Երեսփոխան Ժան Օպէյտ երէկ մահացաւ «Քորոնա»ի հետեւանքով։
1939 -ին Զղարթա գաւառին մերձ ծնած Ժան Օպէյտ հանրային կեանք մուտք գործած է, որպէս լրագրող եւ կարճ ժամանակ մը ետք դարձած է արաբական աշխարհի մէջ հեղինակաւոր անուն։
Օպէյտ իր լրագրական կեանքի իր օրերուն բազմածիր կապեր հաստատած է արաբ շարք մը կարեւոր առաջնորդներու հետ:
Աւելի ուշ 1970-ականներուն ան կը մտնէ քաղաքական դաշտ ընտրուելով երեսփոխան՝ Լիբանանի խորհրդարանին։
1990 -ականներուն գործակցած է վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին հետ, որուն գլխաւորած կառավարութիւններուն մէջ ստանձնած է նախարարական պաշտօններ։
Օպէյտ հաւատացողն էր արաբական գիծին
Լիբանանի առնուազն վերջին երեք նախագահներու ընտրութիւններու օրերուն Օպէյտի անունը շրջանառութեան մէջ դրուած է, որպէս հաւասարակշռուած, արաբական գիծին հաւատացող եւ Սուրիոյ հանդէպ դրական կապեր ունեցող նախագահական թեկնածու, սակայն տարբեր հանգամանքներու բերումով ալ ան դուրս մնացած ընտրական պայքարներէն։