Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

«Ղարաբաղէն Ի՞նչ Լուր»

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 10-էն ի վեր, «ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այս եղածը եղաւ»ին, «ինչ պէտք է ըլլար»ին, «ինչ պէտք չէ ըլլար»ին, դեռ չեղածին, ըլլալիքին, մեր գիտցածին, չգիտցածին, մեզի հրամցուածին, ռազմագիտութեան օրէնքներուն համաձայն թոյլատրուածին, չթոյլատրուածին, թաքնուածին, մեր դեռ  չգիտակցածին,  հրոսակախումբերուն,  արեւելքին, արեւմուտքին, հին երազներուն, նոր միջանցքներուն, արջին, գայլին, շակալին մասին խօսեցան, կը խօսին, կը գրեն, կը մեկնաբանեն ու կը վերլուծեն….

Կարդացի, դեռ կը կարդամ եւ ակամայ՝ ծախուած խաղի մը հանդիսատեսներու եւ իրաւարարներու տեսարանը կը մտաբերեմ։

Թերեւս կը սխալիմ, բայց կը հաւատամ որ պատերազմներուն յաղթող կամ նոյնիսկ յաղթողներ ալ ըլլան, բոլորը կը կորսնցնեն. այլեւս իւրաքանչիւրին կը մնայ իւրովի, ըստ իր չափանիշներուն արժեւորել յաղթանակը, կորուստը եւ կորսուածներուն մէջ ամենաթանկագինն ու անփոխարինելին։

Կրնա՞նք, պիտի կարենա՞նք նորէն վստահիլ։

Անթիւ «Յաւերժ փառք»երու  արժանոցող 6000, 7000 թէ աւելի զոհերուն մայրերը ի՞նչով կը սփոփուին այսօր։

Կա՞յ բան մը, որ կրնայ մխիթարել զանոնք։

Եռաբլուրը ծածկած ձիւնին պաղութիւնը կրցա՞ւ  հանդարտեցնել անոնց սրտին մշտաբորբոք կրակը, թէ հակառակը, այդ կրակո՛վ հալեցաւ հոնտեղի ձիւնը եւ ամբողջ Երկրին ձիւնն ալ դեռ կը հալի…

Որքան ալ մարդասէր փորձենք ըլլալ, կը յաջողի՞նք արդեօք անոնց ցաւը ոչ թէ զգալ, այլ թէկո՛ւզ պատկերացնել….

Մենք՝ մեր զաւակները գրկելու պարգեւը վայելող,  անոնց գուլպաները հաւասարեցնող եւ գիշերը զանոնք անկողինին մէջ ծածկող կամ այսօրուան օտարութեան պայմաններուն մէջ մեզմէ իբր թէ՜ հեռու ապրող մեր զաւակներուն որեւէ ատեն քալած ճամբան տեսնող եւ անոնց մէսընճըրին վառած լոյսը տեսնելով չմտահոգուող ծնողներս…. Մե՞նք պիտի պատկերացնենք անոնց սրտաբեկ վիշտը, անոնց տխուր օրերուն այլեւս  չջերմացնող տժգոյն արեւը, ցաւակցող եւ իրենց կեանքերուն ուղղուող բազմութեան երթալէն վերջ անոնց տուներուն մէջ մնացած ծա՜նր-ծանր լռութիւնն ու այլեւս չլեցուելիք դատարկութիւնը…

Ողբալու ու խունկ ծխելու շիրմաքար մը ունեցողներն են ասոնք։

Հապա չունեցողները՞, չվերադարձողները, վերադարձողներուն ապրելիք (թէ՞ չապրելիք) կեանքերը, անոնց տեսած արհաւիրքն ու վիրաւորանքը, անոնց այլեւս չփակուելիք աչքերուն երեւցող  մղձաւանջներն ու հոգիներուն մէջ մնալիք սպիները…

Ի՛նչ որ ըսենք, պարզապէս անթեղած չե՞նք ըլլար անոնց ցաւերը…..

Շատեր խօսեցան, շատեր ալ լռեցին։

Ես լռողները կը հասկնամ.

Անոնց մէջի չվերջացող եւ այլեւս չվերջանալիք բախումներուն ու հակասութիւններուն տաղտուկը կը լսեմ, խուլ պարապութիւնը կը զգամ, անոնց հարուածէն պապանձուած միտքերը կը կարդամ, տարիներ շարունակ անոնց սնած-փայփայած չափանիշներուն՝ կարծես թէ արմատախիլ ըլլալու հիասթափութիւնը կ’ապրիմ, այլեւս վստահելու անկարող՝ անհաւատութեան տանող անապահովութենէն կը սարսափիմ, անոնց կախուած գլուխներուն, կքած ուսերուն, առջեւէն աւելի՝ ետեւ գացող քայլերուն ծանրութիւնը կը կշռեմ, խինդ, գոյն ու երանգ կորսնցնող, խամրած աչքերուն ու դառնացած հոգիներուն վիշտը կը կիսեմ, չհոսած արցունքներուն ջերմութեամբ կ’այրիմ ու իրենց մանուկներուն շարունակուող կեանքին հեքիաթը չմթագնելու համար, անոնց ուղղուած ժպիտներուն սեղմութեամբ կը ճմլուիմ…

Ես ալ ձեզի պէս եմ.

Սուտի եւ իրաւի, կամայ թէ ակամայ մեր մէջը յայտնուած այս գորշ քաոսին դիմաց կը դնեմ մէջինս.

Մանկութեանս օրերուն մօրս միացուցած ռատիօէն հնչող

«Առաւօտ լուսոյ»ն, մօրաքրոջս կարդացած «Սարերու Ասլանը», մեր տան մէջ կազմակերպուած    

«հանդէսներուն» ընթացքին եղբօրս ասմունքած երկա՜ր   «Տրտունջք»ը, մեր առաջնակարգ ըլլալուն համար դպրոցէն մեր նուէր ստացած «Հայոց պատմութեան» շարքերը, դպրոցի 10-րդ եւ 11-րդ ուսումնական տարիներուն հայերէնի մեր իւրաքանչիւր դասապահի սկիզբը հնչած, Ա. Ահարոնեանին

«Հաւատամք»ի վերածուած

«Գիտցի՛ր հայ ժողովուրդ»ը, օր. Արապեանին վիզէն կախուած խոշո՜ր Սայաթ Նովան, դասերէն աւելի անոր յարատեւ կրկնած՝

«Ղարաբաղէն ի՞նչ լուր» հարցումը, ոչ թէ դասագիրքով, այլ իրենց խիղճով առաջնորդուող, լեզուին չափ ազգային ինքնագիտակցութիւն սերմանող բոլոր-բոլոր  դասատուներն ու տնօրէնները, հայկական  միութիւններուն տպագրած հաստափոր  յուշամատեաններն ու անոնց մէջ զետեղուած անձնուրաց աշխատողներուն սեւ ու ճերմակ նկարները, գիտակից հայ պատանիներ պատրաստելու համար կազմակերպուած,  

«Հայկական հարց»ին նուիրուած միջ-միութենական

ընդհանուր զարգացման մրցումները, Յակոբեանին Արարատներուն շարքը, Սուրէնեանցին Խրիմեանին աչքերը, մեր գրադարաններուն մէջ դրուած նարնջագոյն «Ի՞նչ է, Ո՞վ է»ները, Կոմիտասին Էջմիածնի բակին մէջ տնկած ծիրանի ծառը, Դերենիկին ահը, հարսին ճրագը, լերան վրայի նաւը, Եփրաքսէ հանըմին անուշ սիրտը, «Նահանջը առանց երգի»ին Լօխումը, Վ. Պետրոսեանին

«Հայկական էսքիզներ»ը,

«Մայրիկ»ին վերջին տեսարանին մէջ, անոր տղուն տուած կարմիր վերնաշապիկը…

Այս պարբերութեան չափ եւ աւելի երկար պարբերութիւններ կը գրեմ դեռ։

Բոլոր գրածներս եւ գրելիքներս, բոլոր մէջիններս եւ բոլորիս մէջինները, երէկուան ու այսօրուան սթաթուսներուն, լայվերուն ու ափտէյթներուն,  յայտարարութիւններուն, խոստումներուն, աթոռներուն,  շահերուն… բոլոր իրականութիւններուն եւ սուտերուն դիմաց։

Պատերազմը չվերջացաւ։

Դեռ կը շարունակուի եւ պիտի  շարունակուի բոլորիս համար.

Եգիպտոսի արաբական հանրապետութեան մէջ հայերէն պիտի խօսիմ, Հայերէն պիտի ապրիմ եւ  հայերէն պիտի գրեմ ես, ինծի պէս հայերէն խօսող, տխրող, վախցող եւ ուրախացող եօթը տարեկան տղուս պիտի օգնեմ որ այդպէս մնայ, դուրսը պիտի չսպասեմ որ անոր երգչախումբի փորձը աւարտի, այլ տակի յարկաբաժինը նստած, հայ մանուկներուն երգած հայերէն երգերը պիտի լսեմ, անոնց հայ զինուորներուն գրած նամակները 106 տարեկան «Արեւ»ին մէջ  հրատարակելով զանոնք հարի՜ւր տարի վերջ ալ ընթերցուելիք պատմութեան գիրկը պիտի դնեմ ու երբե՛ք- երբե՛ք չպարտուած մեր զոհերուն հաւատացած խորհուրդին եւ իմ մէջիններուս հաւատարիմ մնալով անգամ մը եւս պիտի հաստատեմ որ ճի՛շդ է, մեր քովիններուն հետ ու շուրջիններով կ’ապրինք, բայց մեր մէջիններո՛վ կը մեռնինք։

Չեմ պարտուած ես։

Գահիրէ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img