Ազգային Ազատ Հոսանքի նախագահ եւ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կազմուելիք կառավարութեան անդամներուն համար նկատի առնուած 18 թիւը բարձրացնել 20-ի կամ 22-ի: Այս կոչը կրնայ լուրջ չընդունուիլ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ, որ կը պնդէ, թէ կողմերէն ոչ մէկը վեթոյի իրաւունք պէտք է ունենայ ձեռք ձգելով մէկ երրորդէն մէկ հոգի աւելի թիւ:
Պասիլ հերքեց այն ամբաստանութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահը կամ ինք արգելք կը հանդիսանան կառավարութեան կազմութեան: