Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Սիմոն Գըլճեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Սիմոն Գըլճեան (16 Փետրուար 1848, Եւդոկիա — 14 Մարտ 1922), բժիշկ։

Գրուած է նաեւ Գըլըճեան տարբերակով։ Ծնած է 1848 թուականի Փետրուար 16-ին, Սեբաստիա նահանգի Եւդոկիա գաւառի կեդրոն՝ Եւդոկիա քաղաքին մէջ։ Մանուկ հասակէն զրկուած է հօրն ու մօր հոգատարութեամբ դաստիարակուելէ։ Մայրը՝ ամերիկացի միսիոներ, վերապատուելի դոկտոր Հենրի Ճոն Վան Լեննեփի քարոզներու ազդեցութեան տակ հարած է աւետարանականութեան, կարդալ սորված, սակայն ան եւս վաղաժամ մահացած է։ Երկու որբերը մնացած են քեռիին խնամքին։ Շուտով Սիմոնը Վան Լեննեփի խորհուրդով սորված է ամերիկացի միսիոներներու Մարզուանի Անատոլիա գոլէճէն ներս, այնուհետեւ՝ նոյն գոլէճի աստուածաբանական բաժինէն ներս։

Աւարտելէ ետք դարձած է քարոզիչ եւ մի քանի տարի ձիով գիւղէ գիւղ ճամբորդելով ծառայած է աւետարանականութեան քարոզչութեան։

Մի քանի տարի ետք, դարձեալ դոկտոր Հենրի Ճոն Վան Լեննեփի օժանդակութեամբ, մեկնած է ԱՄՆ` բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­նա­լու։

Այս­տեղ աւար­տած է Պոսթընի բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը եւ Ֆի­լա­տելֆիոյ հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան բաժինը։ Այ­նու­հե­տեւ տե­ղա­փոխ­ուած է Անգ­լիա եւ 9 ամիս աշ­խա­տած է Լոն­տո­նի հիւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ։

Վե­րա­դառ­նա­լով Կ. Պո­լիս, Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­նէն ներս յանձ­նած է քննու­թիւն եւ ստա­ցած՝ բժիշկի վկա­յա­կան։ Կ. Պոլ­սոյ մէջ ամուս­նա­ցած է զմիւռ­նի­ա­ցի Լու­սի Կա­րա­պե­տեա­նին հետ եւ վե­րա­դար­ձած իր ծննդա­վայր Եւդո­կիա։ 1880-ական թուա­կան­նե­րէն սկսեալ Եւդո­կի­ոյ մէջ բժշկութեամբ զբաղած է։

Ըլլա­լով գա­ղա­փա­րա­կան մարդ, այս­տեղ եւս շա­րու­նա­կած է զբաղիլ հո­գեւ­որ կեան­քով, մե­ծա­հա­սակ­նե­րու հա­մար ներկայացուցած է կի­րակ­նօ­րեայ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ։

Իր ար­ժա­նի տեղն ու­նե­ցած է Եւդո­կիոյ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցւոյ պատ­մու­թեան մէջ։ Եղած է սիր­ուած եւ յարգ­ուած բժիշկ, ինչ­պէ՛ս քրիս­տո­նեա­նե­րու, այն­պէ՛ս ալ մահ­մե­տա­կան­նե­րու ու հրե­ա­նե­րու շրջա­նակէն ներս։ Պատ­մած են, որ աղ­քատ­նե­րուն բու­ժած է ձրի, յա­ճախ դե­ղե­րը անոնց տուած է անվ­ճար, եր­բեմն ալ նոյ­նիսկ սնունդի փող տուած է։ Օր մը յե­ղա­փո­խա­կան­ներն առեւ­ան­գած են զինք։ Կի­նը, փրկա­գին վճա­րե­լով, ազա­տած է։ Այդ դէպ­քէն ե­տք բժիշկն ան­մի­ջա­պէս հե­ռա­ցած է Եւ­դո­կի­ա­յէն` կառավարութեան հայերու անուններ յայտնելու պարտաւորուած չըլլալու եւ անոնց ձերբակալութեան պատճառ չդառնալու համար։

Տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ մի քանի տարի բժշկութեամբ զբաղելէ ետք կրկին վերադարձած է Եւդոկիա։

1903 թուականի Հոկտեմբերին ընտանիքով վերջնականապէս տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ հաստատուած՝ Ֆրեզնօ քաղաքէն 5 մղոն հեռու գտնուող ագարակի մը մէջ։ Ծառայած է՝ Ֆրեզնոյի Հայ Երիցական եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւ։

Մահացած է 1922 թուականի Մարտ 14-ին՝ 74 տարեկան հասակին։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img