Այտա Մանուկեանի հովանաւորութեամբ, եւ ինչպէս գիրքի բացատրողականին մէջ նշուած է. «Ի յիշատակ անմահութեան ճամբորդ մեր հերոսներու եւ Այտա Մանուկեանի, որ գորովալիր ու հիացիկ իր հայեացքով ու լուսաճառագ իր թեւերով անոնց ոսկեփետուր երամին ձուլուիլ փութացաւ, որպէս զի անոնք հոն երբեք անմայր չմնան… », վերջերս լոյս տեսած է «Նոր Հերոսապատում. Արեւմտահայերէն Պատմուածքներ» գիրքը:
Նախագիծին մտայղացման հեղինակը, իրագործողը, խմբագիրն ու սրբագրիչն է Լուսինէ Աւետիսեանը:
Գիրքին կողքին նկարին մէջ Ալպերթ Յովհաննիսեանն է, որ յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Արիութեան» մետալով: Լուսանկարիչ՝ Սիփան Գիւլումեան:
Գիրքը կ’ամփոփէ «Հայ միտքի դպրոց» հայագիտական կեդրոնին արեւմտահայերէնի դասընթացքի սաներուն պատմուածքները, որոնց նիւթը 2020 թ. արցախեան պատերազմին հերոսական, յուզիչ, յիշարժան ու նուիրական դրուագներն են։
Հեղինակային հրատարակութիւն հանդիսացող սոյն իւրայատուկ գիրքը տպագրուած է «Ասողիկ» հրատարակչութեան տպարանէն ներս, Երեւան, Տպագրութիւն offset, Ա5 ձեւաչափ, 5 մամուլ տպաքանակը՝ 300 օրինակ: Գիրքէն ունենալու համար կարելի է դիմել՝ lusineavetisyan@ymail.com
Իր շահեկանութեան համար, Լուսինէ Աւետիսեանի թոյլտուութեամբ, ստորեւ կը հրատարակենք նշեալ իւրայատուկ գիրքին յառաջաբանը: Ուղղագրութիւնը կը պահենք ըստ բնագրին, որուն մասին Աւետիսեան բացատրած է աւարտին, իր ծանօթագրութեան մէջ:
Խմբ.
Յառաջաբան
Ակնյայտաւրէն լեզուն է ծնողը ազգին։ Ազգ մը կը ծագի եւ գոյութիւն կ’ունենայ շնորհիւ լեզուի մը… Խորագոյնս ըմբռնելու է սա իրողութիւնը։ Եւ ծնունդէն ի վեր ազգի մը ամէնէն ապահով ապաստանն իր լեզուն է, իր մտածողութեան միակ անկողոպտելի կրիչը… Այն է ազգի ճշմարիտ հայրենիքը, ուրկէ ոչ ոք կրնայ տեղահանութիւն կազմակերպել, եթե միայն այդ ոգեղէն հայրենիքին ազգբնակիչը ինք չլքէ զայն…
Ներգաղթի մասին շատ կը խաւսուի։ Սակայն ներգաղթին կազմակերպումը ուրիշ մակարդակ կ’ենթադրէ այսաւր։ Նախկին ներգաղթերուն պիտի փոխարինէ սրբազան Ներգաղթ մը, որու ուղղութիւնը ոչ թե զուտ աշխարհագրաւրէն դէպի Հայաստան, այղ՝ դէպի լեզուն, դէպի հայու ամէնէն ապահով ապաստանը ըլլալու է…
Սփիւռքի հայուն համար լեզուահայրենադարձութիւնը կենսականաւրէն անհրաժեշտ, գոյութենական քայղ[1] է։ Ամէն աւր ակամայ կը հայրենազրկուին դար մը առաջ տարածաչափաւրէն հայրենազրկուած հայերու սերունդներ։ Արեւմտահայերէնը՝ լեզուական մեր հայրենիքին գեղեցկագոյն այդ կտորը, ցաւաւք, աւր աւրի հայաթափ կ’ըլլայ առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով, սփռուած տէրերու կամքով թե ակամայ։
Սակայն Հայաստանի սահմաններէն ներս ալ կը բնակին հայերէնի շքեղ այդ կտորին տէրերը։ Անոնք տէր են ոչ միայն սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած աւրէնքով, թե հայերէնն իր երկու ճեւղերով պետական լեզուն է Հայաստանի Հանրապետութեան։ Տէր են ոչ միայն անառարկելի այն իրողութեամբ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր թեւերէն գոնէ մեկը կամ երկուքն ալ ժառանգեր է Վանէն, Մուշէն, Սասունէն կամ Կիլիկիոյ բարձունքներէն, եւ ինք ալ, դուրս չելլելով իր տունէն, լեզուական իր հայրենիք ներգաղթելու իրաւունքն ու պատասխանատուութիւնն ունի։ Բայց եւ տէր են բոլոր անոնք, որ արմատներու կապ մ’իսկ չունին Արեւմտեան Հայաստանի հետ, իւրաքանչիւրն ազատ է լեզուահայրենադարձութեան։ Եւ այդ իրաւունքէն աւգտուելու փորձ է սա գիրքը, այդ իրաւունքին իրածման ձգտում՝ իւրաքանչիւր պատմուածք։ Իւրաքանչիւր հայ իր մասնատուած հայրենիքն ամբողջացնելու երազանքով նախ՝ պիտի ճանչնայ անիրաւաւրէն մոռցած իր լեզուն, ապա եւ՝ զայն խաւսի տիրաբար…
Պատմուածքներու սա փունջը ինքնին ոգեւորիչ երեւոյթ մըն է, նախ՝ որովհետեւ մերաւրեայ արցախեան հերոսապատումէն գեղարուեստական կտորներ կ’ամփոփէ։ Ապա՝ որովհետեւ Հայաստանի սահմաններէն ներս արեւմտահայերէնը գործուն կերպով պահպանելու՝ հայաստանցի խումբ մը երիտասարդներու խոստումնալից ջանքերը կը ներկայացնէ։
Սա մատենիկը պզտիկ հակակշիռ ու մարտահրաւէր է համաշխարհայնացումի անկասելի թուացող ընթացքին, ուր կը շոգիանայ ազգային ամէն բան, բայց՝ նախ եւ առաջ լեզուն։
Գիրքը հայաստանցիի համար լեզուն կրաւորաբար ուսումնասիրելէ անդին երթալու նախագաղափար ու հրաւէր է։ Եւ ոչ միայն անձնաւրինակ[2] ուղերձ է գործնական ծիրին մէջ զայն պահպանելու, այղ եւ անորմով եւս մտածելու, մանաւանդ՝ գեղարուեստաւրէն մտածելու նախաւրինակ։
Սա գիրքը սփիւռքի երիտասարդին ու պարմանիին իր իսկ մայրենիով պատերազմէն պատառիկներ պատմելու փորձ մըն է նաեւ։ Բայց եւ յորդոր ու խրախոյս՝ իր մայրենիին փարելու։ Սա գիրքը հայաստանցիի պարզած դողդոջ ձեռք մըն է սփիւռքի իր եղբաւրը։
Պատերազմին լուսապսակ նահատակները ոգեկոչելու եւ անոնց սխրանքները գիրով յիշատակելու ձգտում մը եւ պատերազմէն տուն դարձած հերոսներուն առջեւ՝ խոնարհում, խրախոյս ու ոգեշնչում։ Հաւաստում մը, որ անոնք յաղթեր են, եւ անոնց յաղթանակը երբեք չի կրնար խլուիլ անոնցմէ։ Արարիչի մասին գիտութենէն զատ նաեւ բնագիտութիւնը առարկութիւն չընդունող իրողութիւններով կը հաւաստիացնէ, որ ինչպէս նիւթը, այնպէս եւ զաւրութիւնը (energy) կը պահպանուի տիեզերքին մէջ, բան մը չի կորսուիր երբեք։ Եւ ուրեմն զաւրութիւնը, զոր անոնց ոգին ճառագեր է մարտի դաշտին մէջ, տիեզերքը չի կրնար մոռնալ, չէ մոռցած եւ աւր մը պիտի վերադարձնէ որպէս անոնց հոգւոյն ու միտքին կռած ոսկեայ փառապսակ՝ հայրենիքի ճակատը զարդարելու։
Պատերազմները՝ տեսանելի եւ աներեւոյթ, միշտ ալ մեր մշակոյթը պահպանելու համար եղած են։ Աներեւոյթ պատերազմներն աւելի մեծ զգաւնութիւն կը պահանջեն։ Եւ մեր մշակոյթն իր հիմնասիւն լեզուով մշտապէս մեր ազգային գոյութեան գրաւականը եղած է այդ պատերազմներու ընթացքին։ Դարերու կատաղի փոթորիկները յաղթահարեր, անգամ անողոք ալիքներէն կայմ ու ղեկ կոտրած, մեր նաւը չի կործանուեր, եւ մենք դարուս շեմէն ներս ոտք կոխեր ենք նախ եւ առաջ մեր լեզուին աներեւոյթ հզաւր թեւերու շնորհիւ։
Մեր եզերքին արեւելագոյն սահմաններուն վրայ ազգային մեր գոյութեան համար կռիւ տուած արծուահայեաց եւ առիւծադէմ մեր եղբայրներու հերոսութիւններու մասին արեւմտահայերէն պատմելու փորձը նախ եւ առաջ մեր միտքին, ապա եւ գեղարուեստին մէջ համայն հայութեան հայրենիքը կապանքներէ ազատ եւ միասնական տեսնելու արարք մըն է։ Ոչ միայն հեղինակները, այղ եւ անոնց հերոսները կը մտածեն եւ կը խաւսին արեւմտահայերէն՝ այդպէս հայրենի հողին հետ մեկտեղ պաշտպանելով նաեւ լեզուն եւ ջնջելով ներազգային սահմանները։ Լեզուի միջնորդութեամբ սփիւռքը գոյութենական սա պայքարին գործուն մասնակիցը կ’ըլլայ անհատապէս։
Պզտիկ սա պատմուածքներուն մէջ գեղարուեստական մտածողութեան տպաւորիչ կտորներ կան, որոնք յիշուող վրձնահարուածներ են պատերազմի ենթապատկերին վրայ. «Փոքրիկ տախտակը կ’ազդարարէր.՝ «Փրկիչ ընկոյզներ։ Ամէն ընկոյզ փամփուշտ մըն է»։ Սա գրութիւնը սիրոյ եւ ջերմութեան փամփուշտի մը պէս դիպաւ ամէն անցորդի սիրտին։ Հատ առ հատ վաճառեց Վահէն ընկոյզները»[3]։
Պատումները խորհրդաւոր աշխարհի գոյութեանը կը հաւատացնեն եւ կը վստահեցնեն, որ ոչինչ կը կորսուի տիեզերքին մէջ։ «Ամէն գիշեր, երբ աստղերը կը ժողվուին երկինքը, հազարաւոր զինուորներու երազանքներ յուշիկ[4] կ’արթննան…»[5]։
Պատմուածքները տոգորուն են այնպիսի գաղափարներով, որոնցմով գոյատեւած եւ վերապրած է ազգը։ Անհրաժեշտ է ընդգծել եւ ուշ առնել զանոնք։ Գեղեցիկ եւ ճշմարիտ միտքերով զարդարուն էջեր պիտի գտնենք հոն, ինչպէս լեզուի մասին սա պզտիկ դրուագն է. «Ալէնին բանակային ընկերները հարցուցած էին, թե ինք ինչու երբեք չի հայհոյեր, եւ ան պատասխանած էր, թե հայերէնը չափազանց գեղեցիկ լեզու է, զայն հայհոյելու համար գործածելը աններելի մեղք ըլլալու է»[6]։ Կամ ալ այս մեկը. «Ալէնը կը յարգէր կիները, կը խոնարհէր կնոջ իր կատարելատիպին՝ մաւրը առջեւ, եւ որոշած էր գիրք մը գրել իր մաւրը մասին։ Ան կ’ըսէր, որ կանայք՝ յատկապէս իր մայրը, շատ ուժեղ են»[7]։
Եւ քան զի գրականութիւնը կոչուած է ճամբայ ցուցանելու, կեանքի ամուր հիմերը մատնանիշ ընելու, փապուղիին[8] ծայրը նշմարուող փրկարար լոյսին ուշ հրաւիրելու եւ դէպի զայն ընթացողի ճշմարիտ ուղեկիցն ըլլալու, ուստի ձեռքերնիս գրիչ առնելէն պիտի պատասխանատու զգանք ինքզինքնիս կենաց ճշմարտութիւններ մատուցելու համար միայն եւ երբեք չկորսնցնենք արդարութեան կշռաքարերը, որ համամարդկային արժէքներ են։ «Ես հասկցայ, որ տղան ճիշդ էր, ան արիւնին ձայնէն առաջ արդարութեան հզաւր կանչը կը լսէր։ Ուրեմն կրցած եմ անոր ձեռքը բռնած ճիշդ ճամբով քալեցնել, կրցած եմ անոր սիրտին ականջը բաց պահել ճշմարտութեան հանդէպ»[9]։
Գրականութիւնը Մարդու համար առաւել բարձր նշաձողեր կը սահմանէ, եւ ուրեմն երեւոյթներն ու իրերը աւելի վերէն քննելու պէտք ունի. անկէ ամէն բան աւելի յստակ ու պարզորոշ կ’երեւի։ «Հարկ է կռուիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փափաքին ոչնչացնել զքեզ ու տիրել հայրենիքդ, ջնջել մշակոյթդ։ Սակայն երբեք չես տենչալու բնաջինջ ընել թշնամւոյդ ազգը՝ մանուկէն ծեր։ Աւր մը անոնք ոտք պիտի կոխեն մշակութային սանդուղքին նոր աստիճանին վրայ, եւ այնժամ մենք պիտի շիտակ քալեցնենք զանոնք»[10]։
Մենք ամէնէն լուսաւոր մեր երազանքները պիտի նախանկարենք, պիտի պարզենք զանոնք այղոց երեւակայութեան, վարակիչ պիտի դարձնենք բարձրաթռիչ գաղափարները՝ վստահ, որ երազանքները նիւթեղինանալ կը տենչան, եւ աւր մը յանկարծ պիտի յայտնաբերենք մեր երազանքը իրականացած…
Աւր մըն ալ միասին դէպի մեր լեզուին բազմախաւս ակունքը պիտի երթանք՝ կենդանի ջուր առնելու, դէպի դասական հայերէնը՝ գրաբարը, որ իր գանձերը դարերու ընդմէջէն անցուցած՝ փրկարար իր ուժերուն ապաւինողներուն կը սպասէ։
Բարի երթ մեր երազանքին, բարի երթ մեր սա գիրքին եւ գոհութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած են ազգային մեծ երազանքներէն պզտիկ տեսիլ մը իրագործելու… Աւրհնուած են անոնք յաւիտեան։
Լուսինէ Աւետիսեան
բանաստեղծ, գրականագէտ, գրաբարագէտ,
բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու,
«Հայ միտքի դպրոց» հայագիտական
կեդրոնին ղեկավար
Ծանօթ. Գրութեան կերպը։ Գիրքին մէջ վերականգնուած է մաշտոցեան ուղղագրութիւնը, որ կը յենուի հնագոյն մատենագիտական տուեալներու վրայ։ Այդ ուղղագրութեան առաջնորդող սկզբունքները շարադրուած են Լուսինէ Աւետիսեանին «Երբ յայտածուում է մաշտոցեան տրամաբանութիւնը» գիրքին մէջ (2018)։ Քանի մը կէտեր.
