Այսօր Լիբանան կը թեւակոխէ քորոնաժահրով պայմանաւորուած արգելափակումներու երկրորդ հանգրուանը, որ կը միտի քայլ առ քայլ նուազեցնել առկայ արգելափակումները:
Արդարեւ, այսօրուընէ սկսեալ կարգ մը ծառայութիւններու վերաբերող հաստատութիւններ պիտի բանան իրենց դռները, ինչպէս՝ ինքնաշարժներու նորոգութիւն, ճամբորդական գրասենեակներ, շինարարական աշխատանքներ եւայլն:
Գործարաններուն եւ դրամատուներուն պիտի արտօնուի իրենց աշխատաւորներու թիւը հասցնել սովորականին 50 տոկոսին:
Ժողովուրդը սակայն տունէն դուրս գալու համար պիտի շարունակեն արտօնագիր պահանջել: