Դատաւոր Թարէք Պիթար Ուրբաթ օր նշանակուեցաւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումը հետաքննող դատաւոր: Ան պիտի փոխարինէ իր նախկինը, որ յանդուգն որոշումներու հանգած էր, որ սակայն քաղաքական ճնշումներու պատճառով չկրցաւ յառաջ տանիլ:
Արդարեւ նախկին դատաւոր Ֆատի Սաուանի հեռացուիլը հետաքննութիւնները վերադարձուցին իրենց նախնական կէտին:
Զոհերուն ընտանիքները երկրորդ օրն ըլլալով բողոքի ցոյց կազմակերպեցին դէմ արտայայտուելով դատաւորի փոխարինման որոշումին: