Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը, Ազգային Ժողովի ամպիոնէն օրերս յայտարարեց՝ «Այլեւս պատճառ չկայ Հայաստանի հանդէպ կիրառել շրջափակում: Ինչպէս գիտէք շրջափակումը եւ սահմանները փակելը թրքական կողմը պայմանաւորում էր Արցախում ստատուս-քվոյի հետ, որը փոխուել է ուժի կիրառման միջոցով, եւ այլեւս Թուրքիան որեւէ պատճառ չունի սահմանը փակ պահելու Հայաստանի ուղղութեամբ»:

Արցախի ու հայ ժողովուրդի դէմ թուրք-ազերիական ճամբարի սանձազերծած պատերազմի ամբողջ տեւողութեան եւ անկէ ետք, հայրենի իշխանութիւնները, միջազգային հանրութեան եւ օտար պետութիւններուն առջեւ, ամենաբարձր մակարդակով, օրնիբուն կը բարձրաձայնէին ու մատնացոյց կ’ընէին այն հանգամանքը, որ պատերազմը ծրագրաւորուած, համակարգուած եւ ղեկավարուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ, իրաւացիօրէն պնդելով, որ ռազմական գործողութիւններուն անմիջականօրէն կը մասնակցին նաեւ թրքական զինեալ ուժերու յատուկ ստորաբաժանումներ, եւ անոնց կողմէ հովանաւորուած վարձկան հրոսակախումբեր:

Արցախի Հանրապետութեան հողային տարածքի մօտ 75 տոկոսի կորուստէն, 5000 զոհերէն, 10000 վիրաւորներէն, հարիւրաւոր գերեվարուածներէն եւ անյայտ կորսուածներու իրողութենէն անցած է ընդամէնը երեք ամիս, եւ հայրենի պետութեան արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը, գիտակցաբար անտեսութեան մատնելով թրքական գործօնի ներգրաւումը այս ամէնի մէջ, կասկածելի միամտութեամբ եւ յիշողութեան կամաւոր կորուստի ցայտուն դրսեւորմամբ, փաստացի յորդոր կը կարդայ Թուրքիոյ, թէ նոր իրողութիւններու լոյսի ներքոյ, ան ինչպիսի վարք պէտք է ցուցաբերէ Հայաստանի հանդէպ:

Հետեւաբար՝ երեք ամիսները բաւարար էի՞ն, որ այս ամէնը սառնասրտօրէն մոռացութեան տրուի կամ հեշտօրէն շրջանցուի, ու ինքնամատոյց կերպով թրքական բարեհաճութիւնը մուրացողի կարգավիճակ որդեգրուի՞: 

Պարոնայք, ու՞ր մնացին ձեր պետական արժանապատուութիւնը, ազգային ինքնասիրութիւնը, քաղաքական պատիւն ու կորովը, իսկ եթէ յիշեալներէն ի սպառ հրաժարած էք, կամ ընդհանրապէս չունէիք, գոնէ մարդկային տարրական բարոյականութիւնը՝ եթէ երբեւէ ունեցած էք:

Եթէ անսահման ջերմեռանդութեամբ կը ցանկաք գետնաքարշօրէն նուաստանալ թուրքերուն առջեւ, խորը մտորելու եւ խիստ մտատանջուելու կարիք չունիք:

Կը բաւէ արգիլել Ապրիլ 24-ի համաժողովրդային երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ, փակել Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, հրամանագրով չեղարկել Ցեղասպանութեան յիշատակման բոլոր միջոցառումները, հաւանաբար՝ թաքուն խոստանալ նաեւ, որոշ պահու մը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը վերացնելու մասին, եւ թերեւս ստանաք թուրքերու բարեհաճ վերաբերմունքին, ու ձեր դիմաց բացուին եդեմի դռները ցանկալի, ու սկսիք գրկաբաց եղբայրութիւն խաղալ ձեր սիրելի հարեւանին հետ:

Արդեօք, նոյն տրամաբանութեան դրսեւորո՞ւմն է այն փաստը, որ 21-րդ դարուն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները, յանձինս Ազգային Ան-Վտանգութեան Ծառայութեան, կ’արգիլեն ազգային բովանդակութեամբ հրատարակութիւններու արտահանումը Հայաստանէն:

Այո՛, փաստացի տուեալներով, յիշեալ ծառայութիւնը, օրերս արգիլած է վերոնշեալ բովանդակութեամբ որոշ գիրքերու արտահանումը Հայաստանէն:

Կոչ կ’ուղղենք զանգուածային լրատուամիջոցներուն, իսկական մտաւորականութեան եւ բոլոր սրտցաւ հայրենասէրներուն, բարձրաձայնելու եւ իրենց բողոքի ձայնը հնչեցնելու այս մասին:

Եւ ի տես այս բոլորին, սրտի անհուն մղկտանքով կ’արձանագրենք՝

ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ,

ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ:

12 Փետրուար 2021

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ — ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌՈՅՑ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img