Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն որոշեց յետաձգել այն յատուկ պատուիրակութիւնը, որ ծրագրած էր ուղղորդել Լիբանան: Այս որոշումը կրնայ առնչուած ըլլալ իր յուսախաբութեան լիբանանի քաղաքական կողմերու նկատմամբ, որոնք մինչեւ այս պահը ձախողած են կառավարութիւն կազմել:
Քաջալերուած միջազգային եւ շրջանային զօրակցութենէ, Մաքրոն նախապէս որոշած էր իր պատուիրակը ղրկել Լիբանան հունի վրայ դնելու Լիբանանի փրկութեան իր ծրագիրը:
Մաքրոնի այս նոր որոշումը կը զուգադիպի նաեւ ան անելին հետ, որ ստեղծուած է այս պահուս Նախագահ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի անհամաձայնութեան պատճաոով: