Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Նամակ Ամերիկայէն – 13 — Ուաշինկթըն – Քրեմլին Կապերը Տակաւ կը Մթագնին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հազիւ հաստատուած Սպիտակ Տան մէջ եւ տակաւին իր անձնակազմը ամբողջովին չձեւաւորուած՝ Նախագահ Պայտըն անձնապէս եւ իր նշանակեալ Պետական  Քարտուղարը պաշտօնական յայտարարութիւններով յստակ դարձուցին այն աներկբայ եւ բացայայտ իրողութիւնը թէ Ամերիկայի Միացեալ Նախագահները անզիջող պայքար պիտի մղէ Փութինի Ռուսիոյ դէմ. պայքար՝ որուն առաջնահերթ նպատակը կը հանդիսանայ զսպել Մոսկուային, ինչ որ ամերիկեան կը յաւակնի, միջազգային թատերաբեմին վրայ տիրապետող դերակատարութիւն խաղալու անյագուրդ ձգտումը:

Հակառակ միջազգային անվտանգութեան պահպանման չնպաստող ամերիկեան այս կեցուածքին, որոշ չափով յուսադրիչ կը մնայ այն իրողութիւնը թէ հակառուս քաղաքական այս վարքագիծին ճարտարապետները փորձառու եւ հմուտ դիւանագէտներու փաղանգին կը պատկանին, որոնք տասնամեակներով ծառայած են Դեմոկրատ եւ Հանրապետական վարչութիւններէ ներս:

Նախագահ Պայտըն պիտի կիրարկէ աւելի շրջահայեաց քաղաքականութիւն՝ խուսափելով գրգռիչ քայլեր առնելէ:

Նշանակեալ Պետական քարտուղարը, Անթոնի Պլինքըն (ծնունդով Հրեայ) Իրաքի պատերազմի եւ այսպէս կոչուած տխրահռչակ «Արաբական Գարուն»ի գլխաւոր մղիչ ուժերէն մէկն էր: Ան յատկանշական դեր խաղցած էր նաեւ Իրանի հետ կնքուած եւ նախկին Նախագահ Թրամփի կողմէ չեղեալ նկատուած հիւլէական թղթածրարին առնչութեամբ բազմազգ համաձայնութեան մէջ:

CIA-ի նշանակեալ Տնօրէնը, Ուիլիամ Պըրնզ, եղած է ասպարէզով դիւանագէտ եւ պետական պաշտօնական բարձրաստիճան պաշտօնատար: Ան հաւատացող եղած է դիւանագիտական խողովակներով միջազգային լարուածութիւնները մեղմացնելու եւ կնճռոտ տագնապները լուծելու գործընթացին: Պլինքընի նման ան եւս բախտորոշ դերակատարութիւն ունեցած է Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնութեան մէջ: Պըրնզ CIA-ի բոլոր լծակները ի գործ պիտի դնէ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը յաջողցնելու համար: Միացեալ Նահանգներու առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները, որոնց կարգին Չինաստանի հետ տնտեսական հարցեր, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին ռազմաշունչ յայտարարութիւնները, Վենեզուէլլայի տնտեսաքաղաքական ցաւալի իրավիճակը, Ուաշինկթընը կրնայ լաւագոյնս դիմակալել նուրբ քաղաքական գործելակերպով եւ ոչ տրոններու գործածութեամբ: Քաղաքական դէտեր Ուաշինկթընի մէջ կ’ակնկալեն CIA -ի նորանշակ տնօրէնէն դիւանագիտական իր հարուստ փորձառութիւնը ի սպաս դնէ միջազգային տագնապներու խաղաղ լուծումներ գտնելու գործին մէջ:

Ծառայած ըլլալով Մոսկուայի մէջ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու լիազօր դեսպան 2005էն 2008 տարիներուն, վաթսունամեայ Պըրնզ սահուն կը խօսի ռուսերէնը (արաբերէն եւ գերմաներէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներու կողքին) եւ քաջածանօթ է Քրեմլինի գործելակերպին: Սակայն այսօրուան Ռուսիան 15 տարուան առաջուայ երկիրը չէ անշուշտ:

Երբ 2008 թուականի Օգոստոսին Ռուսիա յարձակում գործեց Վրաստանի վրայ՝ գրաւելով երկրին տարածքին 20 տոկոսը, նախագահ Պուշ անհանգիստ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ զինուորական գործողութիւններուն, բողոքեց, ցաւ յայտնեց, բայց եւ հանդերձ ոչ մէկ ձեւով հակազդեց: Ռուսական բանակը թէ՝ օտար եւ թէ նոյնինքն ռուս զինուորական մասնագէտներու գնահատումով, ցուցաբերած էր անճարակ գործելակերպ եւ զինուորական սարքաւորումներու մեծապէս զգալի ստորադաս որակ:

Յաջորդող եօթը տարիներուն, նիւթական հսկայ ներդրումներու շնորհիւ ռուսական բանակը օժտուեցաւ արդիական զէնքերով, զինուորականներուն թոշակը բարձրացաւ՝ զինավարժութեան հետ զուգահեռաբար: Այս իրողութիւնը ակնյայտ դարձաւ երբ Ռուսիան Սեպտեմբեր  30, 2015 թուականի առաւօտեան, Ուաշինկթընին տեղեկացուց թէ յառաջիկայ մէկ ժամուան ընթացքին պիտի հրթիռակոծէր Հոմսի շրջանի ահաբեկչական թիրախները: Այնուհետեւ, երբ յաջորդող օրերուն ռուս զօրքերը՝ ընդառաջելով Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի կոչին, Սուրիա հասան, համայն աշխարհը անակնկալի եկաւ ի տես ռուսական բանակի արդիականացած վիճակին:

Հնարաւոր դարձած էր ռուսական բանակը կերպարանափոխել՝ շնորհիւ երկրին տնտեսութեան ամուր կառուցուածքին: Արդարեւ, 2010 թուականէն սկսեալ, Ռուսիոյ տնտեսութիւնը սկսած էր զգալի յառաջդիմութիւն արձանագրել, յատկապէս Քարիւղի արտածման միջոցաւ ապահովուած մեծագումար եկամուտին: Քարիւղի գինը 60էն 80 տոլարի շուրջ՝ Ռուսիան կրնար առատօրէն ծախսել ազգային բանակին արդիականացման համար եւ միջին դասակարգին ապահովել կեանքի մակարդակի յարաբերական բարելաւում:

Այս մեղրալուսինը երկար չտեւեց սակայն: Հասկնալի պատճառներով երբ ռուսական զինեալ ուժերը Ուքրանիոյ արեւելեան տարածքին վրայ յայտնուեցան. առանց համազգեստի անշուշտ՝ իրենց դաշնակից ուքրանացի մարտիկներու հետ, Խրիմը «ազատագրելէ» ետք, Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող անդորրը եւ յարաբերութիւնները հիմնովին խախտուեցան: Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները անմիջապէս պատժամիջոցներ որդեգրեցին, միամիտ այն ակնկալութեամբ թէ Ռուսիոյ միահեծման առաջնորդ Փութին տեղի պիտի տայ եւ քաշուի Խրիմէն՝ ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ուքրանիայէն:

Եթէ այս պատժամիջոցները բաւարար չէին վնասելու Ռուսիոյ ուռճացող տնտեսութեան, քարիւղի գիծին անկումը եկաւ իբրեւ անսայթաք պատուհաս:

Փութինի Ռուսիան այսօր կը դիմակայէ բազմաթիւ վտանգներ: Արեւմուտքը համոզուած է թէ Փութինն ու իր առաջնորդած երկիրը խոցելի են:

Այս հաւատքը աւելի զօրացած է այսօր Պայտընի պաշտօնավարութեամբ:

Ներկայիս Ռուսիան ենթակայ է տնտեսական սեղմումներու, որոնց իբրեւ անդրադարձ երկրին տնտեսական հաւասարակշռութիւնը խախտած է: Աշխատավարձքները սկսած են նահանջել, անգործներու թիւը կը մագլցի, հանգստեան կոչուած քաղաքացիներուն թոշակները սկսած են կրճատուիլ եւ հանգստեան կոչուելու տարիքը 4ով բարձրացած է. այս բոլորին հաւաքական արդիւնքը՝ Փութինի ժողովրդականութեան յարաճուն նահանջն էր: Չորս տարիներ առաջ, անկախ վիճակագրական տուեալներու համաձայն, ռուս ղեկավարը կը վայելէր ռուս ժողովուրդին  85 առ հարիւրին վստահութիւնն ու համակրանքը: Այսօր, ճշգրիտ տուեալներ կը վկայեն թէ Փութինը ժողովրդականութիւնը 50 առ հարիւրէն նուազ է՝ առաջին անգամ ըլլալով այսքան ցած, իր ղեկավարութեան երկու տասնամեակներու ընթացքին:

Ռուս զանգուածները միշտ ալ թերահաւատութեամբ կ’ընդունէին ընտրութիւններու արդիւնքները, ըլլան Տումայի (խորհրդարանական) կամ նախագահական: Յատկապէս զարգացած երիտասարդ տարրը կը տրամաբանէր թէ այնքան ատեն երբ ապահով բաւարար եկամուտ ունին, քաղաքականութիւնը իր մտահոգութեան գլխաւոր իրավիճակը նիւթերէն մէկը չի կրնար ըլլալ:

Սակայն տնտեսական կեանքի յարաճուն վատթարացումը, զօրաշարժի ենթարկած է ժողովրդային զանգուածները: Ինչ որ կը պակսէր ընդվզումի այս ալիքը քաղաքական շարժումի վերածելու առաջնորդի մը պակասն էր: Ալեքսեյ Նաւալնի 44 տարեկան, երկար շրջանէ մը վեր խիզախ քննադատութեան թիրախ դարձուցած է նախագահ Փութինն ու անոր վարչակարգը: Մէկէ աւելի անգամներ զինք բանտարկելով կարելի չեղաւ լռութեան դատապարտել: Այնպէս կը թուի թէ արեւմուտքը ընտրած է իր թեկնածուն եւ որոշած է ամէն կերպ օժանդակել:

Շաբաթ, Յունուար 25-ին, արեւմտեան լրատու կազմակերպութեանց հաւաստիացումով աւելի քան վաթսուն  ցոյցեր կատարուեցան Ռուսիոյ ցամաքամասին վրայ, Վլատիվոսթոքէն Գրասնատար, Սենթ Փիթըրըսպըրկ եւ Մոսկուա, բողոքելու համար Նաւալնիի վերջին արգելափակման դէմ: Եթէ նոյնիսկ այս ցոյցերը շարունակուին եւ աւելի ընդունելութիւն գտնեն, Քրեմլինի իշխանաւորը անմիջական վտանգ մը չի տեսներ երկիրը իր ձեռքին մէջ պահելու  կարողութեան: Միւս կողմէ սակայն, երբ արեւմուտքի ղեկավարները, ինչպէս նախագահ Պայտըն կը պահանջեն ընդդիմադիր ղեկավարին անմիջական ազատ արձակումը, Նաւալնիի իբրեւ ընդդիմադիր ղեկավար դիրքն ու վարկը տակաւ կը գօտեպնդուի: Քրեմլին դժուար պիտի գտնէ զայն մեկուսացնել: Պայտընի վարչակարգը կը մտադրէ նոր պատժամիջոցներ պարտադրել Ռուսիոյ վրայ եթէ Նաւալնիի ազատ արձակումը յապաղի: Այս փաստօրէն կը նշանակէ թէ Ուաշինկթըն – Մոսկուա յարաբերութիւնները պիտի մնան ձգտուած, եթէ  երբեք Քրեմլին պատշաճ ելք մը չկարենայ դասաւորել:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img