ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Արցախի ինքնահռչակ անկախ հանրապետութեան դէմ վերջին պատերազմին ամօթալի արդիւնքը անսպասելի չէր, որովհետեւ վերջին 26 տարիներու ընթացքին (1994-2020) հայկական կողմը չգիտցաւ տէր կանգնիլ 1994 թուի յաղթանակին, պաշտպանել ու զօրացնել Արցախն ու Արեւելահայաստանը. Արցախը զօրացնելով՝ ազատագրուած տարածքներուն վրայ հայ բնակիչներ հաստատելով, իսկ Արեւելահայաստանը զօրացնելով՝ հոն տիրող վայրի դրամատիրական, ապազգային ու ազգաքանդ օլիգարխիական համակարգին վերացումովն ու արեւմտաթրքական արեւելումէն հրաժարելով, եւ հոն հաստատելով ժողովրդահայրենասիրական համակարգ, որ որդեգրէ ռուսական արեւելումը։
Անցնող այս քառորդ դարի տեւողութեան, Արեւելահայաստանէն եւ Հայ Սփիւռքէն, եւ մասնաւորաբար տողերուս հեղինակէն՝ բարձրացան թելադրանքներ այս ուղղութեամբ. մինչեւ իսկ յեղափոխութեան կոչեր (տես՝ Մեթր Գ. Տէրտէրեան, «Դարադարձի Անդոհանք եւ Մարտակոչեր», Պէյրութ, 2014, հրատ. Տար էլ-Ֆարապի. եւ նոյն հեղինակէն «Հայեացք եւ Կեցուածք», Պէյրութ, 2008, հրատ. Տիզայն Քեստենեան)։ Ուշագրաւ է այն, որ թելադրանքներ հրատարակուեցան նաեւ Վլատիմիր Փութինի անունով՝ Զօրի Բալայեանի գրիչով (24 Հոկտեմբեր 2013 թուակիր)։
Այս գրութիւնը կը բովանդակէ, գլխաւորաբար, թիւով 10 քննադատական նկատողութիւններ, լուսաբանութիւններ եւ թելադրանքներ, որոնց եւս անտեսումով մեր պատասխանատու ղեկավարներուն կողմէ, եօթ տարիներ ետք՝ 2020 թ.ի Նոյեմբերին կրեցինք ներկայ խայտառակ պարտութիւնը։
Ողբերգականը այն փաստն է, որ այս բոլորը (հայ յառաջապահ մտաւորականութեան եւ Փութինի անունով եղած քննադատութիւններն ու մարտակոչերը) անտեսուած են՝ ոչ միայն մեղապարտ ղեկավարներուն կողմէ, այլ ամբողջ ժողովուրդի մը ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ՝ գոյութիւն չունի հայկական միասնական հանրային կարծիք. գոյութիւն չունի համահայկական ոգի. եւ ամէնէն սահմռկեցուցիչը՝ գոյութիւն չունի, ընդհանրապէս, Հայրենիքի գիտակցութիւն, եւ հետեւաբար՝ Հայրենասիրութիւն։ Գոյութիւն չունի միասնական ժողովուրդ, այլ՝ ամբոխային խառնիճաղանճ մը, իր սարսափելի տգիտութեամբ, անգիտութեամբ եւ անյանձնառութեամբ…։ Թելադրանքները աստղաբաշխական խրթին հաշիւներ չեն, այլ՝ պարզագոյն հարցեր, զորս կը հասկնայ եւ կ՚ըմբռնէ եօթ տարեկան մանուկն անգամ։ Կարճ խօսքով. մենք վերածուեր ենք, Մեծն Վահան Թէքէեանի ախտաճանաչումով, փոշի ազգի… որ զուրկ է կեդրոնաձիգ մագնիսէ կամ գլուխէ։
Այդ 10 պարզագոյն հարցերը հետեւեալներն են.
1 – Դաս առնել Պատմութենէն։
2 – Չմոռնալ մեր բնօրրանը եւ գիտնալ Ռուսաստանի Ռազմական Հայեցակարգը։
3 – Չմոռնալ, թէ՝ այսօր տակաւին Ռուսաստանի եւ Հայաստանի շահերը կը համընկնին Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ։
4 – Ազատագրուիլ Ապաւինողականութեան ախտէն։
5 – Ապաւինիլ ու վստահութիւն ունենալ մեր ժողովուրդի ներուժին։
6 – Հրաժարիլ Ռուսահայաստանի ցարական օրերու կարօտախտէն, որ նոյնպէս ապաւինողականութիւն է։
7 – Սրբագրել Արցախին տէր չկանգնելու սխալը։
8 – Ամէն բանէ առաջ՝ վերացնել Գ. Հանրապետութեան ապազգային եւ անարդար Համակարգը. Հիմնել Դ. Հանրապետութիւն՝ Ժողովրդահայրենասէր Համակարգով։
9 – Գիտակցիլ՝ որ ռուսական դրօշին ներկայութիւնը Արցախի կամ Հայաստանի հողին վրայ, շատ բան կը փոխէ այդ հողերուն վրայ եւ մեր հոգիներուն մէջ, որ ամօթալի է։
10 – Երկու թելադրութիւններ։
• • •
1 – Դաս առնել Պատմութենէն։
«Ձեր նամակը թերթելով, ես իւրաքանչիւր էջում տեսնում եմ այն վախի, այն սարսափի զգացումները, որ արտայայտել էք դուք՝ կապուած թուրք-ազրպէյճանական վտանգի հետ։ Ձեր Պատմութիւնն է երեւի ստիպել նամակում յայտնել այդ բոլորը. Ձեր հայրենազրկման ու ցեղասպանութեան պատմութիւնը։
«Ինձ, այս ամէնով հանդերձ, ապշեցնում է այն հանգամանքը, որ Ձեր նոյն այն պատմութիւնը Ձեզ չի ստիպել գոնէ մասամբ փոխուելու։ Էլի նոյնն էք ինչ կայիք Իսրայէլ Օրու ժամանակներում։ Մի՞թէ Ձեզ համար դաս չեղան այդ ժամանակները։ Մի՞թէ Ձեր պատմութիւնը չապացուցեց, որ հայերիդ պետականութիւնը վերականգնուեց միայն 1918 թ. Հերոսամարտում ընկած հայ զինուորների արեան հենքի վրայ, կամ՝ 1991 թ. Արցախը անկախացաւ ընկած 7 հազար հայ ազատամարտիկների շնորհիւ։ Հասկցէք, որ նամակը եւ բողոքը զէնքերի ամենաթոյլն են (Խրիմեան Հայրիկի «Թղթէ Շերեփը»…), եւ մի՛ մոռացէք, որ դուք այլեւս ունէք պետութիւն, իսկ մենք՝ կայսերական շահեր»։
Մէջբերուած այս հատուածին մէջ, խիստ դաստիարակչական են երեք ճշմարտութիւններ.
Թէ՝ 1915 թ. Մեծ Եղեռնի մեծագոյն եղեռնը մեր հայրենազրկումն էր, եւ ոչ թէ Ցեղասպանութիւնը։ Սակայն մենք մոռացութեան տուինք մեծագոյնը, որ կը պահանջէր պայքար, եւ բացառապէս մուրացինք Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումը, ինչ որ չէր պահանջեր պայքար։
Թէ՝ ժողովուրդի մը ազատագրութիւնը կարելի չէ ձեռքբերել՝ Իսրայէլ Օրիի մը, Յովսէփ Էմինի մը, Զօրի Բալայեանի մը, Սիլվա Կապուտիկեանի մը կամ բազմահազար հայ մտաւորականներու նամակներուն ու դիմումներուն աղերսանքով։ Այլ՝ միմիայն ազատագրական զինեալ պայքարով եւ պահանջուած արեան տուրքը վճարելով (ինչպէս եղաւ 1918 թ. Սարդարապատի յաղթանակով եւ 1994 թ. Արցախի Հերոսամարտի յաղթանակով եւ 7000 հայ ազատամարտիկներու արիւնով։
Եւ թէ՝ հիմա այլեւս ամօթ է ուրիշներէ օգնութիւն մուրալ, երբ արդէն ունինք մեր պետութիւնը, որուն պարտականութիւնն է պաշտպանել երկիրն ու ժողովուրդը։ Իսկ Ռուսաստանը ունի իր մեծ, բազմացեղ ու բազմակրօն դաշնակցային պետութեան շահերը (եւ ոչ թէ իմփերիալիստական) պաշտպանելու պարտականութիւնը, եւ՝ ծիծաղելիօրէն ամօթալի կ՚ըլլայ, եթէ մեր անկախ պետութեան համակարգին ղեկավարութիւնը գործէ Ռուսաստանի շահերուն դէմ… իսկ մեր ժողովուրդը պաշտպանութիւն խնդրէ նոյնինքն Ռուսաստանէն (ինչպէս պատահեցաւ այս զգուշացումէն 7 տարիներ վերջ)։
2 – Չմոռնալ մեր բնօրրանը եւ գիտնալ Ռուսաստանի Ռազմական Հայեցակարգը։
«Եթէ մեր շահերին օգտին չլիներ, մեր զօրքը մի օր անգամ Հայաստանում չէր մնար։ Իսկ այդպիսի շահերի գոյութեան դէպքում, մենք կը ստիպուենք գտնուել Հայաստանում, եթէ նոյնիսկ Հայաստանի ղեկավարները ըլլան Սահակաշվիլիներ…»։
Մենք չենք կրնար մոռնալ, որ մեր բնօրրանը Արեւելքի մէջ կը գտնուի. Փոքր Ասիոյ եւ Անդրկովկասի մէջ։ Իսկ Անդրկովկասը՝ համաձայն Ռուսաստանի ռազմական անվտանգութեան Հայեցակարգին, կը հանդիսանայ Ռուսաստանի անվտանգութեան գօտին, գլխաւորաբար՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրի վտանգին դէմ։ Ծրագիր, որուն առաջին քայլն է՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծել ցամաքային անմիջական կապ։ Հետեւաբար, նման վտանգի մը առաջին ազդանշանները երբ յայտնուին, ռուսական զօրքը պիտի մտնէ Հայաստան, արգիլելու համար ամէն թրքական յառաջխաղացք դէպի Ազրպէյճան։ Ասիկա աշխարհաքաղաքական ստրատեգիայի հաստատ (constant) սկզբունք մըն է, ըլլայ՝ ցարական, ըլլայ՝ սովետական, եւ ըլլայ՝ Փութինեան Ռուսաստանի համար։ Ասիկա փաստուեցաւ 1878-ին (Սան Սթեֆանօ), 1920 Նոյեմբեր 29-ին (երբ Ա. Հանրապետութիւնը Սահակաշվիլիական էր – հակառուսական) եւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին՝ կասեցնելու համար