Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Դէպի Ո՞ւր Կ՚երթայ Մեր Հայաստանը. Դէպի Թէ՞ժ Փուլ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«Արեւելք» կը գրէ.

Ժամեր առաջ իշխանական «Իմ Քայլ» խմբակցութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը շատ յստակ կերպով կ՚ընդգծէ, որ յառաջիկայ ամիսները Հայաստանի համար պիտի ըլլան բաւական «թէժ» ամիսներ։

Խօսքն անշուշտ արտահերթ ընտրութիւններու առաջարկէն ընդհանրապէս հրաժարելու մասին է, որ նաեւ ինչ որ կերպ յստակ փորձ է ամրապնդելու Փաշինեանի եւ իր սեղմ վարչախումբին քաղաքական յենարանները։

Ժողովուրդին անունով խօսելէ, ու ժողովուրդը որպէս վահան գործածելէ անդին գործող իշխանութիւնները «վճռած» են ամէն ինչ ընել պահելու համար իրենց իշխանութիւնը։

Այլ խօսք, որ եթէ այսօր ընտրութիւններ կայացուին այսօրուան իշխանութիւնը, ինչ տոկոս քուէ պիտի կարողանայ հաւաքել, կամ թէ հաւաքուած քուէները արդեօք իրողապէս բաւարար պիտի ըլլան, որ «Իմ քայլ»ականները առանց խափանումի, եւ արձակուած ձեռքերով գործեն։

Այստեղ անշուշտ կը ծագի հիմնական խնդիր, որովհետեւ առկայ իրավիճակը, որ ոչ մէկ կերպ բնականոն իրավիճակ մըն է, ունի բազմերանգ հանգոյցներ, որոնց լուծումը ժողովուրդը, կամ ընտրող մասսան չէ որ պիտի տան։

Մեզի կը թուի նաեւ, որ ստեղծուած դրութիւնը ամոքելու ամենաիրաւական միջոցը սահմանադրական ճանապարհն է, որ ինչ-ինչ պատճառներով դարձած է անազդու գործիք։

Մենք տագնապահար ենք. Տուած ենք մեծ կորուստներ, կորսնցուցած են մեծ տարածքներ, ունինք հարիւրաւոր գերիներ, տնտեսական բարդ դրութեան առջեւ ենք ու այս բոլորէն անդին կ՚ապրինք ներ-քաղաքական անհանգիստ իրավիճակ մը։

Այս բոլորին կողքին յստակ է նաեւ, որ ընտրութիւններու բարեյաջող անցակման պարագային մենք առիթ պիտի ունենայինք աւելի յստակ եւ համընդհանուր պրիսմակով մը հաւաքել քաղաքական պատկերի համընդհանուր գոլաժը ու մտնել պարտութիւնէն դէպի յաղթանակ երթալու իրական փուլը։

Սակայն այդպէս չէ իրավիճակը։

Թերեւս, առանց կանխամտածուած մօտեցումի, այսօր իշխանութիւնները արտահերթ ընտրութիւններու սահմանադրական վերջին ճանապարհը փակելով երկիրը կրնան տանիլ շատ աւելի դժուար ճանապարհով մը։

Որոշումը իրենց ձեռքն է, ու աւելի քան յստակ է, որ ներքին համերաշխութեան բացակայութեան մթնոլորտին մէջ նոյն իշխանութիւնները ամէն օր պիտի նահանջեն ու քայլ մը ետ երթան, մինչեւ այն պահը, երբ «ժողովրդային կամք»ի մեծ պահը հասուննայ եւ նոյն ժողովուրդը, որ զիրենք շուրջ  2 տարի առաջ իշխանութեան բերաւ «շախ մատ» մը ընելով զիրենք ուղարկէ, հոն ուր պէտք է ուղարկէ…։

Ի դէպ փաստ է նաեւ, որ այս մակարդակի գործընթացներու պարագային հարկը կայ ժամանակի գործօնին, որուն շնորհիւ ալ «ամլացած» կարծուող ժողովուրդի «լոքոմոթիւ»ը, իր տեղէն պիտի շարժի ու Հայաստանը տանի աւելի պայծառ օրերու։

Լաւ չէ անշուշտ փակել սահմանադրական ճանապարհի վերջին պատուհանը ու հաշուի չառնել, որ ընտրութեանց ճամբով, իր ժողովուրդին կռնակ դարձուցած իշխանութիւնը, մեծ առիթ ունի պահպանելու բոլոր մակարդակի այն թէզերը, որոնք կամաց-կամաց պիտի կարողանան ուտել իր թեւերը։

Փաստ է, որ ընտրութիւնները ջնջելու «առաջարկ»ով իշխանութիւնները Հայաստանը պիտի տանին դէպի աւելի վտանգաւոր եւ նոյնիսկ լարուած ժամանակի մը, որուն համար ալ անոնք պատրաստ պէտք է ըլլան կրելու ամբողջական պատասխանատուութիւն։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img