Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Յովհաննէս Թումանեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Յովհաննէս Թումանեան (19 Փետրուար 1869, Դսեղ — 23 Մարտ 1923, Մոսկուա): Ամենայն Հայոց բանաստեղծ, արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ, ։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, պոէմներ, քառեակներ, վիպերգներ, պատմուածքներ ու հեքիաթներ, ակնարկներ, քննադատական ու հրապարակախօսական յօդուածներ, կատարած է թարգմանութիւններ, մշակած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը։

Ծնած է Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած է Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883-ին, անցած է Թիֆլիս, ուսումը շարունակելու Ներսիսեան Ճեմարանէն ներս, սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887-ին ակամայ լքած է դպրոցը եւ նետուած կեանքի ասպարէզ` աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Դատաստանական խորհուրդի, ապա Հայ հրատարակչական միութեան գրասենեակներուն մէջ, 1893-էն աշխատակցած է «Աղբիւր», «Մուրճ», «Հասկեր», «Հորիզոն» գրական պարբերականներուն, յետոյ ամբողջովին նուիրուած՝ գրականութեան։ 

1899-ին Թումանեանի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած է «Վերնատուն» գրական խմբակը, որու անդամներն էին Աւետիք Իսահակեան, Դերենիկ Դեմիրճեան, Լեւոն Շանթ, Ղազարոս Աղայեան, Պերճ Պռոշեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ շատ այլ յայտնի արուեստագէտներ:

1912-ին Թումանեան ընտրուած է նորաստեղծ Հայ գրողներու կովկասեան ընկերութեան նախագահ, իսկ 1918-ին՝ Հայոց հայրենակցական միութիւններու միութեան (ՀՀՄՄ) նախագահ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին (1914-1918) հայ ժողովուրդի կրած վնասները հաշուելու եւ Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին (1919-1920) ներկայացնելու նպատակով ՀՀՄՄ-ն 1918-ին ստեղծուած է Քննիչ յանձնաժողով մը՝ Թումանեանի գլխաւորութեամբ։ Ոչ մէկ ջանք խնայած է՝ Եղեռնէն փրկուած եւ Էջմիածինի մէջ հաւաքուած իր ազգակիցները տեղաւորելու եւ զանոնք սնունդով ապահովելու համար։ Այդ առիթով է, որ ինքզինք կոչած է «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»՝ կաթողիկոսին հետ վէճի մը ընթացքին։ 1912-1921 թուականներուն եղած է Հայ գրողներու կովկասեան միութեան նախագահ։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք նախագահած է Հայաստանի օգնութեան կոմիտէն (1921-1922)։ 1921-ի աշնան Թումանեան մեկնած է Կ.Պոլիս՝ հայ գաղթականներուն համար օգնութիւն գտնելու նպատակով։ Քանի մը ամիս հոն մնալէ ետք, հիւանդ վերադարձած է:

Թումանեան կը տառապի դեղնախտէ։ Վիրահատման ենթարկուելու համար ճամբայ կ’ելլէ դէպի Մոսկուա՝ Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար։ Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող «Հանճարեղ Լոռեցին» կը մահանայ Մոսկուայի մէջ՝ 23 Մարտ 1923-ին։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img