Ուրբաթ, 7 Փետրվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հակառակ մեր շուրջը տիրող աննպաստ պայմաններուն, Անթիլիասի Մայրավանքը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, նշեց մեր պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը եւ վերանորոգեց «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ուխտը։

Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիաս Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի նախատօնակ՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը կատարեց բարեխօսական մաղթանք-աղօթքը։

Յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 11 Փետրուարի առաւօտուն, դարձեալ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի ընթացքին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ փոխանցեց օրուան պատգամը։ Մեկնելով Ս. Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն յղած երկրորդ նամակէն, ուր Առաքեալը հաւատացեալները ինքնաքննութեան կը հրաւիրէ, սրբազանը ընդգծեց անհատական թէ հաւաքական ինքնաքննութեան ու ինքնաքննադատութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ինքնասրբագրութեան առաջնորդող։ Ան ըսաւ, որ հարկ է իւրաքանչիւր անհատ ճանչնայ ինքզինք եւ այս կեանքին մէջ իր առաքելութիւնը՝ ապաւինելով հաւատքի պարգեւին, որ աճման կ՚ենթարկուի, երբ մշտական հաղորդակցութեան մէջ ըլլայ Աստուծոյ հետ։ Սրբազանը իր քարոզը եզրափակեց յորդորելով հաւատացեալները մնալու հաւատարիմ Վարդանանց  հերոսամարտի նահատակներուն արեան։

Նոյն օրը երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանաշունչ երգերու երեկոյ՝ կատարողութեամբ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին։ Ելոյթին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարշ. Շանթ Սրկ. Գատէհճեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Քրիստոսի օրինակով թրծուած հայ ազգին հաւատքի զօրութեան։ Ան ըսաւ, որ հայոց պատմութեան բոլոր ճակատագրական հանգրուաններու ընթացքին նոյն Վարդանանց շունչով է, որ պայքարած է հայ ժողովուրդը, եւ թէեւ երբեմն պարտութիւնը անխուսափելի է եղած, սակայն էականը չյուսահատիլն է, իսկ Վարդանանց ճակատամարտը այդ մէկը կ՚ապացուցէ։

Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ, «Արմաշ» տօնին նուիրուած փունջ մը երգերով ոգեւորեց ունկնդիրները։ Երգացանկին մաս կը կազմէին «Նորահրաշ» շարականը, «Բամբ Որոտան», «Հայ Ապրիք», «Լռեց», «Հիմի՞ էլ Լռենք» եւ այլ երգեր, որոնց ընդմիջումներուն տեղի կ՚ունենար նաեւ տօնին նուիրուած ոգեշունչ ասմունքներ։

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ տիրող արգելափակման պատճառով, բոլոր տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան առանց հաւատացեալներու ներկայութեան եւ ուղիղ սփռուեցան Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի Facebook-ի եւ Youtube-ի էջերուն ճամբով։

Սրբոց Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց յիշատակով լեցուն օրերուն, Վեհափառ Հայրապետը իր անձնական կայքէջին ճամբով պարզեց յիշեալ տօներուն խորհուրդն ու պատգամը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img