Մինչ Լիբանան կը սպասէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ֆրանսայի մէջ կատարած խօսակցութիւններուն արդիւնքին, ամէն բան ցոյց կու տայ, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնը կ՛արժանանայ արաբական շարք մը երկիրներու նեցուկին: Այս հանգամանքը, աւելի եւս հաւանական կը դարձնէ նշեալ նախաձեռնութեան յաջողութիւնը:
Արաբական նեցուկը կենսական է վերաշխուժացնելու ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի Լիբանանի մէջ յառաջացնել, ոչ քաղաքական արհեստավարժներէ կազմուած կառավարութիւն մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ երկիրը դուրս բերել իր ճգնաժամէն:
Նշենք, որ 2019-էն ի վեր լիբանանեան դրամանիշը կորսնցուցած տոլարի դէմ իր ունեցած արժէքին 80 տոկոսը, մինչ իր 6 միլիոն հաշուող բնակչութեան շուրջ կէսը կապրի աղքատութեան չափանիշէն վար գտնուող գիծին վրայ: