«Tert.am»-էն կը կարդանք թէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ կը համապատասխանէ 1991 դեկտեմբերի իրավիճակին, երբ ան ճանաչեց Հայաստանի անկախութիւնը, բայց հրաժարեցաւ հաստատելէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ։ Այդ օրուընէ մինչեւ հիմա Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ չէ փոխուած եւ հիմնուած է մէկ սկզբունքի վրայ, զոր միջազգային յարաբերութիւններու տեսութեամբ կը համարուի հարկադրման քաղաքականութիւն. այս մասին նշած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտական ղեկավար, թրքագէտ՝ Ռուբէն Սաֆրաստեան:
Սաֆրաստեանի խօսքով՝ Թուրքիան կը ճնշէ Հայաստանի վրայ եւ կը ստիպէ, որ Հայաստանը փոխէ իր քաղաքականութիւնը, եւ այդ ճնշումը կ’ընթանայ հետեւեալ երեք սկզբունքներու շուրջ՝ Թուրքիան կը պահանջէ, որ Հայաստան հրաժարի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման քաղաքականութենէն, կը պահանջէ, որ Հայաստան դադրի պաշտպանել Արցախի իրաւունքը, միայնակ ձգէ Արցախին, իսկ երրորդ պահանջն է, որ Հայաստան վերահաստատէ, որ ինքը հաւատարիմ է Կարսի պայմանագիրին, որ անարդարացի պայմանագիր էր.
«Թուրքիան այս երեք խնդիրները փորձում է լուծել՝ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելով, ելնելով այն հանգամանքից, որ մենք չունենք ելք դէպի ծով: Թուրքիայի վարած քաղաքականութեան մէջ տասնեակ տարիների մէջ, այդ թւում նաեւ՝ այսօր, ոչ մի փոփոխութիւն չեմ տեսել: Այդ քաղաքականութիւնը շարունակւում է, եւ ես կարծում եմ, որ մօտ ապագայում մենք ականատես կը լինենք Թուրքիայի կողմից Հայաստանի վրայ ճնշման ուժեղացման, այնպէս որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը բացարձակ չի համապատասխանում այն քաղաքականութեանը, որ Թուրքիան վարել է Հայաստանի նկատմամբ, համոզուած եմ, որ մօտ ապագայում կը վարի մեծ ակրեսիվութեամբ (յարձակողականութեամբ)»:
Սաֆրաստեան նկատել տուած է նաեւ, որ Կարսի մօտակայքը Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած զօրավարժութիւնները Հայաստանի վրայ այդ ճնշման միջոցներէն մէկն էր: Ըստ անոր՝ թէեւ անոնք ծրագրուած զօրավարժութիւններ էին, որոնք ամէն տարի տեղի կ’ունենան, բայց անոնք աչքի ինկան յարձակողական բնոյթով եւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն կ’ուղեկցուէին շատ ուժեղ քարոզչական գործողութիւններով:
Անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեանի այն յայտարարութեան, որ Թուրքիոյ կողմէ սահմաններու փակ պահելը պայմանաւորուած էր Արցախի ստատուս քուոյի հետ, որ ուժի կիրառման միջոցով փոխուած է եւ Թուրքիան այլեւս պատճառ չունի սահմանը փակ պահել, Սաֆրաստեան նշած է, որ Թուրքիան կը պահանջէ, որ Հայաստան հրաժարի Արցախի շահերը պաշտպանելէ, բայց համոզուած է, որ Հայաստանը չի դիմեր նման քայլի, չի հրաժարիր Արցախի ժողովուրդի եւ Արցախի իրաւունքները պաշտպանելէ եւ կը շարունակէ պայքարիլ Արցախի կարգավիճակի հարցի լուծման համար՝ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս, եւ աւելցուցած՝ արդեօ՞ք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը կարծէ, որ Հայաստանը պէտք է հրաժարի անկէ.
«Այո՛, մենք հիմա ունենք Արցախ, որն աւելի փոքր է, գիտենք, որ Արցախի անվտանգութիւնը հիմա ապահովւում են ռուս խաղաղապահները, բայց Արցախի կարգավիճակը դեռեւս որոշուած չէ, եւ ես կարծում եմ, որ մեր դիւանագիտութիւնը մեծագոյն ջանքեր պէտք է գործադրի այդ ոլորտում որոշակի ձեռքբերումներ ունենալու համար, մասնաւորապէս՝ Մինսքի խմբում աշխատանքները աշխուժացնելու համար, ոչ թէ ասի ստատուս քուո է հաստատուել: Արցախի հարցը դեռ լուծուած չէ, այն երկար կը պահպանուի՝ մինչեւ Արցախի ժողովուրդը հասնի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման, եթէ պետութիւնները ճիշդ են պատրաստւում, պարտութիւնները վերածւում են յաղթանակի, պէտք է աշխատել այդ ուղղութեամբ»:
Սաֆրաստեան մեջբերած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի 1920 թուականի գաղտնի հրամանը ուղղուած թրքական զօրքերու հրամանատարին, ուր գրուած էր, որ Հայաստանը պէտք է ոչնչացուի, եւ այդ մտադրութիւնը թրքագէտի համոզմամբ կը մնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմավարական խնդիրներէն մէկը, զոր պէտք է հաշուի առնել:
Սաֆրաստեան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները հնարաւոր են, երբ Թուրքիան ճանաչէ եւ դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն, որպէս պետութիւն պէտք է ձգտինք ունենալ Թուրքիոյ հետ՝ որպէս հարեւան, նորմալ յարաբերութիւններ եւ աշխատիլ այն ուղղութեամբ, որ Թուրքիան մեր վրայ ճնշում չգործադրէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
«Հայաստանը երբեք չպէտք է մոռանայ, որ Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան երաշխիքն է եւ պայքարում է Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման եւ անվտանգութեան համար: Գոյութիւնն ունի հայկական հարց, որը լուծուած չէ եւ մեր պայքարի ռազմավարական նպատակներից մէկն է մնում, այնպէս որ, այնքան էլ հեշտ չէ թուրքերի հետ յարաբերութիւններ կարգաւորելը»,- եզրափակած է Սաֆրաստեան: