Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայ հայրերուն, Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2021-ին, Ս․ Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ Լիբանանի Հայոց Թեմէն ներս ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներուն:
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ թէեւ համաճարակի ներկայ պայմաններուն մէջ, Ս․ Ղեւոնդեանց տօնը չի նշուիր նախորդ տարիմերու տօնական նկարագրով, այլ սակայն, այս առթիւ պարտական էինք յարգանքի մեր տուրք մատուցել հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան եւ մեր ժողովուրդի ծառայութեան գործին մէջ եղած Թեմիս հանգուցեալ առաջնորդներուն եւ քահանայ հայրերուն, որոնք իրենց աշխատանքովն ու նուիրումովը, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս զետեղեցին քրիստոնէական առաքինութիւններ եւ սերմանեցին հայրենասիրութեան ոգի։
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այսօր ալ, մեր ապրած կեանքի պայմաններուն մէջ, մենք ալ պարտաւոր ենք մեր սեփական նուիրումովն ու ծառայութեամբը, շարունակաբար ըլլաու Լիբանանահայութեան կողքին, որպէսզի աւելի պայծառ օրերու հեռանկարով, համատեղ ճիգերով յաղթահարուին մեզ շրջապատող կեանքի տագնապներն ու դժուարութիւնները։
Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրակացուց մաղթելով, որ Աստուած զօրացնէ մեր բոլոր հոգեւորականներն ու Եկեղեցւոյ սպասաւորները եւ զիրենք անխախտ պահէ իրենց կոչումին մէջ, որպէսզի ծառայութեամբ եւ հոգեւորականի վայել նուիրումով, անոնք հասնին նաեւ արդարութեան պսակին։