Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուրբաթ օր յայտարարեց, որ յառաջխաղացք չկայ կառավարութեան կազմութեան գծով: Հարիրի այս յայտարարութիւնը ըրաւ Պաապտայի պալատ իր այցելութենէն ետք, ուր հանդիպում մը ունեցած էր Նախագահ Աունի հետ:
«Խորհրդակցեցայ Նախագահին հետ եւ պիտի շարունակեմ խորհրդակցիլ» ըսաւ Հարիրի: «Մենք չկրցանք յառաջ երթալ, սակայն ես իրեն բացատրեցի ոսկեայ առիթի մը առկայութեան մասին եւ պէտք իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ պէտք է իր պատասխանատուութիւնը վերցնէ». Լրագրողներուն ուղղած իր խօսքը եզրափակեց Հարիրի:
Նշենք, որ Հարիրի այս այցը կատարուեցաւ Թուրքիա, արաբական կարգ մը երկիրներ եւ Ֆրանսա իր այցելութիւններէն վերադարձին: