Սիրելի՛ Սեւակ,
Բարի լո՜յս վիրաւոր Հայրենիքէն:
Նախ՝ կ՛ողջունեմ Ռուբինա Օհանեանի հետաքրքրական առաջարկը՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մէջ ընթերցողները ներկայացնեն ուրիշներու ընթերցել յանձնարարած գիրքերու անուններ: Ցանկը հրապարակած էք 19 փետրուարի թիւին մէջ:
Ցանկը մանրամասն կարդալէ ետք, հետեւեալ պատկերը պարզուեցաւ.
— Յանձնարարելի գիրքերուն լեզուները (բացի մէկ գիրքի անունէ) երեքն են՝ հայերէնը, անգլերէնը եւ սպաներէնը (վերջին լեզուով գիրքերը յանձնարարած է Արժանթին ապրող Սերխիօ Նահապետեանը միայն): Ուշագրաւ է, որ ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն ՈՉ ՄԷԿ ԳԻՐՔ յիշատակուած է, իսկ արաբերէն՝ միայն մէկ հատ, թէեւ արաբ-լիբանանցի հեղինակներու (Ճըպրան Խալիլ Ճըպրան, Ամին Մաալուֆ) անգլերէն գիրքեր նշուած են: Պատասխանողներուն մեծ մասը մշտապէս կ՛ապրի Լիբանանի մէջ եւ արաբերէնը շատ լաւ գիտէ. Լիբանան՝ արաբական երկիր եւ յանձնարարելի ՄԷԿ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԳԻՐՔ… Շա՜տ հետաքրքրական փաստ է:
— Պատասխանած 44 հոգիէն 13 հոգին (30 տոկոսը) ՀԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ յանձնարարած է ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ԱՆԳԼԵՐԷՆ գիրքեր: Ասիկա ՄԵԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ է եւ ցոյց կու տայ, թէ համաշխարհայնացում կոչուած հրէշը ինչպիսի աւեր գործած է ու կը շարունակէ գործել հայութեան մէջ: Այս տոկոսը առնուազն ենթադրել կու տայ, թէ այդ յանձնարարողները ընդհանրապէս հայերէն գիրք չեն կարդար, այլապէս յանձնարարելի շատ հրատարակութիւններ պիտի գտնէին մեր գրականութեան մէջ ալ: Ցաւս շատ աւելի մեծ է, որ միայն անգլերէն գիրքեր յանձնարարողներու մէկ կարեւոր մասը իր կրթութիւնն ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին, այնուհետեւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ՝ աշակերտելով, անուղղակիօրէն, հայերէնապաշտ Վահան Թէքէեանին, եւ ուղղակիօրէն, նոյնպէս հայերէնապաշտ մեծութիւններ Գերսամ Ահարոնեանին, Վահէ-Վահեանին, Օննիկ Սարգիսեանին եւ միւս երախտաւորներուն: Նկատելի է նաեւ, որ միայն անգլերէն գիրքեր յանձնարարողներուն մ մեծ մասն ալ կա՛մ ՌԱԿ-ի անդամ է, կա՛մ համակիր շրջանակի մաս կը կազմէ:
Վերոյիշեալ փաստերէն կարելի է եզրակացնել, թէ հայերէնն ու հայկական ինքնութիւնը անընդհատ նահանջի մէջ են սփիւռքի մէջ, նոյնիսկ՝ վերջինիս հայատրոփ ամրոցը յայտարարուող Լիբանանի մէջ, նոյնիսկ Հայ Դատէ, հայապահպանումէ եւ այլնէ խօսող կուսակցական ու համակիր շրջանակներու մէջ:
Այս բոլորը պէտք է լուրջ հետեւութիւններու յանգեցնեն մեր պետական, կուսակցական եւ կրթական շրջանակները՝ անշուշտ եթէ անոնք ԻՍԿԱՊԷ՛Ս մտահոգուած են հայութեան յարատեւութեան գերխնդիրով:
Յարգանքներով՝
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Երեւան
Ծանօթ. Պէտք է նկատի ունենալ, որ յանձնարարողները՝ գիտական ուսումնասիրութեան մը յատուկ՝ ճշգրիտ կերպով ընտրուած ներկայացուցչական օրինակ (representative sample) չեն հանդիսանար: Այսուամենայնիւ, թերթիս սիրելի բարեկամ՝ Գէորգ Եազըճեանին նամակին վերջաբանը, աւելի քան դիպուկ է: Ամէն պարագային, նշեալ կողմերը լրջութեամբ պէտք է մօտենան անոր մէջի թելադրութեան – Խմբ: