Կա­մարա­ձեւ երկնից լար / Զի՞նչ մեզ հնչեն ան­դա­դար», Տի­րամօր նո­ւիրուած խօսք, «Լե­զու հրեշ­տա­կաց էր լար»։ Ալի­շանին կը պատ­կա­նին նաեւ հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «լար փափ­կա­լուր», «քստմնա­սար­սուռ լար», «լար ող­բա­կան», «շա­ւիղ կարմրա­լար», «լար տխուր քնա­րիս», «մա­հու լար», «քաղցր ի ճռինչ լա­րեալ հնչէր ընդ զո­ւարթնոց»։ Ի՞նչ էր անոր լա­րին աղ­բիւրը։ Ին­քը, վար­դա­պետը կը պա­տաս­խա­նեց, գոր­ծա­ծելով «Աս­տո­ւածա­լար» խիստ ըն­տիր ածա­կանը. «Յաս­տո­ւածա­լար քնա­րէ՝ ի խո­րոց սրտին՝ ար­ձա­կէ նո­ւագս զմայ­լա­ւանս»։

Շա­բաթ մը յե­տոյ դուք կը լսէք, թէ հո­գիի եւ սրտի նո­ւիրա­կան ի՞նչ զգաց­մունքներ եր­գե­ցին Վա­րու­ժաննե­րու, Եսա­յեան­նե­րու, Ինտրա­ներու լա­րերը։ Մին­չեւ այդ օրը, հե­ռու մնա­ցէք տրտմա­լար եր­գե­րէ եւ լարուածութիններէ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img