Լիբանան այսօր սկսաւ կիրառել 6 շաբաթներու վրայ երկարող՝ արգելափակումներէ հանգրուանաբար դուրս գալու գործընթացը: Հակառակ տակաւին բարձր ցուցանիշ արձանագրող համավարակին կառավարութիւնը տնտեսութիւնը փրկելու մտահոգութեամբ սկսաւ քայլերու ձեռնարկել վերաբանալու շուկան:
Այսօրուընէ սկսեալ սուփըրմարքէթներ, պանքեր եւ կարգ մը գործարաններ պիտի բանան իրենց դռները, մինչ քաղաքացիներ իրենց տունէ դուրս պիտի գան յատուկ արտօնութիւններով: Երկու շաբաթ վերջ յաւելեալ չեղարկումներ պիտի կատարուին արգելափակումներու օրէնքին մէջ եւ այսպէս շարունակաբար մինչեւ ամբողջական վերաբացում: