Յակոբ Օշական (9 Դեկտեմբեր 1883, Պրուսա — 17 Փետրուար 1948, Հալէպ), արեւմտահայ յայտնի գրագէտ, գրաքննադատ, ուսուցիչ եւ մանկավարժ։ Հայրն է ծանօթ գրագէտ Վահէ Օշականին։
Յակոբ Օշական 1921-ին Պոլսոյ մէջ՝ «Խոնարհները» խորագիրի տակ, կը հաւաքէ ու կը հրատարակէ հինգ պատմուածք՝ գրուած 1902-1921 թ.։ Այս հիմքի վրայ աշակերտները հետագային կը հրատարակեն առաւել ընդարձակ ժողովածու մը, ուր նոյն խորագիրի տակ կը հաւաքեն 1902-1924 թուականներուն գրուած պատմուածքները եւ «Շահպազը» վիպակը։
Յակոբ Օշականի երկերը՝ «Երկեր» անունով ժողովածուի անուան տակ, հրատարակուած է «Սովետական գրող» հրատարակչատան կողէն՝ 1979-ին, 488 էջ։ Իր հսկայական գիրքերու շարքը՝ «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» նուիրուած է արեւմտահայ գրականութեան։