Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն. Հերթական Սուտը Կամ Ժողովուրդին Ձեռք Առնելու Արուեստը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Նիկոլ Փաշինեան  խոստացած   էր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել 2021-ին։ Քայլ մը, որ ընդդիմութեան կողմէ ընդունելի չէր այն առումով, որ ընդդիմութիւնը ոչ մէկ կերպով համաձայն էր ներկայ իշխանութեան կազմակերպած ընտրութիւններուն մասնակցելու: Այսուամենայնիւ առաջարկուածը Փաշինեանին կողմէ նախաքայլ էր տեղի տալու առկայ ճնշումներուն:

Պարզուեցաւ, որ խոստումը հերթական սուտ մըն էր, ժամանակ շահելու: Արդարեւ Փետրուար 7-ին՝ Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը, ըստ իր յայտարարութեան,  հանդիպում  ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Հանդիպման հետեւանքով, խմբակցութիւնը մերժած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու երթալ, այն պատճառաբանութեամբ, որ  վարչապետի սոյն առաջարկը դրական արձագանգ չէ ստացած խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէն։ Հետեւաբար «Իմ Քայլը» իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր վարչապետին եւ կառավարութեան, որոնք հիմնուելով «Իմ Քայլ»ի զօրակցութեան վրայ՝ «ճարահատ» ստիպուած պիտի ըլլան մնալու իշխանութեան վրայ…:

Սոյն բեմադրութեամբ, ժողովուրդին ձեռք առնելու արուեստի վարպետ երկրին գլխաւոր ղեկավարը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք անվստահելի անձ է ինչ կը վերաբերի խոստում յարգելու:  Ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ ինք լաւ իւրացուցած է մէկ ձեռքով տալու իսկ միւսով ետ առնելու աճպարարական ձիրքը: Որո՞ւն համար գաղտնիք է, թէ «Իմ Քայլը» կոչուած խորհրդարանական խմբակցութիւնը, որ պատմական թիւրիմացութեան մը շնորհիւ հասաւ խորհրդարան, պարզապէս հլու կամակատարն է զինք այնտեղ հասցնող անձին: Հետեւաբար հեշտ է օր մը բան խոստանալ իսկ միւս օր խոստումէն հրաժարիլ այն պատճառաբանութեամբ, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը մերժած է առաջարկը…:

Կարծէք այսքան կեղծիք չէր բաւեր: Խորհրդարանական մեծամասնութեան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Փաշինեան հանդէս եկաւ 15 կէտերէ բաղկացած «ճանապարհային քարտէսով» մը՝ իր իշխանութեան յաջորդ ամիսներուն «իրագործելիք» ծրագիրներուն մասին, որ խորքին մէջ ոչ մէկ նոր բան կը պարունակէ: Իրականութեան մէջ ան ոչինչ է բացի ժողովուրդին քիթին խնդալէն:

Թէ այս լարախաղացութիւնը մինչեւ ո՞ւր կրնայ շարունակուիլ յստակ չէ, մանաւանդ, որ Փաշինեան բախտաւոր է այն փաստով, որ ընդդիմութեան բաղադրութիւնը եւ աշխատանքի ձեւն ու ոճը աւելի կը նպաստեն Փաշինեանի իշխանութեան երկարաձգումին քան հրաժարականի մղումին…: Սակայն կայ մէկ յստակ բան, որ «Իմ Քայլ»ի յայտարարութիւնը կրնայ հետեւանքը ըլլալ այն տուեալներուն, թէ իրենց վարկը այնքան ինկած է, որ անկարելի է արտահերթ ընտրութիւններու կայացումով վերարտադրուիլ: Հետեւաբար պէտք է իշխանութիւնը ամէն գնով ձեռքի մէջ պահել, ի պահանջեալ հարկին՝ Վարչապետի կողմէ նոր խոստումներով կամ առաջարկութիւններով եւ Ազգային Ժողովի այպէս կոչուած մեծամասնութեան կողմէ իբր թէ զայն մերժելու բեմադրութիւններով…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img