Նշանակեալ Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ամբաստանեց նախագահ Աունը կառավարութեան կազմութեան խանգարումով: Հարիրի իր հօր՝ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան 16-րդ տարելիցին արտասանած խօսքին մէջ ի միջի այլոց յայտարարեց, որ նախագահ Աունի պնդումը՝ նախարարաց խորհուրդին մէջ վեթոյի իրաւունքը վերապահելու, իր համար անընդունելի է:
«Լիբանանի փրկութիւնը կը կայանայ նոր կառավարութեան մը շուտափոյթ կազմութեան մէջ, որ կազմուած պէտքէ ըլլայ ոչ քաղաքական գործիչները: Հակառակ պարագային, ոչ մէկ երկիր պատրաստ է օգնելու կառավարութեան: Բան մը, որ աւելի եւս պիտի դժուարացնէ Լիբանանի ճգնաժամը». շեշտեց Հարիրի: