Բարսեղ Տինանեան Մովսէսի (1887, Ռոտոսթօ, Թուրքիա- 8 Փետրուար 1965, Կ. Պոլիս), հայ բժիշկ, հասարակական գործիչ, ուսուցիչ։
Ծնած է 1887 թուականին Թուրքիոյ եւրոպական մասի՝ Ռոդոսթօ քաղաքը, բժիշկ Մովսէս Տինանեանի ընտանիքէն ներս։ 1906 թուականին աւարտած է Կ. Պոլիս՝ ասիական կողմի, Սկիւտար թաղամասի Պէրպէրեան վարժարանը։ 1911 թուականի Փետրուար 15-ին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժինը։ Եղած է ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ։ 1911 թուականին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ որպէս բժիշկ աշխատած։
1912 թուականին՝ Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Ատրիանապոլիս քաղաքին մէջ, Օսմանեան բանակի բժիշկ ծառայած է՝ հարիւրապետի աստիճանով։ 1913-1914 թուականներուն մնայուն օգնական բժիշկ աշխատած է Կ. Պոլսի Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի արտաքին բաժինէն ներս։ 1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ծառայած է Կ. Պոլսի Պուլկարական հիւանդանոցին մէջ։ Պարգեւատրուած է պուլկարական արքունիքի «Կարմիր խաչ» շքանշանով։ 1915 թուականի Ապրիլին բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած Չանղըրը։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչին՝ 99 հատիկներէն 41-րդին վրայ։ Վերապրած է։
Եղած է 1919 թուականի Ապրիլ 11 (24)-ին՝ Մեծ Եղեռնին նուիրուած առաջին սգահանդէսին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն։ Եղած է հանրային գործիչ, երկար տարիներ՝ «Կարմիր խաչի» Կ. Պոլսոյ մասնաճիւղի ատենապետն ու Գարակէօզեան տան (որբանոց) մնայուն բժիշկը։ Զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ։ Կ. Պոլսոյ Եսայեան վարժարանէն ներս դասաւանդած է առողջապահութիւն եւ կենսաբանութիւն առարկաները։ Իր նախաձեռնութեամբ նոյն վարժարանին մէջ՝ հիւանդապահներու, դասընթաց կազմակերպած եւ դասաւանդած է։ Տարեգիրքերու եւ օրաթերթերու էջերուն մէջ տպագրուած բժշկագիտական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու հեղինակ է։ Եղած է լաւ ջութակահար եւ բարձր գնահատանքի արժանացած՝ արուեստասէր շրջանակներէն ներս։
Մահացած է 1965 թուականի Փետրուար 8-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ՝ 78 տարեկան հասակին։ Զաւակներէն՝ Ժիրայր Տինանեան, բնակած է Փարիզ եւ եղած՝ ներքին ու սրտային հիւանդութիւններու բժիշկ։