թուրք-ազերիական յառաջխաղացքը։ Որովհետեւ. Ռուսաստանի շահերը կը պահանջեն որ Հայաստան հզօր թումփ մը ըլլայ Փանթուրքիզմի դէմ, իսկ եթէ Հայաստան չկարենայ՝ ռուս զօրքը պիտի մտնէ Հայաստան, նոյնիսկ՝ հակառակ Հայաստանի իշխանութեանց կամքին, երբ անոնք փորձեն անգիտանալ Փանթուրքիզմի վտանգը, եւ որդեգրեն արեւմտաթրքական արեւելում, յայտարարելով թէ՝ այլեւս Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունի Փանթուրքիզմի Ծրագիրը (ինչպէս ըրաւ Արեւելահայաստանի Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ, ապազգային համակարգին նախագահը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, եւ նոյնը կրկնեցին միւս երկու նախագահներն ու վերջին վարչապետը՝ Փաշինեան, որ ներկայիս պարտաւոր է հրաժարելու՝ արեւմտաթրքական արեւելումէն)։
3 – Չմոռնալ, թէ՝ այսօր տակաւին Ռուսաստանի եւ Հայաստանի շահերը կը համընկնին Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ։
Այնքան ժամանակ որ Թուրքիա չէ հրաժարած Փանթուրքիզմի Ծրագրէն, այս երկու երկիրներու անվտանգութեան շահերը կը համընկնին իրարու հետ։ Սակայն, Փութին կը զգուշացնէ, թէ ասիկա կրնայ փոխուիլ ապագային, եթէ՝ Թուքրիա հրաժարի կամ եթէ ընդհանրապէս Արեւմուտքի իմփերիալիստները դադրին հովանաւորելէ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը։ Այս զգուշացումը եղբայրական յորդոր մըն է, որպէսզի մենք միայն ժխտականօրէն չապաւինինք այս համընկնումին՝ Ռուսաստանին վստահելով Փանթուրքիզմի վտանգը չէզոքացնելու պարտականութիւնը, այլ՝ դրականօրէն մեկնինք այս համընկնումէն. ոչ միայն մենք եւս զօրանանք ու վտանգը չէզոքացնելու գործին մասնակից դառնանք, նաեւ՝ կենսագործենք ճշմարիտ ռուսական արեւելում մը, իրապէս համարկուելով Ռուսաստանի հետ որպէս երկու անջատ եւ իրաւահաւասար զինակիցներ (ոչ միայն Փանթուրքիզմի, այլ՝ ամէն տեսակի վտանգներու դէմ)։ Այս համընկնումը առարկայական հիմքն է հայ-ռուս բարեկամութեան, որ հաստատ է, քանի որ լոզունգային եւ ենթակայական չէ (մեր կամ ռուսերու սեւ աչքերուն վրայ հիմնուած զգացական գնայուն բարեկամութիւն չէ), այլ՝ ունի առարկայական ու գոյութենական հաստատ հիմք մը, որ պարտաւորեցնող է (ոչ թէ կախեալ է մեր նախասիրութենէն կամ քմայքէն)։
4 – Ազատագրուիլ Ապաւինողականութեան ախտէն։
Այս մէկն ալ եղբայրական, դաստիարակչական նկատողութիւն մըն է, երբ կ՚ըսէ. «Երբ գոյութիւն ունի Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ, ամօթալի է ուրիշներու ապաւինիլ Արցախի պաշտպանութիւնը, որ համազօր է բրիտանական մեթոտին՝ շագանակը ուրիշի ձեռքով կրակէն վերցնելու»։ Ասիկա կը վիրաւորէ մեր ազգային արժանապատւութիւնը, բայց ճիշդ նկատողութիւն է. բարեկամական, շինիչ ու կառուցողական, զոր հարկ է դիմաւորել ինքնավստահօրէն, հաւատալով մեր ժողովուրդի ներուժին ու կարողականութեան, որ փաստուած է Սարդարապատի Ճակատամարտով, որ համաժողովրդային էր, եւ՝ Արցախի առաջին պատերազմով, որ նոյնպէս համաժողովրդային էր, որոնք կ՚առաջնորդուէին հայրենասէր ու հերոս առաջնորդներով։ Մեր փորձառու երկու զինուորականները, աշխարհազօրայիններու հրամանատարները, հաստատած են, թէ՝ մեր պարտութիւնները եղած են ապիկար ու հերոսամարտի անատակ առաջնորդներու պատճառով, իսկ մեր յաղթանակները կերտած են մեր հերոսական ժողովուրդը։ Այսպէս համոզուած էին Զօր. Անդրանիկն ու Գարեգին Նժդեհը, որոնք հաւատացած էին նաեւ, թէ՝ կռիւի մէջ առաջին պարտուողը կ՚ըլլայ ՈԳԻՆ, եւ ոչ թէ ԶԷՆՔԸ։ Քանի որ, զէնքին իրական ու գործնական արժէքը կ՚որոշուի զայն գործածող զինուորին՝ ոչ միայն փորձառութեամբ, այլ ալ աւելի՝ անոր մարտական ոգիով… հայրենասիրութեամբ։
Մէկ խօսքով. չափահասներու մօտ, ուրիշին օգնութեան ապաւինելու հիւանդութիւնը արժանապատւութեան չգոյութեան հետեւանք է (ինչ որ անբարոյականութիւն է)։
5 – Ապաւինիլ ու վստահութիւն ունենալ մեր ժողովուրդի ներուժին։
Փութինի եւս մէկ եղբայրական նկատողութիւնը, հետեւեալ հարցումն է. «Ինձ շատ հետաքրքիր է իմանալ, թէ՝ ինչո՞ւ դուք կը վախնաք որ թուրք-ազերպէյճանցի կը զօրանան եւ օր մը ռուսական հողեր ալ կը գրաւեն։ Բայց ինչո՞ւ դուք վստահութիւն ձեր ժողովրդի վրայ, որ 90-ականներուն յաղթեց իրմէ մեծ Ազրպէյճանին»։
Պատասխանը այն է, որ մեր ղեկավարները՝ իրե՛նք վստահութիւն չունին իրենց անձերուն վրայ… եւ կը կարծեն թէ բոլորը իրենց նման են։ Արեւելահայաստանի Գ. Հանրապետութեան երեք նախագահները եւ վերջին վարչապետը վայրի դրամատիրութեան արժեհամակարգը որդեգրած էին (ապազգային եւ անհատապաշտական) եւ այդ իսկ պատճառով որդեգրած էին արեւմտաթրքական արեւելումը (ապաւինողականութեան ու յանձնառութենէ փախուստի, հասարակութեան հանդէպ պատասխանատւութեան մերժումի, համայնասիրութեան փոխարէն՝ եսասիրութեան…)։ Ասոնք պատմութիւն կերտող ղեկավարներ չէին, այլ՝ Բ. Հանրապետութեան կերտած նուաճումները քարուքանդ ընող Ներոններ…։ Յետոյ՝ ամօթալի է, երբ մենք մեր աւելի մեծ ու հզօր զինակիցը կը զգուշացնենք Փանթուրքիզմի վտանգէն, երբ ան եղած է մեծագոյն պատուարը Փանթուրքիզմի դէմ։ Քանի, որ այս կը նշանակէ, որ եթէ Ռուսաստան չգիտակցի վտանգին, մենք ալ կը մնանք անպաշտպան։
6 – Հրաժարիլ Ռուսահայաստանի ցարական օրերու կարօտախտէն, որ նոյնպէս ապաւինողականութիւն է։
Փութին կ՚ըսէ. «Տպաւորութիւնս այն է, որ հայերդ աւելի հրաշալի էք ապրել Ցարական Ռուսաստանում, քան՝ անկախ Հայաստանում, եւ կարօտախտով էք յիշում ցարական օրերը…»։
Այս նկատողութիւնը խիստ ծանրակշիռ մեղադրանք մըն է, որ համազօր է ըսելու՝ դուք ցարական լուծը կը նախընտրէիք ձեր անկախութենէն. ինչ որ հետեւանքն է մեր ապաւինողականութեան ախտին, ինքնիշխանութեան անատակութեան։ Այս ապաւինողականութեան հիւանդութիւնն է պատճառը նաեւ՝ սովետական օրերու հանդէպ կարօտախտին՝ Բ. Հանրապետութեան բնակչութեան եսապաշտ մեծամասնութեան մօտ, որոնք իրենց իրաւաքաղաքաՏգիտութեան եւ քաղաքական մտածողութեան յետամնացութեան պատճառով, չկրցաւ ընկալել եւ ըմբռնել Սոցիալիզմի տարբերութիւնը Կապիտալիզմէն։ Այլ՝ գիտակցեցաւ միայն այն իրողութեան, թէ ապաւինած էր պետութեան։ Հետեւաբար, այդ մեծամասնութիւնը կարօտախտով կը յիշէ միայն այս իրողութիւնը եւ չանդրադառնար Սոցիալիզմին բերած ընկերային արդարութեան եւ ազատագրութեան բարիքներուն։ Այլապէս՝ այդ յետամնաց եւ անհատապաշտ ու եսասէր մեծամասնութիւնը, 70 տարուան մէջ զարգացած պիտի ըլլար, եւ Սովետ Միութեան ինքնալուծարումին հետեւանքով ստեղծուած Գ. Հանրապետութեան պիտի պարտադրէր սոցիալիստական համակարգ եւ պիտի չթոյլատրէր վայրի դրամատիրական համակարգին հաստատումը նախկին սովետահայ պետութիւնը գողցող նորայայտ դասակարգին կողմէ, որ սեփականաշնորհումներու ճամբով, ձրի գիներով գնեց պետական հարստութիւնը՝ իր գողցած դրամով, եւ դարձաւ օլիգարխ ու քանդեց սովետահայ ազգային պետութիւնը, ատոր փոխարէն ստեղծելով վայրի դրամատիրական ապազգային պետութիւն, որ հասաւ այս խայտառակ պարտութեան, քանի որ շարունակեց կախեալ մնալ ուրիշներէ՝ Սորոսներու եւ տասնեակներով աղանդներու անուան տակ գործող գոյնզգոյն ծածկագիտական թշնամի կազմակերպութիւններու դրամաշնորհներէն…։ Նոյնիսկ մեր յեղափոխական կոչուած կուսակցութիւններուն յեղափոխական կարծուած երգերուն մէջ, կայ խոստովանութիւն, թէ՝ «ուղիղ եօթ տարի ոչինչ արեցինք, Եւրոպի խօսքին ականջ դրեցինք», կամ՝ «Հերոս մռնչեց Սուլթան Դողդողաց, Եւրոպի աչքից արտասուք սողաց…»։
7 – Սրբագրել Արցախին տէր չկանգնելու սխալը։
Փութին կ՚ըսէ. «Դուք՝ հայերդ, լաւ չգիտէք ձեր գործը։ Փոխանակ զօրանալու եւ զօրացնելու Արցախը, զբաղուած էք օտար տէրութիւններ ման գալով։ Ես յիշեցի 10 տարիներ առաջ (2003 թ. ՕԹԱՆ-ի ներխուժումը Իրաք), Իրաքից ու Սիրիայից արտագաղթող հայերը փոխանակ Արցախ գալու, գնացին այլ երկրներ։ Ես համոզուած եմ, որ Արցախը՝ բոլոր առումներով, հայերիդ կը պատկանի։ Սակայն, մի խօսք կայ. Հողը կը պատկանի անոր, որ կ՚ապրի այդ հողի վրայ։ Իսկ դուք, երբ չէք բնակիր Արցախի մէջ, եւ անդադար կը խօսիք Նախիջեւանի եւ Արեւմտահայաստանի մասին, ասիկա ծիծաղելի է»։
Այլ խօսքով. Արցախը այո՛ ձեզի կը պատկանի, ձեր հայրենիքն է, բայց դուք զայն ձեր հայրենիքը չէք համարեր, երբ կը մերժէք հոն բնակիլ։ Ալ ինչու Նախիջեւան եւ մանաւանդ Արեւմտահայաստան կը պահանջէք։ Ասիկա բարեկամի սաստում է։ Բայց կայ նաեւ թշնամիի մահավճիռ մեր դէմ՝ ա՛յս պատճառով։ Բրիտանական տխրահռչակ գործակալ Lawrence of Arabia, ամերիկացի լրագրողին (Սթեֆըն) ըսած է. «Դուք, ամերիկացիներդ, պէտք է Ամերիկա տանիք այս հին ժողովուրդ հայերը, եւ հոն բնաջնջէք զանոնք, որովհետեւ ասոնք հայրենիք կը պահանջեն բայց հոն չեն ապրիր, հայրենի հողը վարձու կու տան եւ իրենք այդ հասոյթով կը նախընտրեն ապրիլ ծովեզերեայ օտար քաղաքներու մէջ»։
Եւ Փութին կը յիշեցնէ, թէ դուք շատ կը խօսիք Սթալինի դէմ, բայց ան է որ 40-ականներուն կազմակերպեց հայոց Հայրենադարձութիւնը… զօրացնելով Հայաստանը։
Արդարեւ, արտագաղթը եղած է մեր պատմական քրոնիկ հիւանդութիւնը։ Արդեօք ինչո՞ւ…։
8 – Ամէն բանէ առաջ՝ վերացնել Գ. Հանրապետութեան ապազգային եւ անարդար Համակարգը. հիմնել Դ. Հանրապետութիւն՝ Ժողովրդահայրենասէր Համակարգով։
Փութին կ՚ըսէ. «Ձեզի սպառնացող վերահաս վտանգը թուրք-ազերիական զօրացումը չէ։ Այլ՝ ձեր երկրի հզօրացման տեմպերի անբաւարարութիւնը եւ ձեր հաւատքի չգոյութիւնը ձեր ժողովրդի հանդէպ։ Մի նամակ էլ գրէք՝ ձեր ղեկավարութեան, ձեր օլիգարխիական համակարգի պետերին, որ ստեղծեն արդար ու իրաւական համակարգ»։
Այլ խօսքով. ձեզի սպառնացող վտանգը դուրսէն չէ, այլ՝ ձեր ներսէն… ձեր համակարգէն… փոխեցէք զայն։
Մեծապէս ապշեցնող է եւ սահմռկեցուցիչ այն, որ խայտառակ պարտութենէն ետքն անգամ, մեր ժողովուրդի մեծ զանգուածը, ամբոխի վերածուած, տակաւին կը կարծէ թէ Փաշինեանի անձին հրաժարումով եւ Վազգէն Մանուկեանի մը անձին գալով է որ կրնայ սրբագրուիլ Գ. Հանրապետութեան համակարգին աղիտալից սխալը։ Անձերու փոփոխութիւնը, նոյն համակարգին մէջ հերթափոխութիւնը, ոչինչ կը լուծէ։ Միակ յուսալի փոփոխութիւնը համակարգային արմատական փոփոխութիւնն է։
9 – Գիտակցիլ՝ որ ռուսական դրօշին ներկայութիւնը Արցախի կամ Հայաստանի հողին վրայ, շատ բան կը փոխէ ադ հողերուն վրայ եւ մեր հոգիներուն մէջ, որ ԱՄՕԹԱԼԻ է։
Փութին շատ սուր, բայց զուսպ ոճով կը խօսի այդ մեր ամօթալի կեցուածքին մասին, եւ կ՚ըսէ. «Ես առայժմ չեմ ծրագրում զօրք տեղադրել Արցախ։ Սակայն, եթէ հայերդ շարունակէք դատարկել Հայաստանն ու Արցախը, եւ մի օր զգայի Արցախի պաշտպանութեան պակաս, ես կը մտածէի այդ մասին։ Այդ ժամանակ, ֆիզիքապէս կը լինի Արցախը, սակայն Արցախում ռուսական դրօշի ներկայութիւնը շատ բան կը փոխի ձեր երկրում, ձեր հոգիներում։ Մտածէք այս մասին»։
Եօթ տարիներ առաջ, այս բարեկամական զգուշացումը արժանի չէ՞ր մեր պատասխանատուներուն լրջագոյն ուշադրութեան, որպէսզի կանխուէր ներկայ խայտառակ պարտութիւնը եւ Փութին ստիպուած չըլլար Արցախ տեղադրել ռուսական զօրքը՝ ռուսական դրօշով պաշտպանելով Արցախը՝ Արցախի դրօշին փոխարէն։
Սակայն, Գ. Հանրապետութեան օրերուն եւ ամբողջ երեք տասնամեակ, եւ մինչեւ այսօր, Արեւելահայաստանը մնացեր է «մեր հայրենիք՝ թշուառ, ԱՆՏԷՐ»։ Բ. Հանրապետութեան անկումով (որ կերտած էր մեր նորագոյն Ոսկեդարը) եւ Գ. Հանրապետութեան ստեղծումով, կատարուեր էր մեր նորագոյն Մեծ Եղեռնը…։
ԱՆՏԷՐ մնացեր էին նաեւ Արեւմտահայաստանն ու Հայ Սփիւռքը։ Քանի որ, դար մը ամբողջ, մեր անմիաբանութեան եւ կուսակցութեան մը մենատիրական մտածողութեան պատճառով, կարելի չէր եղած ստեղծել գէթ ՏԱՀՔ-ը (Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէս), որ իբր Հայ Սփիւռքի կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրեալ) եւ միակ լիազօր կառոյցը, ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ընէր Հայ Սփիւռքին եւ Արեւմտահայաստանին…։
10 – Երկու շօշափելի թելադրութիւններ։
Եօթ տարիներ առաջ, Փութին նաեւ՝ բարեկամական երկու շօշափելի առաջարկ-թելադրանք կատարած էր, բացի առաջնահերթ եւ ընդհանուր զօրանալու խրատէն։
Ա) Փոխանակ զբաղելու մեռած համաձայնագրերով, զբաղուէք օրինակ Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռի կենսագործմամբ, եւ
Բ) Ջաւախքի հիմնահարցի վերարծարծմամբ, որ հայերիդ ապահով ելքն է դէպի արտաքին աշխարհ, եւ՝ Վրաստանի միջոցով, մեզ (ռուսներիս) հետ կապի երաշխաւորը…։
Այս ծրագրային շօշափելի առաջարկ-թելադրանքները ոչ միայն բարեկամական նշանակութիւն ունին, այլեւ՝ զինակցական պատրաստակամութիւն մը կը յայտնեն ապագայ գործակցութեան համար, քանի որ կը միտին կապ մը ապահովել Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ, որ դիւրացնէ եւ առաւել անվտանգ դարձնէ ապագային երկու երկիրներու փոխ-յարաբերութիւնները…։
Եօթ տարիներ առաջ, եթէ ռուսական արեւելումին հետեւող իշխանաւորներ ունեցած ըլլայինք, եւ ոչ թէ՝ ապազգային արեւմտաթրքական արեւելումին ստրուկներ…։ Անոնք ինքնիշխանօրէն նախաձեռնած պիտի ըլլային այս երկու ծրագրերու կենսագործումին, եւ 2020 թ.ին, Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռի 100-ամեակին, գլխովին տարբեր իրավիճակ մը ստեղծուած պիտի ըլլար ներկայի տխուր իրավիճակէն. վստահաբա՛ր, եւ ոչ՝ կարծեօք։
Կարեւորը հիմա այն է, որ այս հնգամեայ առժամեայ զինադադարը վերջնական չէ, այլ՝ միջնարար մը։ Եւ եթէ Գ. Հանրապետութեան արեւելումը սրբագրենք եւ որդեգրենք ռուսականը, կրնանք նախաձեռնել այս երկու ծրագրերու հետապնդումին, քանի որ ասոնք ժամանցուած չեն տակաւին։
Որոշ յապաւումներով