Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Իմ Տեսանկիւնէն. Ամերիկայի Իշխանափոխութիւնը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ըստ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան՝ Նախագահը կ՛ընտրուի չորս տարուան շրջանի մը համար եւ կրնայ վերընտրուիլ, չորս տարուան շրջանի մը համար եւս։

Միացեալ Նահանգներու 32րդ Նախագահը՝ Ֆրանքլին Տ. Ռուզուելթը (1933-45), միակ Նախագահն է որ չորս անգամ ընտրուեցաւ։ Ան սակայն իր չորրորդ շրջանը չաւարտած մահացաւ՝ հիւանդութեան պատճառաւ, եւ զինք փոխարինեց Փոխ-Նախագահ Հէրի Թրումընը։ Եթէ կը յիշէք՝ Թրումընի հրահանգով էր որ Ճափոնի Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքներուն վրայ աթոմական ռումբեր արձակուեցան 6 եւ 9 Օգոստոս 1945-ին, պատճառելով մարդկային մեծ կորուստներ . . .

Նախագահ Ռուզուելթի չորս անգամ ընտրուիլը մտահոգութիւն պատճառեց պետական շրջանակներուն մօտ, որովհետեւ անոնք կը խորհէին թէ այդպիսով երկիրը կրնայ մենատիրութեան առաջնորդուիլ։ Ուստի՝ որպէսզի այդ երեւոյթը չկրկնուի, 1951-ին՝ սահմանադրութեան 22րդ բարեփոխումով (amendment) նախագահի մը պաշտօնավարութեան շրջանը սահմանափակուեցաւ երկու՝ չորս տարուան շրջանով։

Սակայն եղած են նախագահներ, որոնք կրցած են միայն մէկ շրջան պաշտօնավարել։ Օրինակ մեր ժամանակաշրջանին մէջ՝ Ճիմի Քարթըրը, հայր Ճորճ Պուշը եւ Տանըլտ Թրափը։

Այս ներածականէն ետք, հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին՝ իշխանափոխութեան անպատեհութիւններուն։ Անպատեհութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան երբ շրջանը աւարտած նախագահն ու նորընտիր նախագահը պատկանին ընդդիմադրիր կուսակցութեանց։ Այսպիսին էր պարագան անցեալ տարուան ընտրութեանց, երբ հանրապետական Թրամփ փոխարինուեցաւ ռամկավար Պայտընով։

Ուրեմն Նախագահ Պայտըն Նախագահ Թրամփի առած որոշումներէն շատերը բեկանեց եւ նոր որոշումներ առաւ։ Նախագահ Պայտըն իր պաշտօնավարութեան առաջին երկու շաբաթուան ընթացքին ստորագրեց 28 վարչական հրամաններ (executive orders) եւ երկու նամակներ։ Իրմէ առաջ ոչ մէկ նախագահ՝ նոյն ժամանակամիջոցի ընթացքին, այսքան մեծ թիւով վարչական հրամաններ չէ ստորագրած։ Սա ալ ըսեմ որ վարչական որոշումները օրէնքի կ՛անցնին առանց Ծերակոյտին կամ Ներկայացուցիչներու Տան վաւերացումին։

Նախ գանք այդ երկու նամակներու բովանդակութեան։ Անոնցմէ մէկով՝ Ամերիկան կը վերամիանայ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան (World Health Organization), իսկ միւսով՝ Ամերիկան կը վերամիանայ Փարիզի Մթնոլորտային Համաձայնութեան (Paris Climate Agreement)։

Յիշեցնենք որ Փարիզի Մթնոլորտային Համաձայնութիւնը ստորագրուած էր 2015-ին։ Այդ համաձայնութեամբ՝ անդամ երկիրները կը խոստանան պակսեցնելու ջերմոցային կազերու արձակումը (Greenhouse Gas Emissions) դէպի մթնոլորտ:

Նախկին Նախագահ Թրամփ դուրս եկաւ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութենէն որովհետեւ անդամ երկիրները չէին վճարեր իրենց բաժինը։ Իսկ ան դուրս եկաւ Փարիզի Մթնոլորտային Համաձայնութենէն որովհետեւ չէր հաւատար երկրագունդի ջերուցման եւ կլիմայի փոփոխութեան (global warming and climate change) վարկածին։

Գալով Նախագահ Պայտընի ստորագրած վարչական հրամաններուն, անոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալ կարեւոր կէտերը։

  • Ան կասեցուց Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի սահմանի երկարութեան կառուցուելիք պատի շինութիւնը, առարկելով որ անմարդկային է ան։
  • Ան կասեցուց Գանատայէն Ամերիկա երկարող նաւթախողովակի (Keystone XL Pipeline) կառուցումը, մթնոլորտային մտահոգութեանց պատճառաւ։
  • Ան յետս կոչեց Ամերիկա մուտք գործելու սեղմումները՝ բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամ եղող եօթը երկիրներէ։ Նախկին Նախագահ Թրամփ զանոնք կոչած էր ահաբեկիչներ եւ ոճրագործներ։
  • Ան դարձեալ մաս պիտի կազմէ Իրանի Միջուկային Զէնքի Համաձայնութեան, որմէ դուրս եկած էր նախկին Նախագահ Թրամփ, պատճառաբանելով որ անանկով՝ կրնայ աւելի պատժամիջոցներ (sanctions) բանեցնել Իրանի վրայ։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ Իրանի Միջուկային Զէնքի համաձայնութիւնը ստորագրուած էր 2015 թուականին եւ ի զօրու է մինչեւ 2023 թուականը։ Այդ համաձայնութեամբ՝ Իրան կը խոստանար կասեցնել միջուկային զէնքի կառուցումը եւ փոխարէնը, Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պիտի վերցնէին իրենց պատժամիջոցները։

Այդ համաձայնութիւնը ստորագրած էին Միացեալ Նահանգները, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Չինաստանը, Ռուսիան, Գերմանիան եւ Ֆրանսան։

Ուրեմն սա է իշխանութեան փոփոխութեան անպատեհութիւնը։ Ամէն նոր նախագահ իր ծրագիրը յառաջ կը տանի, բեկանելով նախկինին ծրագիրները՝ որքան որ ալ ժողովուրդին օգտակար եղած ըլլան անոնք . . . Մէկ խօսքով՝ մէկուն շինածը, միւսը կը քանդէ!

Նոյնը ըրաւ Նախագահ Թրամփ՝ երբ ան յաջորդեց Նախագահ Օպամային։ Այսինքն՝ պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, այնպէս չէ՞!      

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img