Յովսէփ Փուշման (9 Մայիս 1877, Տիգրանակերտ, Աղձնիք — 13 Փետրուար 1966, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ գեղանկարիչ։
Փուշմանեանները ապրած են Տիարպեքիրի մէջ։ Հայկական կոտորածներու ժամանակ խոյս տալով եաթաղանէն՝ ընտանիքով ապաստան գտած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Փուշմաններու ընտանիքը մասնագիտացած էր հայկական գեղագեղ գորգերու վաճառքով, որ մանուկ հասակէն ապագայ նկարչի ընկալումներու աշխարհին վրայ իր ազդեցութիւնը թողած էր։
Յովսէփ Փուշմանը նախնական կրթութիւնը ստացած է Իսթանպուլի Գեղեցիկ արուեստներու կայսերական դպրոցին մէջ։ Ամերիկա յայտնուելէն ետք, Շիքակոյի մէջ ամբողջութեամբ կը տրուէր չինական մշակոյթի ուսումնասիրմանը, այդ ասպարէզին մէջ հասնելով որոշակի յաջողութիւններու։ 1905 թուականին ուղղուած է Չինաստան, ուր խորասուզած է արեւելեան գեղանկարչութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեան։ Ուսումը շարունակած է Փարիզի Ժիւլիան ակադեմիոյ մէջ։ 1914 եւ 1921 թուականներուն Փարիզի Salon des Artistes Français-ի կազմակերպած ցուցահանդէսներուն ստացած է երկու մետալ։ 1928 թուականին Փուշմանը հեռակայ ընտրուած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան պատուաւոր անդամ: Աշխուժօրէն մասնակցած է «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերակցութեան ստեղծմանը։ 1920 թուականին Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրած է Քարնեգի Հոլ սդուտիան։ 1940 եւ 1950-ական թուականներուն Փուշմանի եւ The New York Graphic Society կազմակերպութեան միջեւ դատական գործընթաց սկսաւ։ Վերջինս առանց արուեստագէտի թոյլտուութեան վերատպագրած էր անոր գործերէն։ Դատավարութիւնը աւարտեցաւ Փուշմանի յաղթանակով։
Յովսէփ Փուշմանը արուեստի, գեղանկարչութեան աշխարհի մէջ յայտնի է իր զննին, որոշակի մտորումները մղող մեռած բնութիւններով, որոնց յօրինուածքներու համար հիմք ծառայած են հայկական մագաղաթէ ձեռագրերը, թալիսմանները, խնկամանները, հնագոյն զարդերը, կանացի նուրբ, զգայական եւ զգացմունքային դիմանկարներով, որոնցմէ հերոսուհիները հանդերձաւորուած են արտասովոր, գունագեղ զգեստներով։ Փուշմանի արուեստի բնութագրական յատկանիշը արեւելքի պաշտամունքն է, որ կ՝արտայայտուի որոշակի խորհրդանիշերու միջոցով։ Հոգեւոր նկարագիր ունեցող այս աշխատանքներուն ուղիին մէջ են գրառումներ, որոնք աւելի դիւրին կը դարձնեն դիտողի գործը խորհրդանշանելու համար։
Փուշմանի աշխատանքները կը գտնուին հանրային եւ մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ , Տիթրոյթի արուեստի հիմնարկին մէջ, Հիւսթընի գեղարուեստի թանգարանին մէջ, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիդըն արուեստի թանգարանին մէջ, Մինիափոլիսի Արուեստի թանգարանին մէջ, Նիւ-Ճըրզիի, Պոսթընի Արուեստի թանգարանին մէջ, Ամերիկեան Արուեստի նոր Բրիտանական թանգարանին մէջ, Թուլսայի, Օքլահոմայի Արուետի կեդրոններուն մէջ, Սիթլի (Ուաշինկթըն) Արուեստի թանգարանին մէջ։