Տէրվիշեան, Մենեշեան, Գասպարեան,Վերոն, Ժուզի, Օտիշօ եւ Չէրքէզեան ընտանիքներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ եւ հարազատին՝
ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԿԱՐԱՊԵՏ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ-ի
մահը, որ պատահեցաւ 4 Փետրուար 2021-ին՝ Փարիզի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 20 Փետրուար 2021-ի կէսօրուայ ժամը 12:00-ին, Ժլէլայի-Պեքաա, Ս. Խաչ մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Շթորայի հայոց գերեզմանատան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ
Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները, հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնով:
Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւն կատարել Լիբանանի Թէքէեանապատկան Կառոյցներու Վերաշինութեան ֆոնտին:
***
Այս տխուր առիթով, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնն ու ԶԱՐԹՕՆՔ իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, ի մասնաւորի՝ ընկ.հի Ճէքի Տէրվիշեանին: