Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլահ երէկ ժխտեց այն բոլոր ամբաստանութիւնները, որով Հըզպալլան կը մեղադրուէր քաղաքական աքթիւիստ եւ գրող ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի բուռն կերպով քննադատող՝ Լոքման Սլիմի սպանութեան հարցով:
«Ոեւէ պատահար, որ շրջանին մէջ կը պատահի մենք պէտք է մեղադրուինք մինչեւ հակառա՞կը փաստուի» ըսաւ Նասրալլահ: «Ա՞յս է տրամաբանութիւնը, թէ հակառակը պէտք է ըլլայ» եզրափակեց Հըզպալլայի առաջնորդը: