Սուրբ Աթոռիս աւանդութեան համաձայն, Փետրուար ամսուն առաջին Կիրակիին, տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ հոգիներուն համար Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասական շրջանին գահակալած ու ծառայած երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգելոյս միաբան հայրերուն։
Առ այդ, Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ միաբանական դամբարան-յուշարձան, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ «վասն հոգւոցն հանգուցեալ հայրապետացն Սրբոյ Աթոռոյս եւ համայն միաբանից Ուխտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»։
Ամէն տարի այս օրերուն կատարուող յիշեալ հոգեհանգստեան արարողութիւնը յիշեցում մըն է ու միաժամանակ մարտահրաւէր մը մեր Ս. Աթոռի հոգեւոր հայրերուն, վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով շարունակելու մեր երախտարժան հայրապետներէն մեզի ժառանգ մնացած սրբազան առաքելութիւնը եւ առաւել եւս ամրապնդուելու մեր կոչումին ու հաւատքին մէջ՝ ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառացումն հայ եկեղեցւոյ եւ ի ծառայութիւն ազգիս հայոց։