Զօրաւոր փոթորիկ մը պիտի հարուածէ Լիբանանը այս շաբաթ, իր հետ բերելով ուժգին քամի, ծանր անձրեւներ եւ ձիւն: Այսպէս յայտարարեց Պէյրութի օդակայանի օդերեւութաբանական հաղորդագրութիւնը:
Ընթացիկ շաբթուայ ընթացքին ջերմաստիճանը պիտի նուազի տարուբերելով 7 եւ 14 աստիճաններու միջեւ Պէյրութի մէջ եւ -4էն +4 աստիճան Պէքաաի մէջ:
Ճոյս կոչուող փոթորիկը պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ, իր գագաթնակէտին հասնելով Հինգշաբթի օր: