Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մշակութային Արձագանգ. «Զարցանց 2.0». Արեւմտահայերէնի Կախարդական Ուժը՝ Առցանց

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Արդեօք կարելի՞ է երեւակայել մանուկներու եւ երիտասարդներու ուղղուած լեզուի ծրագիր մը, որ ըլլայ միայն առցանց եւ այսուհանդերձ հնարաւորութիւնը ընծայէ իսկապէս «սուզուելու» լեզուին մէջ: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը այդ հարցումին դէմ յանդիման գտնուեցաւ, երբ ստիպուած եղաւ 2020ի «Զարմանազան»ը ջնջելու, համաճարակին պատճառով:

Պահ մը վարանելէ ետք, պատասխանը եղաւ՝ «Այո՛, պէտք է փորձենք»: Եւ այդ որոշումը իրականութիւն դարձնելու համար մտաւ անկոխ բնագաւառ մը:

Այսպիսով, ամառնային լեզուի «ճամբար»ը, որ մինչեւ հիմա 10էն 24 տարեկան մանուկներ եւ երիտասարդներ ներշնչած էր, որպէսզի սորվին եւ ստեղծեն արեւմտահայերէնով, փոխադրուեցաւ թուային աշխարհ: Միասին ըլլալու, մտերմանալու, միասնաբար աշխատելու, խումբով գործի մը նուիրուելու զգացումը պէտք է հիմա փոխադրուէր այդ աշխարհը, առանց կորսնցնելու լեզուին վրայ կեդրոնացումը: Նոր նախաձեռնութիւնը կոչուեցաւ «Զարցանց 2.0», «Զար»ը փոխ առնելով «Զարմանազան»էն եւ «ցանց»ը պահելով, յիշեցնելու համար նոր ծրագիրին բնոյթը: Անշուշտ «2.0»ն կը խորհրդանշէր թէ՛ 2020 տագնապալից թուականի դժուարութիւնները, թէ՛ «Զարմանազան»ին հետ հիմնական կապը:

Էական կէտերէն մէկը եղաւ դիւրամատչելի հարթակ մը պատրաստել, «Զարցանց 2.0»ին պահանջներուն համաձայն: Այդ հարթակին ընդմէջէն՝ մասնակցողները կրնային իրենց նախասիրութիւնները ճշդորոշել, տարբեր աշխատանոցներու մասին տեղեկութիւններ քաղել, արձանագրուիլ, իրենց սեփական ժամանակացոյցը աչքի առջեւ ունենալով: Բոլոր մասնակցողները առօրեայ առնուազն երեք աշխատանոցի պէտք է արձանագրուած ըլլային (թէեւ շատ յաճախ երեքէն աւելի կ՛ըլլային իրենց ընտրութիւնները): Աշխատանոցները տեղի ունեցան «Զում»ի միջոցաւ, իւրաքանչիւրը 40 վայրկեան տեւողութեամբ: Բովանդակութեան համաձայն՝ անոնք կա՛մ տարիքային ձեւով նախատեսուած էին կամ ալ բոլորին բաց էին, որպէսզի կարելի ըլլար մասնակցողներուն միջեւ միջտարիքային փոխներգործութիւնը: Աշխատանոցները մասնակցողներուն միայն բաց էին, բայց անկէ դուրս՝ պլոկ մը ստեղծուած էր ծնողները տեղեակ պահելու նպատակով:

Բոլոր աշխատանոցները, յատկապէս «Զարցանց 2.0»ին համար յղացուեցան եւ ամէն շաբաթ փոխուեցան: Առաջարկուած նիւթերուն եւ աշխատանոցներուն կարգին կարելի է յիշել հետեւեալները. երաժշտութիւն, նկարչութիւն, խոհարարութիւն, շարժումներով արտայայտութիւն, «եոկա«, «օրիկամի», լուսանկարչութիւն, գիտական փորձարկումներ, արեւմտահայերէն գրելու եւ ընթերցումի (ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան) աշխատանոցներ, առարկաներու թատրոն, շարժապատկեր, «Զարմանատուն» թերթի պատրաստութիւն եւ «Զարմանաձայն» ձայնասփիւռի հաղորդումները: Կար մինչեւ իսկ հայերէնով ուսողութեան բառապաշարով զբաղող աշխատանոց մը, հինգ նուիրեալ մասնակցողներով:

«Զարցանց 2.0»ի օրը կը սկսէր մասնակցողներուն կողմէ ամէն օր տարբեր պարունակութեամբ պատրաստուած «Բարի Լոյս»ի տեսերիզով մը, եւ կը վերջանար ուղիղ հոսքով «Պայթոցարան» փոխներգործօն հաղորդումով մը (YouTube-ի վրայ), որ կը բովանդակէր խաղեր, համերգային ելոյթներ եւ առցանց «ճամբար»ին յատուկ ամէնօրեայ փորձառութիւններուն շուրջ պատմութիւններ:

Քանի որ առցանց հարթակը կը գործէր բոլորովին եւ միայն հայերէնով, շուտով հայերէնով թուային բառապաշար մը կազմուեցաւ ու բոլորին տրամադրելի դարձուեցաւ: Մասնակցողները կը սորվէին «օրուան բառ»ը, եւ առցանց բառարանը ամէն օր կ՛աճէր նոր բառերով, ինչպէս՝ «ներբեռնել», «յղում», «լիցքաւորել», եւ շատ մը ուրիշներ: Բառարանը այնքան ճոխացաւ, որ վերջաւորութեան 100 բառեր կը պարունակէր: Առաւել եւս՝ 600 յարակից բառեր թարգմանուեցան, «Զարցանց»ի համակարգը ամբողջովին հայերէն դարձնելով: Այսպիսով, «Զարցանց»ը ստեղծած եղաւ տարածք մը, որուն մէջ հայերէնը բոլորովին ներգրաւուած էր թուային ոլորտին մէջ:

«Զարցանց 2.0»ին 50 պատանիներ եւ երիտասարդներ մասնակցեցան: Անոնցմէ 33ը կը պատկանէին 10էն 17 տարեկաններու խումբին, իսկ 17ն՝ 18էն 24 տարեկաններու խումբին: Ծրագիրները մշակեցին եւ վարեցին 22 ուղեկիցներ, առաւել՝ արհեստագիտական հարցերով զբաղող մասնագէտներու պզտիկ խմբակ մը: Մասնակցողները «եկած» էին զանազան երկիրներէ՝ Արժանթին, Հայաստան, Պելճիքա, Գանատա, Ֆրանսա, Յունաստան, Լիբանան, Փորթուկալ, Թուրքիա, Մեծն Պրիթանիա եւ Միացեալ Նահանգներ: 12 Յուլիսէն մինչեւ 7 Օգոստոս  երկարող չորս շաբթներուն ընթացքին, 1200 պատկերներ եւ 250 տեսերիզեր արտադրուեցան, 96 աշխատանոցներ բացուեցան «Զում»ով 670 հաւաքոյթներու միջոցաւ, ընդամէնը՝ 64,000 վայրկեան: Առցանց հարթակին վրայ, 300 էջեր պատրաստուեցան ու ներկայացուեցան, եւ ծնողներուն համար գրուեցան պլոկի 25 էջեր։

«Զարցանց 2.0»ն պատճառ եղաւ որ երիտասարդները եւ ծնողները հայերէն խօսին օրն ի բուն: Երկրագունդին շուրջ բազմաթիւ ընտանիքներ միասին՝ սփռուած ուղիղ հոսքով իրադարձութիւնները վայելեցին, պլոկը կարդացին կամ «Բարի Լոյս»ի տեսերիզները դիտեցին: Ճիշդ է որ չկային ֆիզիքական շփումը եւ ներկայութիւնը, բայց ընտանութեան եւ միասնութեան հզօր զգացումներ շրջանառութեան մէջ դրուեցան աշխարհի մէկ ծագէն միւսը:

«Զարցանց 2.0»ն ստեղծագործելու, զուարճանալու եւ հայերէն լեզուի գործածութեան հանդէպ յանձնառու զգալու երեւոյթներուն վրայ հիմնուած էր», նշեց Ռազմիկ Փանոսեան, Հայկական բաժանմունքին տնօրէնը: «Մեզի տուաւ ամբողջովին նոր հայեցակէտ մը եւ փորձառութիւն մը, առցանց աշխատանքներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ լեզու սորվելու ուղղութեամբ: Անոր յաջողութիւնը քաջալերանք պիտի ըլլայ մեզի. ապագային պիտի փորձենք նեցուկ կանգնիլ նոյնանման նախաձեռնութիւններու»:

«Զարցանց 2.0»ն ամբողջովին առցանց եղանակով տեղի ունեցաւ 12 Յուլիսէն մինչեւ 7 Օգոստոս: Մասնակցութիւնը վերապահուած էր անոնց, որոնք արդէն իսկ արձանագրուած էին «Զարմանազան 2020»ին: Կազմակերպիչն էր «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութիւնը (Ֆրանսա), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օգնութեամբ եւ անոր սերտ գործակցութեամբ:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img