ՀԱՄԱԽԱՐԲԵՐԴՑԻԱԿԱՆ UNION Gle DE KHARPOUTH جمعية خاربوت الخيرية
ՄԻՈՒԹԻՒՆ Section du Liban بيروت – لبنان
Պէյրութ – ԼԻԲԱՆԱՆ Beyrouth
Պատուարժան Խմբագրութիւն
Ազդակ, Արարատ եւ Զարթօնք օրաթերթերու,
Պիտի խնդրենք որ բարեհաճիք ամենականուխ առիթով կցուած յայտարարութիւնը արտատպել ձեր օրաթերթի յարմարագոյն էջերէն մէկուն վրայ։
Լիբանանի Համախարբերդցիական Միութեան Վարչութիւն
Պէյրութ, 12 Փետրուար 2021
Պէյրութ – ԼԻԲԱՆԱՆ
Նկատի առնելով երկրին մէջ տիրող առողջապահական սուր պայմանները եւ պետական հրահանգով եկեղեցական թէ այլ հաւաքական հանդիպումներու առկախումը, Միութեան վարչութիւնը այսու կու գայ յայտնել իր յարգելի անդամներուն թէ կարեւորելով Միութեան շարունակականութիւնը, պատրաստ է իր ծառայութեան ժամանակաշրժանը երկարաձգել մէկ տարիով:
Վարչութիւնը քաջառողջութեան լաւագոյն մաղթանքներ կու գայ հաղորդել հայ ազգի զաւակներուն ընդհանրապէս եւ համայն Խարբերդցիներուն յատկապէս, ի Լիբանան, ի Հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Այս առթիւ անգամ մը եւս կու գանք վերյիշել Համախարբերդցիական Միութիւններու նորոգ հանգուցեալ պատուական զաւակները եւ Ս. Հոգիին Մխիթարութիւնը հայցել անոնց սիրելիներուն եւ վարչական գործակիցներուն:
Օրդ. Մարալ Անթօյեան, դաստիարակ, մտաւորական
Պրն. Գառնիկ Մկրտիչեան, Լիբանան, ազգային գործիչ
Պրն. Սամուէլ Իլանճեան, արուստագէտ, Լիբանանի ապա ԱՄՆ Գալիֆորնիոյ վարչութիւններ
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, մտաւորական, դաստիարակ, ատեպապետ Գալիֆորնիոյ Համախարբերդզիական Մշակութային Միութեան:
Լիբանանի Համախարբերդցիական Միութեան վարչութիւն
B.P. 80-106 Liban E-mail kharpert.lebanon@gmail.com Tél. 03-958 529