* Աւտարամուտ Օ տառը վերստին «աւ» երկբարբառով փոխարինուած է։
* Հնագոյն ձեռագիր վկայութիւններու մէջ «թե, եթե» շաղկապները բացառապէս Ե-ով կը գրուին, եւ ասոր հիմնաւորումը նոյնպէս տրուած է նշեալ գիրքին մէջ։ Զայն բացատրող հանգամանքներէն մեկը «ահա, ապա, սա, դա, նա» բառերու գրութիւնն է, որոնք կը մերժեն եզրափակիչ Յ-ն։
* գեւղ, ճեւղ, մեւս, աղբեւր, ալեւր, առեւծ, հարեւր եւ քանի մը ուրիշ բառերու մէջ բաղաձայնէն առաջ «եւ» երկբարբառը Ոսկեդարու շրջանին հաւանաբար հնչած է [յո], ինչպէս «եւթն» բառի մէջ, յետագային հնչման փոփոխութեան պատճառով այս բառերու վրայ եւս տարածուեր է «իւ» երկբարբառը։
* Հնագոյն մատեաններու մէջ Լ հնչող շարք մը բառեր գրուած են Ղ-ով՝ այղ, քայղ, փայղ, անդուղ եւ այղն։ Արմատներն անկորուստ եւ ճանչնալի պահպանելու համար հարկ կը համարենք գրել բառերն իրենց նախաձեւով։ Թե եւ բառացանկերու եւ սկզբունքներու ճշգրտումի ճանապարհ դեռ պիտի անցնինք, սակայն փունջ մը բառերու գրութեան նախակերպը կը մատուցենք՝ աչքերը ընտելացնելու համար։ Այսաւր ունինք՝ «այլ», բայց նոյն արմատէն կազմուած «աղաւաղել», «աղամող», «փայլ» եւ «փաղփիւն», «նշոյլ» եւ «նշողումն», «թոյլ» եւ «թողտուութիւն», կամ հակառակ սա պատկերը՝ «աղ», բայց «անալի», որ ըլլալու էր «անաղի», «մառախուղ», բայց «մառախլապատ», որ անկորուստ պիտի ըլլար «մառախղապատ» եւ այղն։
[1] Քայղ — կարդալ «քայլ»։ Հնագոյն մատեաններու մէջ Լ հնչող շարք մը բառեր գրուած են Ղ-ով՝ այղ, քայղ, փայղ, անդուղ եւ այղն։ Արմատներն անկորուստ եւ ճանչնալի պահպանելու համար հարկ կը համարենք գրել բառերն իրենց նախաձեւով։ Թե եւ բառացանկերու եւ սկզբունքներու ճշգրտումի ճանապարհ դեռ պիտի անցնինք, սակայն փունջ մը բառերու գրութեան նախակերպը կը մատուցենք՝ աչքերը ընտելացնելու համար։ Այսաւր ունինք՝ «այլ», բայց նոյն արմատէն կազմուած «աղաւաղել», «աղամող», «փայլ» եւ «փաղփիւն», «նշոյլ» եւ «նշողումն», «թոյլ» եւ «թողտուութիւն», կամ հակառակ սա պատկերը՝ «աղ», բայց «անալի», որ ըլլալու էր «անաղի», «մառախուղ», բայց «մառախլապատ», որ անկորուստ պիտի ըլլար «մառախղապատ» եւ այղն։
[2] Անձնաւրինակ — անձնական աւրինակին վրայ հիմնուած (հեղինակային նորաբանութիւն)։
[3] Անժելա Մկրտչեան, «Կախարդական ընկոյզները», «Նոր հերոսապատում», էջ 24։
[4] Յուշիկ — հանդարտ, մեղմ, դանդաղ
[5] Ինգա Քալանթարեան, «Աստղերու մէջ պահուած երազանքներ», «Նոր հերոսապատում», էջ 33։
[6] Լիաննա Գրիգորեան, «Վերջին ելոյթը», «Նոր հերոսապատում», էջ 36-37։
[7] Նոյն տեղը, էջ 36։
[8] Փապուղի — թունել
[9] Լիաննա Գրիգորեան, «Շիտակ քալել եւ քալեցնել», «Նոր հերոսապատում», էջ 56։
[10] Նոյն տեղը։
Գիրքի բովանդակութեան պատմուածքներէն նմոյշ մը կարելի է լսել սեղմելով հետեւեալ կապին վրայ.