Սարգիս Փանոսի Ազատեան (Փանոսի որդի Սարգիս, 15 Փետրուար 1884 — ոչ վաղ քան 14 Դեկտեմբեր 1916 եւ ոչ ուշ քան 31 Դեկտեմբեր 1916, Նազարէթ, Իսրայէլ), հայ բժիշկ։
Սարգիս Ազատեան ծնած է 1884 թուականի Փետրուար 15-ին, Հալէպի նահանգի Մարաշի գաւառի Ալպուսթան գաւառակին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է սուրբ Ստեփանոս թաղային վարժարանէն ներս։ Ուսումը շարունակած է Մարաշի Ազգային Կեդրոնական վարժարանէն ներս։ 1907 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Տարսոնի (Տարսուս) Սէյնթ Փօլ գոլէճը (St. Paul’s Institute)։ 1907 — 1910 թուականներուն ուսուցչութիւն կը վարէ Մարաշի մէջ։
1909 թուականի Օգոստոսի 31-ին, ամուսնացած է մանկավարժ՝ հնչակեան գործիչ Սարգիս Սամուէլեանի դստեր, սբ. Ստեփանոս թաղային վարժարանի ուսուցչուհի՝ Հրանոյշի հետ։ 1910-1912 թուականներուն ընտանիքով բնակութիւն հաստատած է Դամասկոսի մէջ եւ ուսանած տեղի Օսմանեան բժշկական վարժարանէն ներս։ 1912-1916 թուականներուն ուսումը շարունակած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայտար փաշա թաղամասի բժշկական համալսարանին մէջ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբէն, ուսման զուգահեռ, օգնական բժիշկ աշխատած է Յըլտըզի եւ Կոստանդնուպոլսոյ հիւանդանոցներէն ներս։ 1915 թուականի աշնան, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ հարիւրապետի աստիճանով ծառայած Դամասկոսի զինուորական հիւանդանոցին մէջ։ Այնուհետեւ ուղարկուած է Պաղեստինի Նազարէթ քաղաքը՝ որպէս թնդանօթաձիգներու գումարտակի 27-րդ ծանր հրետանաւորներու գունդի բժշկապետ։
Հիւանդ զինուորներուն բուժելու ընթացքին վարակուած է ժանտախտով եւ 9 օր ետք՝ 1916 թուականի Դեկտեմբեր 14/31-ին, մահացած Նազարէթի մէջ/Երուսաղէմի առաջին կարգի հիւանդանոցին մէջ՝ 32 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Նազարէթի սբ. Աւետման լատինական եկեղեցւոյ կից գերեզմանոցին մէջ՝ զինուորական մեծ պատիւներով ու նուագախումբի հնչեցուցած երաժշտութեամբ։